Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան Պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» Մետալով

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 21 մարտի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս օրերուն Լիբանան գտնուելուն համար: Ան նաեւ յայտնեց, թէ իր Լիբանան ներկայութիւնը նաեւ առիթ է քննարկելու համահայկական ու Արցախի հետ կապ ունեցող հարցերը, ինչպէս նաեւ մեծարելու արցախեան պետականութեան կայացման մէջ իրենց նպաստը բերած անձնաւորութիւնները, որոնցմէ մէկն է հայագէտ եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:

Այնուհետեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան կարդաց նախագահական հրամանագիրը` պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը պարգեւատրելու գծով: 30 օգոստոս 2016-ին ստորագրուած հրամանագիրը կը նշէ, որ ղեկավարուելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 68-րդ յօդուածի 17-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու մասին» օրէնքը` հանրապետութեան նախագահը կ՛որոշէ ի նշանաւորումն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին եւ պետական, հասարակական, քաղաքական, իրաւական, կրթական, մշակոյթի եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար «Մխիթար Գոշ» մետալով պարգեւատրել հայագէտ եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը:

Փամպուքեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ յիշեց այն օրերը, երբ ղարաբաղեան շարժումի առաջին փուլին խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն կը տիրէր ժողովուրդին մէջ: Այս շարժումը նոր շունչ եւ խանդավառութիւն հաղորդեց մեր երիտասարդութեան, որ տեսաւ, թէ ինչպէս հայրենիքէն պոկուած մէկ մասին վերադարձին համար էր, որ այս աշխատանքը կը կատարուէր: Երուանդ Փամպուքեան վստահեցուց նախագահ Սահակեանին, որ ինչպէս արցախեան ազատագրական պայքարի ժամանակ, նոյնպէս այսօր լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ սատար կանգնիլ Ղարաբաղին:

Տպել Տպել