Կլենտէյլի Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Քաղաքին Մէկ Թաղը «Արցախ» Անուանելու Որոշումը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ Մարտ 13ի երեկոյեան միաձայնութեամբ վաւերացուած այն որոշումը, որուն շնորհիւ քաղաքին Մերիլենտ թաղին մէկ հատուածը (Հարվըրտի եւ Ուիլսընի միջեւ) «Արցախ» պիտի կոչուի։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը զօրակցած էր նշեալ թաղը Արցախի Հանրապետութեան ի պատիւ կոչուելուն գծով տարուող ջանքերուն, եւ յանձնախումբի համայնքային հարցերու պատասխանատու Մարկարիթա Պաղտասարեան դրուատեց Մերիլենտ թաղը ընտրելու որոշումը՝ դիտել տալով, որ անիկա կը գտնուի բանուկ եւ արուեստներով ու ժամանցի կարելիութիւններով հարուստ շրջանի մը մէջ, ուրկէ կ՛անցնին օրական հազարաւոր քաղաքացիներ եւ այցելուներ։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը շեշտէ, թէ քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը միայն առաջին քայլն է այդ անուանումը իրականացնելուն մէջ, որ կրնայ քանի մը ամիս տեւել, որովհետեւ պէտք է նախ վաւերացուի քաղաքի կարգ մը բաժանմունքներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նամակային սպասարկութեան կողմէ։

asbarez.com

Տպել Տպել