Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի պատուիրակութեան հանդիպումները Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Յունիսի երկրորդ կէսին, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեանը այցելեց Վրաստան՝ Թիֆլիս եւ Ջաւախք։ Բոլոր հանդիպումներու ընթացքին Գասպար Կարապետեանին ընկերակցեցաւ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Թիֆլիսի գրասենեակի պատասխանատու Սլավա Մեժտոյանը։

Գասպար Կարապետեան (աջին)՝Վրաստանի Վերահամարկումի նախարարութեան ներկայացուցիչ Նոդար Տանգիշվիլիի հետ

Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի ատենապետը, Պրիւքսէլի մէջ Վրաստանի դեսպանատան միջոցով առնուած ժամադրութիւններով, Թիֆլիսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի Վերահամարկումի (reintegration) պետական նախարարութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը գլխաւորաբար արծարծեց Ջաւախքի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ անոնց լուծում տալու հնարաւորութիւններն ու անհրաժեշտութիւնը։ Շեշտուեցաւ այն ահի մթնոլորտը, որ ստեղծուած է Ջաւախքի մէջ՝ որպէս արդիւնք երկրի իշխանութիւններու եւ յատկապէս անվտանգութեան կառոյցներուն հետեւողական քայլերուն։ Բարձրացուեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ձեւաւորման գործընթացին մէջ՝ ընտրական անհաւասարութիւն հաստատած օրէնքներու փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը։ Յստակ օրինակներով արծարծուեցան այն խոչընդոտները, որոնք կը յարուցուին Ջաւախքի հայութեան առջեւ՝ իր ազգային ինքնութեան պահպանման ընթացքին, սկսած՝ հայերէնը որպէս երկրամասին մէջ պետական երկրորդ լեզու օգտագործելու իրաւունքի բացակայութենէն, մինչեւ՝ կրթութեան բնագաւառին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, մինչեւ վարչական մեքենայութիւնները զանազան կազմակերպութիւններու եւ կամ անոնց սեփականութեան գրանցման հարցերով եւ կամ Հայաստանէն գրականութիւն Ջաւախք մտցնելու հարցով։ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ նաեւ երկրամասի տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ Վրաստանի իշխանութիւններուն կողմէ վարուող խտրական քաղաքականութեան, ներկայացնելով յստակ օրինակներ՝ երբ Սամցխէ-Ջաւախեթի վարչական տարածքի մեծամասնութեամբ հայաբնակ շրջանները՝ Նինոձմինտան ու Ախալքալաքը դուրս կը մնան գիւղատնտեսութեան զարգացման պետական ծրագիրներէ։

Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Գէորգի Նիկոլաիշվիլիի հետ

Վրաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները անդրադարձան արծարծուած հարցերու մեծ մասին, ներկայացուցին իշխանութիւններու տեսանկիւնն ու կատարած աշխատանքները տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ. որոշ պարագաներու ալ՝ խոստացան յաւելեալ քննութիւններ կատարել եւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւնը տալ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին։ Համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակել յարաբերութիւնները եւ հաւանական համագործակցութեամբ քննել կարելիութիւնները լուծումներ տալու առկայ հարցերուն:

Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ատենապետը, անդրադառնալով երկու հանդիպումներուն, յայտնեց, թէ Վրաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն փոխանցած է, որ Հայ Դատի յանձնախումբը, որպէս Եւրոպայի հայութեան քաղաքական տեսակէտները արտայայտող եւ առաջադրանքները հետապնդող կառոյց՝ մտահոգ է Ջաւախքի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ կը փափաքի այդ խնդիրները լուծուած տեսնել, որուն համար ալ պատրաստ է գործակցիլ Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ։

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգեն եպիսկոպոս Միրզախանյանի հետ

Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Թիֆլիսի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, ինչպէս նաեւ Ազգային փոքրամասնութիւններու խորհուրդի համակարգողներուն հետ։ Պատուրիակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ հայ համայնքին մէջ գործօն շրջանակներու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգեն եպիսկոպոս Միրզախանյան, «Վրաստան» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Վրաստանի նախագահի խորհրդական Վան Բայբուրդի[եան], Բազմազգ Վրաստան հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Առնոլտ Ստեփանեան եւ Վրաստանի հայ համայնք հասարակական կազմակերպութեան պատասխանատուներ։ Այս հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցան Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները։

Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը այնուհետեւ մեկնեցաւ Ջաւախք։ Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ Վրաստանի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի Ախալքալաքի գրասենեակի պատասխանատուին հետ։

Հակառակ նախապէս հանդիպումներ կազմակերպելու ճիգերուն, Ջաւախքի մէջ կարելի չեղաւ հանդիպիլ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ոեւէ ներկայացուցչի հետ, ոչ ալ՝ շրջանէն ընտրուած Վրաստանի խորհրդարանի երկու անդամներուն հետ. բոլորն ալ՝ հայազգի։ Թիֆլիսի մէջ եւս, կարելի չեղաւ հանդիպիլ Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորին եւ խորհրդարանական քանի մը յանձնախումբերու ներկայացուչիներու հետ։

Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ատենապետը այս առիթով ըսաւ. «Տարօրինակ է, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ Ջաւախքի տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները փաստօրէն կը խուսափին հանդիպում ունենալ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ. նախորդը՝ անցեալ աշնան Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի պատուիրակութեան այցելութեան ժամանակ էր։ Անկախ այն պատճառաբանութիւններէն, թէ ինչու հանդիպումներ չեն կայացած, փաստը այն է, որ Հայ Դատի յանձնախումբերը Ջաւախքի հայութեան հարցերու մասին կրնան հանդիպիլ Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ, իսկ Ջաւախքի տեղական իշխանութիւններուն հետ՝ ոչ. շատ տարօրինակ եւ անբնական վիճակ է, որուն պատճառները հաւանաբար պէտք է փնտռել Ջաւախքի մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտին մէջ։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ Ջաւախքի մէջ հայազգի նախկին պատգամաւորի հետապնդումն ու անոր մերձաւորի ձերբակալութիւնը նոր սկսած էին Ջաւախք մեր այցելութեան ժամանակ։ Ամենայնդէպս, մենք պիտի շարունակենք Ջաւախքի հայութեան խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ մեր ճիգերը եւ կը յուսանք, որ Ջաւախքի տեղական իշխանութիւնները եւ տեղւոյն ժողովուրդին կողմէ ընտրեալները եւս կը կարենան ի վերջոյ իրենց տեսակէտները մեզի փոխանցել։ Մենք նաեւ պիտի շարունակենք մեր մտահոգութիւնները Վրաստանի իշխանութիւններուն փոխանցել Ջաւախքի մէջ տիրող վախի մթնոլորտի բացասական ու անցանկալի հաւանական հետեւանքներու մասին եւ պիտի ջանանք այդ մթնոլորտին տուն տուող պատճառները վերացնել՝ իրենց եւ Վրաստանի բարեկամ եւրոպական քաղաքական շրջանակներու հետ գործակցաբար, որովհետեւ մեր խնդիրն է մեր հայրենակիցներու վիճակը տեսնել բարելաւուած՝ բարգաւաճող Վրաստանի մէջ։ Բնականաբար, մեր այս աշխատանքները պիտի կը համադրենք Հայ Դատի Ամերիկայի եւ այլ յանձնախումբերու հետ»։

Յիշեցնենք, որ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը աջակցած էր, որպէսզի Մարտ ամսուան ընթացքին, Պրիւքսէլ այցելէ եւ եւրոխորհրդարանի ու Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ ունենայ Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանը։ Այնուհետեւ, Ապրիլ ամսուան սկիզբը, Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը այցելած էր Թիֆլիս եւ գլխաւորաբար հանդիպումներ ունեցած Եւրոպական Միութեան այնտեղի ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու համար Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական պայմանները բարելաւելու հնարաւորութիւնները։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Տպել Տպել