ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Յայտարարեց Իր Թեկնածուները «Միասնաբար` Ամբողջ Լիբանանի Համար» Կարգախօսին Լոյսին Տակ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցան ՀՅԴ-ի թեկնածուները, որոնք պիտի մասնակցին 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց Մեթնի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի իր թեկնածուները` աւելցնելով, որ Զահլէի թեկնածուին պարագան տակաւին քննարկելի է:

Թեկնածուներու յայտարարութեան կողքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը` ներկայութեամբ ներկայ եւ նախկին նախարարներու, երեսփոխաններու, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն եւ մեծ թիւով կուսակցականներու:

Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի համար սովորութիւն եւ աւանդութիւն եղած է երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն անունները յայտարարել կատարեալ համեստութեամբ, առանց հսկայ սրահներու եւ բազմութիւններու ներկայութեան, որովհետեւ ՀՅԴ-ն իր ուժը ցոյց կու տայ ընտրութիւններուն օրը:

«Համոզուած ենք, որ 6 մայիսին ՀՅԴ-ի հետեւորդներն ու համակիրները խուռներամ պիտի ուղղուին տասներորդ, քսաներորդ անգամուան համար նաեւ իրենց քուէն տալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, իրենց վստահութիւնը դարձեալ շնորհելու իրենց կուսակցութեան, որ ընտրութենէ ընտրութիւն չէ որ կը հարցնէ իր ժողովուրդին մասին, այլ` միշտ իր ժողովուրդին հետ է եւ մնայուն կերպով իր ժողովուրդին անունով կը խօսի»:

Նախարար Կիտանեան երեսփոխան Բագրատունին բեմ հրաւիրեց` ներկայացնելու համար ՀՅԴ-ի ընտրական ծրագիրն ու թեկնածուները: Ան նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այսպիսով մեկնարկը կը կատարէ իր տեղեկատուական քարոզարշաւին` աւելցնելով, որ ՀՅԴ ընտրամեքենային աշխատանքը յատկապէս գումակային առումով մնայուն աշխատանքի մէջ է ամբողջ տարուան ընթացքին:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Բագրատունի, որ ողջունեց բոլորը` Լիբանանի թէ սփիւռքի մէջ, յայտնելով իր ուրախութիւնը ներկայ բազմութեամբ, որ կ՛արտացոլացնէ Լիբանան հայրենիքը եւ նոր կեանքով ու աւելի յառաջդիմած երկրի մէջ ապրելու յոյսը:

«Քաղաքական կեանքին մէջ մեր գործունէութիւնը պտոյտ մը չէ եղած, այլ` ժողովուրդի մը պատմութիւնը, որ պայքարած է, հալածուած եւ աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ զոհաբերած ամբողջ մարդկութեան բագինին: Մենք այն կուսակցութիւնն ենք, որ իր հիմնուած օրէն զօրակցած է լիբանանեան պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան իրերայաջորդ նախագահներուն, այն ժամանակէն, երբ Լիբանան Արեւելքի Զուիցերիան էր», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, լիբանանահայութիւնը եւս զգացած է, որ ընտրական հին օրէնքները անկարող են արտայայտելու ժողովուրդին փափաքները, յատկապէս երբ քաղաքացիները կը ձգտին յառաջդիմութեան եւ ամէն մակարդակի վրայ արձանագրուելիք բարգաւաճումին` դժգոհելով լիբանանեան պետութեան պարզած իրավիճակէն:

Ան նշեց, որ ընտրութիւններու կազմակերպումին առումով փոփոխութիւնը եւ բարգաւաճումը պահանջուած են քաղաքական եւ թեքնիք մակարդակներուն վրայ, «եւ այդ մէկը կարելի է բարելաւել նոր խորհրդարանը ընտրելու միջոցներուն փոփոխութեամբ: Այդ իմաստով կարելի եղաւ մշակել ընտրական նոր օրէնք մը` համամասնական ընտրական օրէնքը, որ դրական եւ ժխտական կողմեր ունի», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի` համամասնական ընտրական օրէնքին հիման վրայ, յուսալով, որ այդ օրէնքին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ վերականգնել նախորդ շրջաններուն ՀՅԴ-ի կորսնցուցած ներկայացուցչութիւնը, որուն արժանացած է` ըստ երկրին օրէնքին եւ սահմանադրութեան:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայրենիքին կուսակցութիւնն է: Աւելի՛ն. ան Լիբանանի ամէնէն հին կուսակցութիւնն է: Կուսակցութիւն մը, որ հաւատացած է հաստատութիւններուն, պետութեան եւ լիբանանեան օրինականութեան: Կուսակցութիւն մը, որ հաւատացած է մարդ անհատին, դրական չէզոքութեան, Լիբանանին` իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքակրթութեան, ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան, մարդկային իրաւունքներու օրրան` հիմնուելով մարդկային արժէքներուն եւ ամէնէն առաջ մարդուն վրայ:

«Մեր ընտրապայքարի խորագիրները արեւու նման յստակ են: Մենք կը մերժենք հնչեղ կարգախօսները, որոնք ապարդիւն են եւ շքեղ խորագիրներով կը ներկայանան` առանց իրենց մէջ կրելու գործնականացուելու ատակութիւնը, ընդհակառակն` անոնք կը հնչեն իբրեւ աւելորդաբանութիւններ, որոնք 7 մայիսին ծագող արեւու շողերուն ներքեւ կ՛անհետանան», ըսաւ ան:

Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ ընտրական լաւագոյն ծրագիրը ՀՅԴ-ի պատմութիւնն է եւ անոր անցեալը` ընդգծելով, որ իրենք կը հպարտանան կուսակցութեան պատմութեամբ ու անցեալով:

«Եւ մեկնելով այս դիտանկիւնէն` կ՛ըսենք.

ա) Կը մերժենք կաշառակերութիւնը, փտածութիւնը, լիբանանեան պետութեան հարուած հասցնելը եւ քաղաքացիներուն վարկաբեկումը այն հաստատութիւններուն առջեւ, որոնք պէտք է զիրենք հիւրընկալեն,

բ) Պիտի աշխատինք պահպանել Լիբանանը իբրեւ ազատութիւններու, մարդկային իրաւունքներու եւ ուրիշը յարգելու օրրան, ինչպէս նաեւ իբրեւ ազգային համերաշխութեան եւ պատգամի երկիր,

գ) Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք կասեցնելու մսխումը եւ պայքարելու փտածութեան դէմ` սկսելով փտածները պատժելու քայլէն: Ճիգ չենք խնայեր պաշտպանելու ելեւմտական մեր վարչակարգը եւ բարգաւաճեցնելու արդիւնաբերութեան բնագաւառը` կասեցնելով ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ եւ պետական հաստատութիւններուն վճարուած վարձքերուն իմաստով արձանագրուած մսխումը: Լիբանանեան պետութեան համար խոցելի կէտեր են նաեւ հանրային փոխադրութեան չգոյութիւնը, բուժման ձրի դրութեան, կենսոլորտի պահպանումին, ծովու ապականումին, մահացու ախտերու դէմ պայքարին եւ ընդհանուր առողջապահութեան ապահովումին չգոյութիւնը,

դ) Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի պայքարի ապահովելու համար համեստ դասակարգի մարդուն օրապահիկը եւ անոր զաւակներուն կրթաթոշակն ու ուսանողներուն կրթական նպաստը: Պիտի պայքարինք նաեւ լիբանանցի երիտասարդներուն համար հսկայ հարուած մը նկատուող անգործութեան դէմ` կանխարգիլելու համար լիբանանցի հանճարներուն արտագաղթը,

ե) Այս իմաստով անհրաժեշտ կը գտնենք նաեւ յանգիլ վարձքերու այնպիսի օրէնքի մը, որ արդար ըլլայ քաղաքացիին համար, որովհետեւ վարձքերու ներկայ օրէնքը քաղաքացիներուն հաշուոյն անիրաւութիւն է: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ գործադրելու աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը, ինչպէս նաեւ ջանք պիտի թափենք հզօրացնելու սենտիքաները` զանոնք ազատելու քաղաքական ճնշումներէն եւ ապահովելու աշխատաւորներուն ու երկրագործներուն իրաւունքները:

զ) Մենք պիտի գործենք ինչպէս նախապէս գործած ենք. պիտի աշխատինք ամրապնդել լիբանանեան պետութեան հիմերը, զօրակցիլ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն, պաշտպանել մեր ազգային շահերը, ապահովել պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն արժանապատիւ տունդարձը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարը կը սպառէ Լիբանանը` անոր լուծման շրջանային եւ միջազգային պատկերացումի բացակայութեան ծիրին մէջ:

է) Կինը հիմնասիւնն է լիբանանեան ընկերութեան. ան հզօր է մեր կուսակցութեան մէջ, եւ պէտք է անոր դերակատարութիւնը հզօրացնենք տարբեր բնագաւառներու մէջ: Պիտի չզլանանք զօրակցելու որեւէ ծրագիրի, որ հաւասարութիւն ու արդարութիւն կ՛ապահովէ կնոջ եւ կը դադրեցնէ անոր ընտրարշաւի նիւթ ըլլալը` զայն վերածելով պետական բոլոր մակարդակներուն վրայ ներկայացող իսկական արժէքի»:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս կէտերը կամ պահանջները միայն ՀՅԴ-ի եւ անոր համակիրներուն պահանջները չեն, այլեւ` փոփոխութիւն փափաքող իւրաքանչիւր լիբանանցիի պահանջներն են: «Իսկ մեր նպատակները իրականացնելու համար մենք պէտք է ունենանք երեսփոխանական պլոք մը, որ օրէնսդիր աշխատանք կը կատարէ եւ ժողովուրդին ձայնը խորհրդարան կը հասցնէ: Հետեւաբար իւրաքանչիւր կուսակցական, հետեւորդ կամ համակիր 6 մայիսին պարտի ուղղուիլ քուէատուփ եւ ընտրել Դաշնակցութեան ուղեգիծը` պետութեան եւ փոփոխութեան ուղեգիծը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ նախապէս ոմանց պատճառաբանութիւնը, որ տեղին ըսուած պատճառաբանութիւն էր, կ՛ըլլար այն, որ մեր քուէները պիտի կորսուին մեծերուն քուէներուն մէջ եւ ընտրական օրէնքները անարդար են:

«Սակայն այսօր իւրաքանչիւր քուէ իր արժէքն ու ազդեցութիւնը ունի եւ պիտի երթայ իր ճիշդ տեղը: Հետեւաբար կը պահանջուի քուէարկութեան համեմատութիւնը բարձրացնել բոլոր ընտրաշրջաններուն, յատկապէս Զահլէի, Մեթնի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ, որպէսզի բոլորին ըսենք, թէ մենք ներկայ ենք եւ կը քուէարկենք: Մենք ներկայ ենք եւ ազդեցութիւն ունինք: Մենք ներկայ ենք, եւ մեզի անտեսելու ժամանակաշրջանը վերջ գտած է: Մենք Լիբանանի սրտին մէջ կը գտնուինք, անոր մայրաքաղաքին, Մեթնին եւ Պեքաային մէջ: Մենք ուժ մըն ենք, որ պիտի փոխէ տարազները, մենք լիբանանեան պետութեան կուսակցութիւնն ենք: Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը լիբանանեան հին կուսակցութիւն է. ան Լիբանանի առաջին կուսակցութիւնն է: «Հայ համայնքը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ Լիբանանի համայնքը եւ բոլոր լիբանանցիներուն համայնքը: Ան լիբանանեան օրինականութիւնը պաշտպանող համայնքն է, որ օր մը օրանց ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատ ու արժանապատիւ կեանքի պահպանումին ու Լիբանանի` մայրիներու երկրի պաշտպանութեան մէջ չէ զլացած: Իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կը զօրակցինք ամբողջ Լիբանանին, բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն: Մեր կարգախօսները միշտ հիմնուած են երկխօսութեան եւ ուրիշը յարգելու վրայ: Հաւատացած ենք Լիբանանին` իբրեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հանդիպման վայր, ինչպէս նաեւ հաւատացած ենք լիբանանցիին` ըլլայ ան Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացի թէ արտերկրի լիբանանցի: Լիբանանը մեզի համար ժողովուրդ է, հայրենիք, արուեստ, ձեռարուեստ, գերիշխանութիւն, ախոյեանութիւն, բանակ եւ ապահովական կառոյցներ, որոնց աշխուժ դերակատարութեան վրայ կատարեալ վստահութիւն ունինք` հայրենիքն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը պաշտպանելու իմաստով», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան նշեց, որ այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պիտի յայտարարէ չորս թեկնածուներ` Մեթնի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ:

Ան նշեց, որ իրենք իրենց թեկնածութիւնը կ՛առաջադրեն միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար, յուսալով, որ այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւնները իւրայատուկ կ՛ըլլան` փոփոխութեան եւ պետականաշինութեան ուղիին վերադառնալու առումով:

«Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայութեան եւ մեր ուղիին վստահող իւրաքանչիւր քաղաքացիի 6 մայիսին խիտ շարքերով ուղղուելու քուէատուփ եւ քուէարկելու ի նպաստ ՀՅԴ-ի` փաստելու համար, որ կը գործենք միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար: Յառաջիկայ 6 մայիսը մեր հաւատարմութեան եւ պատկանելիութեան ուխտը վերանորոգելու թուականն է:

Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար: Միասնաբար` ազատութիւններու Լիբանանին, ուրիշը ընդունելու Լիբանանին, հաւասարութեան եւ արդարութեան Լիբանանին, երիտասարդութեան եւ աշխատանքի առիթներու Լիբանանին, երիտասարդ ներուժի եւ երիտասարդ ղեկավարներու Լիբանանին, արդիականութեան Լիբանանին, հաւասարակշռուած բարգաւաճման Լիբանանին, դալար Լիբանանին, գիտութեան եւ մշակոյթի Լիբանանին, իր կիներով եւ տղամարդոցմով հզօր Լիբանանին, քաղաքացիութեան Լիբանանին համար: Այո՛, միասնաբար կը կերտենք ապագայ Լիբանանը: Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Իր խօսքին աւարտին, երեսփոխան Բագրատունի յայտարարեց թեկնածուները. Յակոբ Բագրատունի` Մեթն, Յակոբ Թերզեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան եւ Սերժ Չուխատարեան` Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան:

Յ. Թերզեան, Ա. Մաթոսեան եւ Ս. Չուխատարեան հակիրճ կերպով իրենց կենսագրական գիծերը ծանօթացուցին ներկաներուն:

Յակոբ Բագրատունի

Յակոբ Բագրատունի ծնած է Պէյրութ, 1956-ին: Ուսանած է քաղաքական գիտութիւններ` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին եւ Լիբանանեան համալսարանին մէջ:

1975-1980 աշխատակցած է «Ազդակ»-ին, ինչպէս նաեւ աշխատակցած է դաշնակցական աշխարհատարած մամուլի մեծ ընտանիքին: 1980-2000 եղած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի տնօրէն, իսկ 2000-2005` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն: 1986-2005 եղած է Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասախօս: 1986-էն սկսեալ մաս կազմած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի իրերայաջորդ կազմերուն: Ան աշխատած է նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զանազան յանձնախումբերուն մէջ: 2005-ին եւ 2009-ին ընտրուած է լիբանանեան խորհրդարանի անդամ` Մեթնի ընտրաշրջանէն:

2015-էն ի վեր ան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ է:

Յակոբ Թերզեան


Յակոբ Մարտիրոս Համբարձում Թերզեան ծնած է Պէյրութ, 1966-ին:

Ան «Համբի 1921» ընկերութեան գործադիր խորհուրդի հիմնադիր եւ նախագահ է: Անդամ է ներդրումներու «Արապ» միջազգային ընկերութեան տնօրէն խորհուրդին:

Ինչ կը վերաբերի հանրային կեանքին, ան եղած է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի բնակարանային յանձնախումբի անդամ` 2001-2014:

2012-2014 եղած է Ազգային վարչութեան անդամ:

ՀՄԸՄ-ի միջոցով իր մասնակցութիւնը բերած է մարզական կեանքին: Անդամ է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: 2007-2010 անդամ եղած է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի գործադիր խորհուրդին:

2010-էն մինչեւ այսօր անդամ է Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին:

Սերժ Չուխատարեան


Սերժ Յակոբ Չուխատարեան ծնած է Պէյրութ, 1976-ին:

Անդամ դարձած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտական միութեան եւ զանազան պաշտօններ ստանձնած է անոր մէջ: Անդամ եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ երիտասարդաց համախմբումին, նաեւ անդամակցած է ՀԿՀՄ-ին:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն վկայուած է իբրեւ իրաւաբան: Իբրեւ փաստաբան 1998-էն անդամ է Փաստաբաններու սենտիքային: Տարիներէ ի վեր Հայկական երեսփոխանական պլոքի իրաւաբանական հարցերու խորհրդատու է: 15 տարիէ ի վեր ստանձնած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը ներկայացնող փաստաբանի պարտականութիւնը:

Անդամ է Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տնտեսական խորհուրդին եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի կալուածոց յանձնախումբի տնօրէն խորհուրդին: Զմմառու Տիրամօր վանքի կալուածոց հարցերու փաստաբան է:

Ան երկու շրջանի համար Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եղած է եւ պարտականութիւն ստանձնած քաղաքապետական խորհուրդի իրաւական հարցերու յանձնախումբին մէջ:

Ալեքսանտր Մաթոսեան


Ալեքսանտր Աբրահամ Մաթոսեան ծնած է Պէյրութ, 1969-ին:

Ան «Ալ Մաշրեք» ապահովագրութեան եւ վերաապահովագրութեան ընկերութեան նախագահն է: Ան նաեւ կը ղեկավարէ Եգիպտոսի մէջ նոր հաստատուած «Միացեալ ապահովագրական ընկերութիւն»-ը: Լիբանանեան ապահովագրական ընկերութիւններու ընկերակցութեան խորհուրդի անդամ է: Անդամ է «Սետըր Փիք Հոլտինկզ» ընկերութեան եւ բնակարաններու կառուցումով զբաղող «Սենթ Նիքոլաս Տիվելոփմընթ» ընկերութեան խորհուրդներուն: Մաս կը կազմէ նաեւ «Լեպընիզ Քրետիթ Ինշուրընս» ընկերութեան, Արաբական ապահովագրութեան հիմնարկի եւ շարք մը ուրիշ ընկերութիւններու խորհուրդներուն: Անդամ է Ամերիկեան-լիբանանեան առեւտուրի պալատին:

Ալեքսանտր Մաթոսեան մաս կը կազմէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տնտեսական յանձնախումբին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել