Նախագահ Աուն Երեսփոխան Բագրատունիի Հետ Քննարկեց Լիբանանահայ Համայնքը Յուզող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Տահրանի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին եւ տարբեր պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով տեղի ունեցած «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու անոր յաջորդելիք քայլերը:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է ներքին լիբանանեան իրավիճակին մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքները, ինչպէս նաեւ քննարկած է լիբանանահայ համայնքը յուզող հարցեր:

aztagdaily.com

Տպել Տպել