Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պատասխանած Է Թրամփի Ուղերձին

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան պատասխանած է նախագահ Տանըլտ Թրամփին` ապրիլ քսանչորսեան ուղերձին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրը չօգտագործելուն ու «Մեծ եղեռն» արտայայտութեամբ սահմանափակուելուն համար: «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Համբարեան յայտնած է, թէ Թրամփ առաջնորդուած է «Նախ Թուրքիան» մօտեցումով:

«Իր տարեկան ապրիլքսանչորսեան յայտարարութեան մէջ նախագահը անգամ մը եւս աջակցեցաւ Անգարայի յանցաւոր վարչակարգին եւ արդարացիօրէն չդատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստը», նշած է ան:

Համբարեան ընդգծած է, որ Թրամփ տեղի տալով թրքական ճնշումին, կը մեկուսացնէ Միացեալ Նահանգները միջազգային ընտանիքը ներկայացնող այն երկիրներէն, որոնք իբրեւ պատմական փաստ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Համբարեան հաստատած է, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր ուժերուն ներածին չափով աշխատիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

aztagdaily.com

asbarez.com

Տպել Տպել