Աւստրալիա գտնուող` Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարան:
Ան այդտեղ հանդիպումներ ունեցած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբին հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: Ներկայ էր նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան:
Հանդիպումը կը նախագահէր խորհրդարանի անդամ, Աւստրալիա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ճոնաթան Օ՛Տեան: Արա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանին Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողքին կանգնելու համար` ճանչնալով անոր անկախութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է յատկապէս Ճոնաթան Օ՛Տեային, Հիւ Մաք Տերմոդին, Տամիեն Թիւտհոփին մէկ ամիս առաջ խորհրդարանին մէջ Սումկայիթի ջարդերու 30-ամեակին առիթով ունեցած ելոյթներուն համար:
Արա Յարութիւնեան եղած է նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգային խորհրդարանի յարակից Խաղաղութեան այգիին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին: 1997-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր որոշումը վերահաստատած է 2013 թուականին:
Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը հոկտեմբեր 2012-ին ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
aztagdaily.com







