Խմբապետ Մուշեղ (Աւետիսեան, 1887-1956). ­Սաս­նոյ ֆե­տա­յա­կան սե­րուն­դին ան­կեղծ զի­նո­ւորն ու քա­ջա­րի խմբա­պե­տը

Հայ ժո­ղո­վուր­դի անձ­նու­րաց քա­ջոր­դի­նե­րու եւ ա­ռաս­պե­լա­տիպ հե­րոս­նե­րու ֆե­տա­յա­կան փա­ղան­գին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ իր տե­ղը ու­նի ­Սաս­նոյ ­Խիանք գա­ւա­ռի ծնունդ Ա­ւե­տի­սեան ­Մու­շե­ղը, որ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցաւ իբ­րեւ Խմ­բա­պետ ­Մու­շեղ։
Մարտ 19ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան 62րդ տա­րե­լի­ցը սա­սուն­ցի ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու այս ար­ժա­նա­ւոր խմբա­պե­տին, ո­րուն մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու բախ­տը ու­նե­ցած էր սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ­նե­րէն Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեան՝ իր «Ե­րա­զա­յին Հա­լէ­պը» գոր­ծին մէջ վկա­յե­լու հա­մար.-

«Հս­կայ մար­մին մը, վրան ա­ռիւ­ծի գլուխ մը եւ եր­կու աչ­քեր, լեռ­նա­յին լճակ­նե­րու պէս խա­ղաղ ու վճիտ աչ­քեր։ Ա­մէն ինչ այդ աչ­քե­րուն մէջ է։ Իր մտա­ծում­նե­րը, զգա­ցում­նե­րը, ապ­րում­նե­րը հոն են, այդ աչ­քե­րուն մէջ, ո­րոնց թա­փան­ցիկ պայ­ծա­ռու­թեան մէջ կը կար­դաս իր պար­զու­նակ հո­գին։ ­Հո­գի մը, որ ծալ­քեր չու­նի, ներ­քին ա­լե­կո­ծում­ներ եւ բար­դու­թիւն­ներ չի ճանչ­նար, այլ ան­մեղ մա­նու­կի աչ­քե­րով կը դի­տէ աշ­խար­հը, զար­մա­ցած եւ զար­մա­նա­լու միշտ պատ­րաստ։

«Ուս­ման բա­րիք­նե­րը, ինչ­պէս եւ չա­րիք­նե­րը ան­ծա­նօթ են իր ու­ղե­ղին, որ դեռ մա­քուր է, կա­ւի­ճէն չա­ղար­տո­ւած գրա­տախ­տա­կի մը պէս։ ­Մես­րո­պեան տա­ռե­րը հե­գե­լու ժա­մա­նակ չէ ու­նե­ցած։ Իր կոշ­կո­ռած ձեռ­քե­րը հա­զիւ սոր­ված են գու­թա­նին մա­ճը բռնել, ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ հինգ մատ­նե­րով գրկե­լու հա­մար հրա­ցա­նին պող­պա­տը։ Ու­րիշ գործ չի գի­տեր, չէ ու­նե­ցած։ Ո՛չ ար­հեստ, ո՛չ ու­սում։
«Իր սպի­տակ նժոյ­գով եւ հրա­ցա­նով պատ­մու­թեան ան­ցած եւ այն­տեղ ալ մնա­ցած՝ խմբա­պետ ­Մու­շե­ղը հի­մա պար­զա­պէս ե­ղած է ըն­կեր ­Մու­շեղ մը, ո­րուն հետ կը նստինք, կը խօ­սինք, կը խօ­սեց­նենք։ ­Խօ­սիլ շատ չի սի­րեր, մա­նա­ւանդ իր մա­սին։ Եւ մեր պա­տա­նե­կան ան­յա­գուրդ ծա­րա­ւին գո­հա­ցում տա­լու հա­մար է, որ եր­բեմն կը զի­ջի պատ­մել դրո­ւագ մը։

«– Այդ­տեղ՝ տղեր­քը իս­կոյն դիրք գրա­ւե­ցին։ Տ­ղա­նե­րէն մէ­կը ծանր վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ, ինչ որ կա­տա­ղու­թեան հաս­ցուց ըն­կեր­նե­րուն զայ­րոյ­թը եւ գրո­հի ան­ցան, փա­խուս­տի մատ­նե­լով թշնա­մին։

«­Միշտ տղերքն էին, տղա­նե­րը, ինք չկայ։ ­Միշտ կը խօ­սի եր­րորդ դէմ­քով։ Ան­գամ մը միայն շե­ղում ու­նե­ցաւ.– «Այդ կռի­ւին, նե­րո­ղու­թիւն սրա հա­մար, ձիս զար­նո­ւե­ցաւ»։ Անձ­նա­կան այդ միակ յի­շա­տա­կու­թեան հա­մար – ­նե­րո­ղու­թի՜ւն…»։

1887ին ծնած՝ ­Մու­շեղ կը պատ­կա­նէր ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի միջ­նա­բերդ ­Տա­րօն Աշ­խար­հը ըմ­բոս­տաց­ման եւ պայ­քա­րի հա­նած անն­ման ­Ֆե­տա­յի­նե­րու երկ­րորդ սե­րուն­դին։ ­Մա­նուկ տա­րի­քին ա­կա­նա­տես դար­ձաւ 1894-1895ի ­Սաս­նոյ ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թեան, կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն տա­րա­ծած մահ ու սար­սա­փի մթնո­լոր­տին մէջ եւ, «Ս. ­Կա­րա­պետ» վան­քի ու Մ­շոյ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ յե­ղա­փո­խա­շունչ ու­սու­մի տի­րա­նա­լով՝ պա­տա­նի տա­րի­քէն սնա­նե­ցաւ ու ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ ­Սե­րոբ Աղ­բիւր­նե­րու եւ Հ­րայր Դ­ժոխք­նե­րու, Անդ­րա­նիկ­նե­րու եւ ­Գէորգ Չա­ւուշ­նե­րու յանդգ­նու­թեան, ա­րու­թեան եւ անձ­նա­զո­հու­թեան օ­րի­նա­կով։

Սաս­նոյ երկ­րորդ եւ եր­րորդ ապս­տամ­բու­թեանց շրջա­նին, 1904ին եւ 1907ին, ­Մու­շեղ ար­դէն ան­դա­մագ­րո­ւած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ աշ­խոյժ մաս­նա­կից էր ֆե­տա­յա­կան կռիւ­նե­րուն։ Ե­րի­տա­սարդ իր այդ տա­րի­քէն ­Մու­շեղ գրա­ւեց ու­շադ­րու­թիւ­նը ­Ռու­բէն Տէր-­Մի­նա­սեա­նի, ո­րուն վստա­հո­ւած էր ­Տա­րօն Աշ­խար­հի յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­մը ու­ժե­ղաց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, ­Ռու­բէ­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, Մու­շեղ ան­ցաւ ­Տիգ­րա­նա­կերտ եւ լծո­ւե­ցաւ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծին։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ան­կեղծ ­Զի­նո­ւո­րի իր կեր­պա­րը այդ­պէ՛ս ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ ամ­րապն­դո­ւե­ցաւ։

Երբ Իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ա­մէ­նուր խան­դա­վա­ռու­թիւն կը տի­րէր ա­զա­տու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան խոս­տում­նե­րուն նկատ­մամբ, խմբա­պետ ­Մու­շեղ թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ ըն­կա­լեց ե­րե­ւու­թա­կան այդ «ա­զա­տու­թիւն­ներ»ը։ Ընդ­հա­կա­ռա­կն՝ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Տա­րօ­նի հա­յու­թեան դի­մադ­րա­կան կո­րո­վը վառ պա­հե­լու, զէն­քե­րը վար չդնե­լու եւ յո­ռե­գոյ­նին՝ ա­րիւ­նա­լի պա­տու­հա­սին կազ­մակեր­պա­կա­նօ­րէն պատ­րաստ գտնո­ւե­լու տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քին, ­Ռու­բէ­նի իսկ խրա­խու­սան­քով եւ յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։

Այդ շրջա­նին էր, նաեւ, որ ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի ա­ռաս­պե­լա­տիպ քա­ջե­րէն ­Կո­րիւ­նի հետ, ­Մու­շեղ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի, որ իբ­րեւ կրթա­կան հսկիչ եւ ու­սու­ցիչ ­Պո­լի­սէն ա­ռա­քո­ւած էր գա­ւառ­նե­րը։ Այդ ճամ­բով էր, որ գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս ­Տա­րօ­նի Աշ­խար­հը թէ՛ հո­գեմ­տա­ւոր, թէ՛ զի­նու­մի ա­ռում­նե­րով նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նին հետ օր­հա­սա­կան ճա­կա­տու­մին։

1915ին, ­Տա­րօ­նի հա­յու­թեան վե­ցամ­սեայ հե­րո­սա­մար­տին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, Մու­շեղ դար­ձաւ շրջա­նի զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեան գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը՝ հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան մեծ ա­ւանդ նո­ւա­ճե­լով։
Իսկ 1916էն 1917, ռու­սա­կան զօր­քե­րու հետ հայ կա­մա­ւո­րա­կան ջո­կատ­նե­րուն Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մուտ­քէն ետք, իբ­րեւ Խ­նու­սի ձիա­ւոր գու­մար­տա­կի հրա­մա­նա­տար, Խմ­բա­պետ ­Մու­շեղ մնաց ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն վրայ եւ շա­րու­նա­կեց քրտա­կան ու թրքա­կան սան­ձար­ձա­կու­թեանց են­թա­կայ հա­յու­թեան բե­կոր­նե­րը հա­ւա­քե­լու եւ փրկե­լու սրբա­զան ­Գոր­ծը։

Այ­նու­հե­տեւ, ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան պար­պու­մէն ու Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան գաղ­թէն ետք, 1917էն 1920, զէն­քի իր հին ըն­կե­րոջ՝ Փե­թա­րայ ­Մա­նու­կի հետ, ա­պա ա­նոր նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք ա­ռան­ձինն՝ ­Մու­շեղ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ մեծ գործ կա­պեց իր ա­նու­նին, ­Թա­լի­նի ամ­բողջ շրջա­նը թա­թար­նե­րէն մաք­րա­գոր­ծե­լով եւ ­Սա­սու­նէն ու ­Մու­շէն գաղ­թած հա­յու­թիւ­նը հոն բնա­կեց­նե­լով։

Ինչ­պէս որ Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեան իր վկա­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լով կ­’ընդգ­ծէ՝

«­Մու­շե­ղին իս­կա­կան գոր­ծը, մեծ գոր­ծը, ­Կով­կա­սի մէջ էր, ­Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին։ Հա­յաս­տա­նը հա­յաց­նող հե­ծեալ մար­տիկ­նե­րու ջո­կա­տին խմբա­պետն էր։ Սա­սուն­ցի­նե­րու այդ գու­մար­տա­կը, թի­ւով 200 հո­գի, զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թե­նէն ան­ջատ միա­ւոր մըն էր, որ դրո­ւած էր ուղ­ղա­կի պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար ­Ռու­բէ­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ։

«– Գ­րա­ւոր կամ բե­րա­նա­ցի հրա­ման տա­լու պէտք չու­նէի ­Մու­շե­ղին,– կ­՚ը­սէր ­Ռու­բէն։ Սե­ղա­նիս բա­ցուած ­Հա­յաս­տա­նի քար­տէ­սին վրայ թուղ­թէ պզտիկ դրօ­շակ­ներ կը դնէի եւ բարձ­րա­ձայն կը կար­դա­յի նշո­ւած թրքա­կան գիւ­ղին կամ ա­ւա­նին ա­նու­նը։ ­Մու­շե­ղը կը հասկ­նար ու կ­’եր­թար։ Ին­ծի զե­կոյց տա­լու պէտք չու­նէր։ ­Գի­տէի թէ ճշդո­ւած վայ­րը մաք­րո­ւած է»…

Իսկ Խմ­բա­պետ ­Մու­շեղ ինք, այդ շրջա­նի իր գոր­ծու­նէու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով, իր յու­շե­րուն մէջ կը պատ­մէ.-
«… Ինչ որ ա­մէ­նէն մտա­հո­գիչն էր, Ե­րե­ւա­նի եւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի շրջան­նե­րուն մէջ լա­ւա­գոյն հո­ղե­րու վրայ նստած էին թուրքն ու թա­թա­րը, երբ ան­դին, ցուր­տին եւ ա­րե­ւին տակ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յեր են­թա­կայ էին ա­մէն տե­սակ զրկանք­նե­րու եւ կը մա­հա­նա­յին հա­րիւր­նե­րով ու հա­զար­նե­րով։

«­Թա­լի­նի բեր­դը ռազ­մա­կան բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր մեր փոքր երկ­րին հա­մար. Ա­նի­կա ոչ միայն կ­’իշ­խէր Էջ­միած­նի եւ Աշ­տա­րա­կի վրայ, այլ նաեւ տե­ւա­կան սպառ­նա­լիք մըն էր Ե­րե­ւա­նի հա­մար: ­Հե­տա­գա­յին, երբ ­Սար­դա­րա­պա­տի կռիւ­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան, այն ա­տեն միայն հասկ­ցո­ւե­ցաւ մեր շարժ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը»։

Խմ­բա­պետ ­Մու­շե­ղի եւ իր ղե­կա­վա­րած սա­սուն­ցի քա­ջա­մար­տիկ­նե­րու ձիա­ւոր գուն­դը ստա­ցած էին Ա­րա­մի հա­մա­ձայ­նու­թիւնն ու օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը եւ ա­րա­գօ­րէն կը պատ­րաս­տո­ւէին «պա­պե­նա­կան այդ հո­ղե­րը վե­րագ­րա­ւե­լու»։ ­Վե­րա­կազ­մեալ սա­սուն­ցի­նե­րի գուն­դը դա­սա­ւո­րո­ւած էր 10 յի­սու­նեակ­նե­րով.
— «­Գի­տէինք այն դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը,- կը շա­րու­նա­կէ պատ­մել Խմ­բա­պետ ­Մու­շեղ,- ո­րոնց պի­տի հան­դի­պէինք ­Թա­լի­նի բեր­դը գրա­ւե­լու հա­մար: ­Ռու­բէն մե­զի տո­ւած էր յար­ձակ­ման ընդ­հա­նուր յա­տա­կա­գիծ մը…

«­Յա­ջորդ օր բո­լոր պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վեր­ջա­ցած էին: Ի­րի­կու­նը ճամ­բայ պէտք էր իյ­նա­յինք, ար­շա­լոյ­սին հաս­նե­լու հա­մար Ա­լա­գեազ:
«­Մեր ե­րե­ւու­մը տպա­ւո­րիչ դարձ­նե­լու հա­մար, կռո­ւող ու­ժե­րուն պի­տի միա­նա­յին քա­ռա­պա­տիկ թի­ւով մար­դիկ:

«Ի­րի­կո­ւան դէմ ամ­բողջ Ա­լա­գեա­զը մաք­րո­ւած է թշնա­մի­նե­րէն: ­Ժո­ղո­վուր­դը հետզ­հե­տէ կը սկսի հաս­նիլ ու տե­ղա­ւո­րո­ւիլ թշնա­միին լքած գիւ­ղե­րուն մէջ։ ­Թա­թար­նե­րու լքած պա­շա­րին ու ա­նա­սուն­նե­րուն բաշ­խու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ, ար­դար կեր­պով, գաղ­թա­կան­նե­րուն մի­ջեւ»։
Ա­լա­գեա­զի գիւ­ղե­րու ա­զա­տագր­ման ու հա­յաց­ման այդ փրկա­րար ու հե­րո­սա­կան քայ­լը ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն հռչա­կո­ւե­ցաւ 1926 թո­ւին, ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, երբ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ բե­մադ­րե­ցին «­Դաշ­նակ­ցու­թեան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը»։ Իսկ ի պա­տաս­խան այդ մե­ղադ­րան­քին, «­Սա­սուն­ցի պ. ­Սի­նո­յեա­նը մէկ պարզ պա­տաս­խան կու­տար դա­տա­ւո­րին.- «­Տուն չու­նէինք բնա­կո­ւե­լու եւ հաց չու­նէինք ու­տե­լու: ­Թուր­քե­րը ­Սաս­նոյ եւ Մ­շոյ մէջ գրա­ւած էին մեր տու­նե­րը եւ նստած էին մեր հա­ցին վրայ։ ­Մենք ալ քշե­ցինք այս տե­ղի թուր­քե­րը՝ տուն եւ հաց ու­նե­նա­լու հա­մար»։

Խմ­բա­պետ ­Մու­շե­ղի վեր­ջին խո­յան­քը հան­դի­սա­ցաւ 1921ի ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան յաղ­թա­նա­կը։ ­Սա­սուն­ցի իր քա­ջա­գործ մար­տիկ­նե­րուն գլուխն ան­ցած՝ խմբա­պետ ­Մու­շեղ ե­ղաւ ­Փետ­րո­ւար 18ի հա­կա­պոլ­շե­ւի­կեան ըմ­բոս­տաց­ման ա­ռա­ջին ազ­դան­շա­նը տո­ւող­նե­րէն մէ­կը՝ Էջ­միա­ծի­նէն ու Աշ­տա­րա­կէն վտա­րե­լով կար­միր ջո­կա­տա­յին­նե­րուն ա­պա­ւի­նած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը։

Այ­նու­հե­տեւ՝ Ատր­պա­տա­կան ան­ցած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ, Խմբա­պետ ­Մու­շեղ իր կար­գին ցմրուր ճա­շա­կեց տա­րա­գիր հա­յու ճա­կա­տագ­րին դառն բա­ժա­կը։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ ապ­րե­ցաւ ­Յու­նաս­տան, ա­պա՝ ­Հա­լէպ եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ, ուր եւ մա­հա­ցաւ 19 ­Մարտ 1956ին՝ սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով ­Սա­սուն­ցի ­Քա­ջոր­դիի, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ան­կեղծ ­Զի­նո­ւո­րի եւ Ֆե­տա­յա­կան Խմ­բա­պե­տի ո­գե­ւո­րող ու ա­ռաջ­նոր­դող ա­ւանդ մը՝

Հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար մին­չեւ վեր­ջին շունչ անձ­նո­ւի­րա­բար ծա­ռա­յե­լու վա­րա­կիչ օ­րի­նակ մը։

Ն.

Տպել Տպել