Հայ Թեկնածուն Պէտք Է Հայկական Միջավայրը Ներկայացնէ

Հարցազրոյց Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Հետ

ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Կը Յայտարարենք Վաղը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի դերակատարութեան, ընտրական դաշինքներուն, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան գործունէութեան ու ապագայ ծրագիրներուն:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ընտրացանկերու յստակացման ժամկէտը մինչեւ երկուշաբթի, 26 մարտ է` աւելցնելով, որ Մեթնի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմելիք ընտրացանկը, որուն դաշնակից են ՀՅԴ-ն եւ Ղովմի կուսակցութիւնը, կրնայ յստականալ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին:

Երեսփոխանական այս ընտրութիւններուն ընթացքին երեսփոխան Միշել Մըրի հետ գործակցութեան չգոյութեան մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Դժբախտաբար Մեթնի քաղաքական ուժերը համախմբելու եւ համախոհական ընտրացանկով մը ներկայանալու ՀՅԴ-ի նախաձեռնութիւնը յաջողութիւն չգտաւ, հակառակ անոր որ անիկա ՀՅԴ-ի ամբողջական համոզումն ու անկեղծութիւնը մարմնաւորող նախաձեռնութիւն էր»:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ նախաձեռնութիւնը առաջին տարբերակին մէջ կը միտէր Մեթնի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբել, սակայն անիկա անկարելի էր, «հետեւաբար, իր երկրորդ տարբերակով նկատի ունէր համախմբել Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւնները, երեսփոխան Միշել Մըրն ու ՀՅԴ-ն: Սակայն դժբախտաբար կարելի չեղաւ նաեւ նախաձեռնութեան Բ. տարբերակը յաջողցնել, հակառակ անոր որ ՀՅԴ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` երեսփոխան Մըրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ Էլիաս Ապու Սաապի ու երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Էտի Մաալուֆի ներկայութեան»:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Մըր այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Մըրին` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահը երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամուխ չի դառնար:

Հանրապետութեան նախագահին կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամուխ դառնալու ամբաստանութիւններուն մասին «Մանար»-ի հաղորդավարին ընդմիջումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ ինք համոզուած է, որ նախագահ Աուն նման միջամտութիւններ չի կատարեր:

«Մենք երեսփոխան Մըրէն բաժնուեցանք ամենայն սիրով եւ փոխադարձ ըմբռնումով: Երեսփոխան Մըր մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չէ, որ Մեթնի մէջ Դաշնակցութեան թեկնածուն պիտի ձախողեցնէ, որովհետեւ անոր յաղթանակը նաեւ Մըրի յաղթանակն է եւ հակառակը նաեւ ճիշդ է: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը փոխադարձէ երեսփոխան Մըրի տեսակէտները», ըսաւ ան:

Երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկրին մէջ կը տիրէ ընտրական պայքարի մթնոլորտ մը, որուն պատճառով ո՛չ միայն Մեթնի, այլեւ երկրին բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ խաղաքարտերը խառնուած են: «Ընտրական այս օրէնքը ո՛չ քաղաքական դաշինք ձգեց, ո՛չ գաղափարաբանական դաշինքներ ձգեց, ո՛չ կարգախօսներ ձգեց: Քաղաքական բոլոր ուժերը կ՛ուղղուին ապահովելու իրենց շահերը եւ երաշխաւորելու իրենց թեկնածուներուն յաջողութիւնը: Ճիշդ է, որ մենք 1960-ի ընտրական օրէնքը մեղադրեցինք եւ որդեգրեցինք համամասնական ընտրական օրէնքը, որուն արդիւնքները անյստակ են», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնը ժողովրդավարական առումով սահմանադրական կարեւոր հոլովոյթ մըն է, որ պէտք է կատարել:

Մեթնի մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրած Սարգիս Սարգիսը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին մէջ ներառելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ անիկա Ազգային ազատ հոսանքին որոշումն է, «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այլ քաղաքական ուժերու թեկնածուները չ՛առաջադրեր, ինչպէս որ այլ քաղաքական ուժեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թեկնածուները չեն ճշդեր», յայտնեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ ընտրական այս օրէնքը կը պարտադրէ, որ համայնքները իրենց թեկնածուները ընտրեն, այդ ծիրին մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան ընտրելու ՀՅԴ-ի թեկնածուները:

Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր թեկնածուները պիտի յայտարարէ հինգշաբթի, 22 մարտին: «ՀՅԴ-ի առաջադրելիք թեկնածուներէն միայն մէկը կուսակցական է, իսկ մնացեալ թեկնածուները անկուսակցական են: Մենք համոզուած ենք, որ անկուսակցական թեկնածուներով կ՛ապահովենք լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը: Այդ պատճառով ալ պլոքը կը կոչուի Հայկական երեսփոխանական պլոք եւ ոչ թէ Դաշնակցութեան պլոք: Կը մաղթենք, որ այս ընտրութիւններուն կարելի ըլլայ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնել, եւ կը յուսանք, որ այս ընտրութիւններուն 3 կամ 4 երեսփոխան կրնանք ընտրել», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Քաղաքական այլ ուժերու եւ քաղաքացիական ընկերութեան շրջանակներուն կողմէ առաջադրուած հայ թեկնածուներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքն է թեկնածութիւն առաջադրել` աւելցնելով սակայն, որ ՀՅԴ-ի համար կարեւոր է, որ հայ թեկնածուն հայկական միջավայրէն ըլլայ եւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնէ: «Կարելի չէ ընդունիլ, որ թեկնածուն լիբանանահայութիւնը ներկայացնէ, պարզապէս որովհետեւ իր անձնաթուղթին վրայ հայկական համայնքի պատկանելիութիւն կը կրէ: Անտրամաբանական է ընդունիլ թեկնածու մը, որ «Հայր մեր»-ը չի կրնար հայերէնով աղօթել, հայկական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն ծանօթ չէ, հայերէն չի խօսիր եւ հայերէն խօսիլը տկար կէտ կամ բարդոյթ կը նկատէ: Անշուշտ այս տեսակէտները պէտք չէ բացատրել իբրեւ որակաւորումներ, այսինքն` մենք չենք ճշդեր այս կամ այն անձնաւորութեան հայ կամ ոչ հայ ըլլալը: Մենք պարզապէս կ՛ըսենք, որ հայ թեկնածուն պէտք է հայկական միջավայրը ներկայացնէ», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, թէ յստակ է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պիտի գործակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ: «Մինչեւ օրս Մուսթաքպալ հոսանքը հայ թեկնածու չէ առաջադրած, եւ այդ շրջանին մէջ Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացուցչութիւն ունի, եւ իբրեւ Մուսթաքպալ հոսանքի դաշնակից կուսակցութիւնը կը ներկայացուի այդ ընտրաշրջանին մէջ: Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը պիտի ներկայացուի ներկայ երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանով, իսկ ՀՅԴ-ն Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին համար պիտի առաջադրէ երեք թեկնածուներ», ըսաւ ան:

Զահլէի մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Զահլէի պարագային տակաւին 48 ժամուան կարիք կայ` յստակացնելու համար ընտրական դաշինքները: Ան նշեց, որ Զահլէի պարագային հայկական քուէներով կարելի չէ երեսփոխան ընտրել, հետեւաբար պէտք է դաշնակցիլ քաղաքական այնպիսի ուժի մը հետ, որ յաւելեալ քուէներ ունի եւ կրնայ տրամադրել հայ թեկնածուին: «Հետեւաբար պէտք է համաձայնիլ այնպիսի թեկնածուի մը շուրջ, որ բոլորին կողմէ ընդունուած ըլլայ: Կը մաղթենք, որ այս իմաստով համաձայնութիւն գոյանայ», աւելցուց Յ. Բագրատունի:

Քաղաքական ծրագիրներուն եւ ուղեգիծերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ կարելի չէ ժողովուրդին վրայ փիլիսոփայութիւններ կատարել եւ զանոնք խաբել: «Անկարելի է, որ մէկը 10-25 տարի խորհրդարանի անդամ եղած ըլլայ եւ ժողովուրդին իր ներկայացուցած ծրագիրին մէկ յօդուածին մասին իսկ մտածած չըլլայ: ՀՅԴ-ն կը հաւատայ, որ կուսակցութեան ու երեսփոխանին ինքնութիւնը եւ պատմութեան ընթացքին անոր գործունէութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւեն ներկայացուելիք քաղաքական ծրագիրին մէջ: Մենք համոզուած ենք, որ ծրագիրներուն եւ յայտարարուած կարգախօսներուն պարագային համեստութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան` ժողովուրդին խաբելը: Թող ոչ ոք ընտրական նպատակներով խաբէ ժողովուրդը` հասնելու համար խորհրդարան եւ տեսնելու, որ երկրին տագնապալի իրավիճակը փոխելու լուրջ դժուարութիւններ կան եւ հասնելու իրարու հասցէին ամբաստանութիւններ արձակելու իրավիճակին. օրինակ` մէկը կ՛ըսէ, որ Դիմադրութեան զէնքին պատճառով չենք կրնար պայքարիլ փտածութեան դէմ, ուրիշ մը կ՛ըսէ` փտածութեան պատճառով կարելի չէ Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մշակել, իսկ այլ մէկը կ՛ըսէ` Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան չգոյութեան պատճառով չենք կրնար փողոցները կուպրապատել, եւ այլն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան հարցեր, որոնք քաղաքացիին առօրեային մաս կը կազմեն` ճամբաներուն փոսերը, անոնց քանդուած ըլլալու իրավիճակը, աղբերը, որոնց մասին քաղաքացին իրաւունք ունի օրական դրութեամբ բողոքելու եւ պետութենէն լուծում պահանջելու: «Սակայն այս բոլորին զուգահեռ կան պետական հիմնահարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը համայնքային դրութիւնն է, զոր ջնջելու կարելիութիւնները սերտելու համար նոյնիսկ յանձնախումբ մը կարելի չէ եղած կազմել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ոմանք կը վախնան քաղաքացիական պետութեան հիմնումէն, «բայց եւ այնպէս, եթէ մենք կը փափաքինք բան մը փոխել եւ քաղաքացիներուն մտահոգութիւնները փարատել, ապա պէտք է պետութեան հիմնահարցերը լուծել, որովհետեւ անոնք են ժողովուրդին առօրեան յուզող հարցերուն աղբիւրը, փտածութեան եւ այլ չարիքներու աղբիւրը», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն ներկայ իշխանութեան մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ ան իր դերակատարութիւնը ունեցած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մէջ: «Խորքին մէջ այս իշխանութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն իշխանութիւնն է, իսկ հանրապետութեան նախագահը փաստեց հանրապետութեան հզօր նախագահ ըլլալու եւ ժողովրդային առումով հզօր ներկայացուցչութիւն ունենալու իր կարողութիւնը` իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն առումով, ինչպէս որ վարչապետ Սաատ Հարիրի փաստեց, որ ինք սիւննի համայնքին հզօրագոյն հեղինակութիւնն է եւ վարչապետ է, իսկ Նեպիհ Պըրրի շիի համայնքին հզօր հեղինակութիւնն է եւ խորհրդարանին մէջ հաւասարակշռութիւնը կը պահպանէ: Այս պարագային համոզուած կ՛ըսենք, որ եթէ Պըրրի չըլլար խորհրդարանի նախագահը` ներկայ խորհրդարանը ինը տարի չէր կրնար գոյատեւել», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել