Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (21). Արտակ Սարգսեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Գործող Լրատուական Դաշտը

Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, խմբագրատուն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի նախագահ Արտակ Սարգսեան:

Ա. Սարգսեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող լրատուական դաշտը` սկսելով պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան նշեց, որ պատկերասփիւռի կայանները Հայաստանի լրատուական դաշտին մէջ գերակայ աղբիւր են, որովհետեւ կը ներկայանան իբրեւ ժողովուրդին 70 առ հարիւրէն աւելիին լրատու աղբիւրը:

Ա. Սարգսեան նշեց, որ ներկայիս պատկերասփիւռի կայանները ունին նաեւ իրենց յատուկ կայքերը եւ «Եու թիուպ»-ի ցանցին վրայ կը տեղադրեն իրենց յայտագիրները, որոնց մարդիկ կը հետեւին:

Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ մարզային պատկերասփիւռի կայաններու դրութիւնը, որուն լսարանը համեմատաբար աւելի փոքր է:

Ան ակնարկեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կան համացանցային պատկերասփիւռի կայաններ, որոնք ընդհանրապէս Արեւմուտքի կողմէ կը ֆինանսաւորուին եւ երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակներու ստեղծման պարագային անոնք մեծ լսարան կ՛ունենան:

Արտակ Սարգսեան նշեց նաեւ, որ կան պատկերասփիւռի վեց հայկական կայաններ, որոնք կը սփռուին Միացեալ Նահանգներու մէջ` նկատի ունենալով անոր հայաշատ գաղութ ըլլալը:

Ան ակնարկեց նաեւ տպագիր մամուլին` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ անիկա բաւական ետ մնացած է` նկատի ունենալով կայքերու աշխուժութիւնը եւ երկրին մէջ համացանցի գրեթէ 90 առ հարիւր ծածկոյթը:

Ան դիտել տուաւ, որ այժմ ընկերային ցանցերուն տիրութիւնը, պատկերասփիւռի կայաններու կայքերուն փոխադրութիւնը դէպի ընկերային ցանցեր եւ անոնց արագ տարածումը ժողովուրդին մէջ նաեւ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ տպագիր մամուլին վրայ:

Ա. Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ ձայնասփիւռի կայաններուն դերակատարութեան` բաղդատութիւններ կատարելով տասնեակ տարիներ առաջ անոր գործունէութեան եւ ներկայիս անոր կատարած աշխատանքին միջեւ:

Ա. Սարգսեան խորհուրդ տուաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն մասնագիտանալու լրագրութեան մարզին մէջ եւ դառնալու արհեստավարժ լրագրողներ, որպէսզի հայկական լրագրութիւնը վերահաստատէ եւ ամրապնդէ իր դերակատարութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել