Ա.Մ.Ն. Քոնկրեսի շէնքին մէջ՝ Արցախի անկախութեան 21րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2012-ին, «Քէփիթըլ Հիլ»ի, պատմական «Ռասըլ» սրահին մէջ, նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան 21-ամեակը: Այս հանդիսութեան ներկայ էր Արցախի Արտաքին Գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը: Քոնկրէսէն ներս, հայկական խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկայ էին Էտ Ռոյս (Հանրապետական, Քալիֆորնիա), Ֆրէնք Փըլոն (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի), Ճէք Ռիտ (Դեմոկրատական, Ռոտ Այլընտ), Էտըմ Շիֆ (Դեմոկրատական, Քալիֆորնիա), Տէյվիտ Սիսիլին (Դեմոկրատական, Ռոտ Այլընտ), Էլիոթ Էնկըլ (Դեմոկրատական, Նիւ Եորք), Ճէֆ Տենհամ (Հանրապետական, Քալիֆորնիա), Լինտա Սանչէս (Դեմոկրատական, Քալիֆորնիա), Ռոպըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) եւ Ճէքի Սփայըր (Դեմոկրատական, Քալիֆորնիա):

Քոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլին կը խորհրդակցի Ռոպերթ Աւետիսեանի եւ Կարէն Միրզոյեանի հետ

Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան կատարեց հանդիսութեան բացումը: Ապա խօսք առաւ Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, որ շեշտեց թէ հակառակ Ատրպէյճանի կատարած հետեւողական ոտնձգութիւններուն, կարելի պիտի չըլլայ Արցախի անկախութիւնը խախտել: Արցախի Արտաքին Գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան փոխանցեց օրուան պատգամը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կատարած հետեւողական օժանդակութիւններուն համար եւ եզրակացուց թէ Արցախցին երախտապարտ պիտի մնայ եւ երբեք պիտի չմոռնայ:

Ներկայ էր Պաքուի փոկրոմէն ճողոպրած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, որ վերջերս լոյս ընծայած է իր յուշերը.- «Աքսորի պատմութիւն մը»: Ան պատմեց թէ ինչ ահաւոր պայմաններու տակ, ստիպուած եղած էր հեռանալ իր ծննդավայր Պաքուէն:

Խօսք առաւ նաեւ, Հ.Հ.-ի մօտ Ա.Մ.Ն.-ի նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, որ շեշտեց Հայաստանի եւ Արցախի կարեւորութիւնը, Կովկասեան բարձրաւանդակէն ներս:

«Մխիթար Գօշ» շքանշանին արժանացած Աննա Էշուն եւ Պրետ Շըրմընը, Հայ Դատի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Քարաքաշեանի, կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեանի ու հեղինակ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի (աջին) հետ

Այս առթիւ, Հ.Հ. դեսպան Մարգարեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանով պատուեց քոնկրէսականներ` Աննա Իշու (Դեմոկրատական, Քալիֆորնիա) եւ Պրէտ Շերմըն (Դեմոկրատական, Քալիֆորնիա): Անոնց յատուկ շքանշաններ ձօնեց նաեւ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարը:

Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան, իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Արցախի անկախութեան 21-ամեակը եւ յոյս յայտնեց որ Ա.Մ.Ն. պիտի կրկնապատկէ իր օժանդակութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Տպել Տպել