ՀՅԴ Առաջադրած Չորս Թեկնածուներէն Երեքը Երեսփոխան Ընտրուեցան

6 մայիսը իբրեւ սովորական թուական պիտի չնշուի ընդհանրապէս լիբանանեան, յատկապէս լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ, որովհետեւ տասնամեակի մօտեցող սպասումէ ետք այդ օրը լիբանանցի քաղաքացիները կարելիութիւն ունեցան ընտրելու երեսփոխանական թեկնածուներ, որոնք իրենց ներկայացուցիչները պիտի ըլլան խորհրդարանին մէջ:

Այս ընտրութիւններուն, բնականաբար, հայութիւնը եւս բերաւ իր աշխուժ եւ տիրական մասնակցութիւնը, որովհետեւ լիբանանահայութեան իսկական եւ արժանաւոր ներկայացուցչութեան խնդիր գոյութիւն ունէր: ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած էին չորս թեկնածուներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:

Կիրակի, 6 մայիսի շուրջ կէս գիշերին, արդէն իսկ յստակ դարձան ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները, որոնց համաձայն, ՀՅԴ-ի առաջադրած չորս թեկնածուներէն երեքը` Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ընտրուած էին երեսփոխան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութեան ընտրազանգուածը ըստ սովորականին իր մասնակցութիւնը բերաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնքին լոյսին տակ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուեցան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ հակառակ անոր որ Մեթնի պարագային ՀՅԴ-ն որոշեց երեսփոխան Միշել Մըրի չքուէարկել, ոմանք շարունակեցին Մըրի անձին ի նպաստ քուէարկութիւնները:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Մըրի հետ սիրով համաձայնած էր այս ընտրութիւններուն ընթացքին իրարմէ բաժնուիլ` նկատի ունենալով օրէնքին դրութիւնը: Հետեւաբար ՀՅԴ-ի համակիրները չքուէարկեցին անոր, այլ մեծ թիւով հայեր, որոնք հիմնականին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Բարեգործական միութեան անդամներն էին», ըսաւ ան:

Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական այս նոր օրէնքին կը տրուէր «Շինիչ անորոշութիւն» որակումը, «սակայն փորձելէ ետք ընտրական այս նոր օրէնքը, կարելի է ըսել, թէ անիկա «Ոչ շինիչ անորոշութեան» օրէնքն է: Համոզուած եմ, որ ընտրական օրէնքի գործադրութեան գործիքակազմը հապճեպով որոշուած է եւ արդիւնաւորուած անտրամաբանական դաշինքներով, նոյնիսկ մրցակցութիւն յառաջացնելով նոյն կուսակցութեան շարքերուն միջեւ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան դատապարտեց ընտրական նոր օրէնքը` նկատի ունենալով ընտրակաշառքի դրութիւնը, որ եկաւ խեղդելու քաղաքացիներուն ազատ ու ժողովրդավար իրաւունքը, իրենց քուէն վաճառող քաղաքացիներուն համար ճշդելու սակ մը:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ ընտրական այս օրէնքով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը տուժած դուրս պիտի գան` նշելով հաւանաբար, որ այդ էր հետապնդուած նպատակը:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ ութ տարուան աշխատանքէ եւ ընտրական օրէնքի մշակումին մաս կազմելէ ետք, ինք այդ յանձնախումբէն դուրս մնացած է, եւ ուրիշներ չափած են ու ձեւած ընտրական նոր օրէնքը:

Երեկոյեան ժամը 10:30-ի տուեալներով Մեթնի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ տիրող թուային պատկերը ներկայացնելէ ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը գոհ է արդիւնքներէն:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Պէյրութ Ա.-ի մէջ հայութեան քուէարկութեան համեմատութիւնը աւելի բարձր է, քան` քաղաքական այլ ուժերու քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը:

Ինը տարի ետք, Լիբանանի մէջ ի վերջոյ կատարուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ, համաձայն ընտրական նոր օրէնքին, այլ խօսքով` համամասնական եւ նախընտրութեան քուէի դրութեամբ օժտուած ընտրական օրէնքին:

Ընտրութիւններուն ընթացքին ընդհանրապէս տիրեց խաղաղ մթնոլորտ, բացի կարգ մը շրջաններէ, ուր արձանագրուեցան ապահովական խախտումներ Զահլէի, Շուէյֆաթի, Թարիք Ժտիտէի եւ Պարժայի մէջ:

Արձանագրուեցան նաեւ ընտրական օրինական խախտումներ, իսկ տիրական ներկայութիւն դարձաւ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկեց ընտրակաշառքը կամ քաղաքական նպատակներու համար օգտագործուող գումարը:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Լիբանանը կազմ ու պատրաստ էր կայացնելու երեսփոխանական ընտրութիւնները: Առաւօտեան ժամը 7:00-ին քուէարկութեան կեդրոնները սկսան դիմաւորել քուէարկող քաղաքացիները, որոնք ուղղուեցան կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը:

Քուէարկութեան հոլովոյթը ամբողջ Լիբանանի տարածքին հեզասահ ընթացաւ` նկատի ունենալով ներքին գործոց նախարարութեան կազմակերպուած աշխատանքը: Արձանագրուեցան կարգ մը վարչական եւ թեքնիք հարցեր, որոնց լուծումը կարելի եղաւ անմիջապէս տրամադրել:

Նախքան քուէատուփերուն փակումը, քաղաքական որոշ ուժեր առաջարկեցին քուէարկութիւնը երկու ժամով երկարաձգել, սակայն այդ երկարաձգումը անկարելի դարձաւ:

Նշենք, որ քաղաքական մեծ թիւով ուժեր քննադատեցին ընտրական նոր օրէնքը` հաստատելով զայն բարեկարգումի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է գործադրեն իրենց ընտրական իրաւասութիւնները: Ան հաստատեց, որ քուէարկելը սրբազան պարտականութիւն է, որուն անտեսումին պարագային անոնք զիջած կ՛ըլլան հաշուետուութեան կանչելու իրենց իրաւունքէն:

Նախագահ Աուն շեշտեց նախընտրութեան քուէ շնորհելու կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, որ ոչ ոք պէտք է ազդէ քաղաքացիներուն ընտրանքին վրայ` աւելցնելով, որ ինք երկրին իշխանութեան ի նպաստ քուէարկած է:

Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցին իրենց կամքին համաձայն:

Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց Հարեթ Հրէյքի քաղաքապետարանին մէջ քուէարկելէ ետք:

Նախագահ Աուն Հարեթ Հրէյքէն ուղղուեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարար Մաշնուքի հետ եւ ստուգեց նախարարութեան մէջ ընթացող աշխատանքը` բարձր գնահատելով նախարարութեան եւ ընտրական խորհուրդին աշխատանքը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնը հայրենիքին մէջ կատարուած ժողովրդավարական յաջողագոյն աշխատանքը կը նկատուի:

Երեկոյեան ժամը շուրջ 5:30-ին նախագահ Աուն դարձեալ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն խիտ շարքերով ուղղուելու քուէատուփ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարձրացնել քուէարկութեան մասնակցող լիբանանցիներուն համեմատութիւնը:

«Եթէ կը փափաքիք փոփոխութիւններ յառաջացնել, ապա պէտք է ուղղուիք քուէարկութեան կեդրոն եւ կատարէք ձեր ընտրութիւնը», հաստատեց ան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կնոջ` Ռանտա Ասի-Պըրրիի հետ քուէարկեց Թըպնինի «Նեպիհ Պըրրի» կրթական համալիրի թիւ 1 սենեակին մէջ գտնուող թիւ 75 քուէարկութեան սենեակին մէջ: Շրջանի բնակիչները ողողեցին համալիրի բակը` ողջունելու համար զինք: Նշենք, որ ան քուէատուփին մօտեցած ատեն սայթաքեցաւ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ուղղուեցաւ Վերտանի «Շաքիպ Արսլան»-ի անուան դպրոցը, ուր կատարեց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի համար այսօր ընտրական հարսանիք է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Հարիրի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը լաւ օրէնք մըն է` հաստատելով, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ ընտրական լռութեան:

«Ես իբրեւ լիբանանցի իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս կատարեցի, եւ եթէ նկատի ունենանք, որ Լիբանան այսօր ժողովրդավարական ընտրութիւններ կը կատարէ, ապա պիտի տեսնենք, որ Լիբանանը շատ լաւ վիճակի մէջ է: Իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը եւ քուէարկէ ի նպաստ այն թեկնածուին, որուն կ՛ուզէ ընտրուած տեսնել», ըսաւ ան:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, դատախազներուն, միջազգային դէտերուն` շեշտելով, որ այս քուէարկութիւնը ժողովրդավարական աշխատանք է եւ կը ծառայէ լիբանանցի քաղաքացիին շահերուն:

Առաւօտեան ժամը 2:30-ին վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ ընտրական օրը դրական էր` աւելցնելով, որ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին պիտի արտասանէ խօսք մը:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կէս գիշերին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն երկար օրուան` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համեմատութեան լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ այն քաղաքացին, որ չքուէարկեց, պէտք է կրէ ապագային չբողոքելու պատասխանատուութիւնը:

Մաշնուք հաստատեց, որ ընտրացուցակներուն մէջ նշուած են 800 հազար նոր քուէարկողներու անուններ, որոնք առաջին անգամն է, որ կը մասնակցին ընտրութիւններուն:

Մաշնուք շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր վարչական պատասխանատուներուն, ապահովութեան ուժերուն, բանակին եւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն` ժողովրդավարութեան հարսանիքին, այլ խօսքով` ընտրական պայքարին յաջողութեան առիթով:

«Ընտրական փայլուն եւ սպիտակ օր մըն էր, հակառակ արձանագրուած կարգ մը խախտումներուն», ըսաւ ան:

Մաշնուք յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ոչ վերջնական արդիւնքները կը հաստատեն, որ լիբանանցիներուն 49,2 առ հարիւրը մասնակցած են ընտրութիւններուն:

Անոնք նկատել տուին, որ հակառակ կարգ մը խախտումներուն` ո՛չ վիրաւորներ, ո՛չ լուրջ դէպքեր եւ ո՛չ ալ քուէակեդրոններու փակման պարագաներ արձանագրուած են:

Մաշնուք նշեց, որ քուէարկութեան ամէնէն բարձր համեմատութիւնը արձանագրուած է Հիւսիսային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանին մէջ, իսկ ամէնէն ցած համեմատութիւնը` Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ:

Մաշնուք նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ժամեր ետք յստակ կը դառնան` աւելցնելով, որ այսօր Լիբանանի համար խորհրդարանական նոր կեանք մը պիտի սկսի:

Մաշնուք խստիւ դատապարտեց օդը կրակելու երեւոյթը` հաստատելով, որ լիբանանցիներուն կողմէ տակաւին շարունակուող անխոհեմ քայլը կը շարունակէ քաղաքացիներուն կեանքերը խլել:

Միւս կողմէ, Մաշնուք Սայտայի սերայ այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Ապահովական վիճակը շատ լաւ է, իսկ շրջաններուն մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը` բարձր, ինչ որ փաստ է, թէ մարդիկ կը հաւատան ընտրութիւններուն ու քաղաքական կեանքի վերանորոգման: Մինչեւ հիմա արձանագրուած քուէարկութեան համեմատութիւնը կը հաստատէ, որ լիբանանցիները իրենց գրաւը կը դնեն պետութեան ու անոր երթին վրայ»:

Պատասխանելով Սայտայի եւ Ժեզզինի մասին հարցումի մը` նախարար Մաշնուք ըսաւ. «Վարչական կացութիւնը շատ լաւ է, նաեւ ապահովական կացութիւնը, իսկ քուէարկութեան համեմատութիւնը բարձր է»:

Ինչ կը վերաբերի քուէարկութեան դանդաղութեան, ան ըսաւ. «Ատիկա նշմարուեցաւ բոլոր շրջաններուն մէջ. օրէնքը նոր է, քաղաքացիներն ու պաշտօնեաները ատոր հիմամբ առաջին անգամ ըլլալով կը քուէարկեն, քուէաթուղթը մեծ է եւ ժամանակ կը խլէ»:

Մաշնուք ապա այցելեց Թրիփոլիի սերայ եւ յայտնեց. «Կացութիւնը շատ գոհացուցիչ է, եւ քաղաքացիներուն քուէատուփերու մէջ նետած քուէներն են, որոնք պիտի ճշդեն խորհրդարանի կազմը»:

«Ապահովական ու վարչական կացութիւնը շատ լաւ է, եւ արտասահմանի քուէներու հաշուեհամարը պիտի սկսի կէսօրէ ետք ժամը հինգին», ըսաւ ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրած է:

Ան շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն անակնկալներէն էր ընտրակաշառքը` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Ազգային ազատ հոսանքին ձեռքը մաքուր է:

Պասիլ նշեց, որ ինք պիտի ուղղուի Պաթրուն` փակելու համար հին հաշիւ մը, աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները ներկայութիւն դարձած են նաեւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

Պասիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բոլոր հետեւորդներն ու համակիրները հրաւիրեց յաղթանակի փառատօնի մը, որ պիտի կազմակերպուի այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին` Պաապտայի պալատի ճամբուն վրայ:

Պաթրունէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պասիլ բազմահազար հետեւորդներու ներկայութեան շեշտեց, որ այդ յաղթանակը կը նուիրէ ժողովուրդին` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքացիները քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ կրցան պատասխան մը տալ բոլոր սուտասաններուն:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ Այշա Պաքքարի Խատիժա Քուպրա դպրոցին մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Բոլոր մարդոցմէ կը սպասեմ, որ չփախցնեն իրենց հայրենիքին եւ անոր զաւակներուն համար իրենց խօսքը ըսելու առիթը»: «Ես լաւատես եմ, եւ ընտրութիւններէն ետք պիտի բացուի նոր էջ մը, եւ ջանքեր պիտի թափուին ամրապնդելու մեր սիրելի երկրին` Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը»:

Ժողովրդավարական համախմբում երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ կոչ ուղղեց` վերջին քառորդ ժամուան ընթացքին քուէարկութեան համեմատութիւնը առաւելագոյն չափով բարձրացնելու, «մեր ինքնութիւնը, գոյութիւնը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանելու սեւ ագռաւներու նմանող նորելուկներէն»:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քուէարկեց Պշարրէի մէջ եւ պատասխանելով ընտրական հոլովոյթին վերաբերեալ որեւէ գանգատի գոյութեան մասին հարցումի մը ըսաւ. «Քուէարկութեան հոլովոյթին մէջ ուշացում կայ, եւ ընդունելի չէ, որ քաղաքացիները քուէարկելու համար ժամերով քուէարկութեան կեդրոնի դռներուն առջեւ մնան»:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց շրջաններու մէջ ապահովական գործողութիւններու սենեակները եւ ստուգեց խորհրդարանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ պսակելու համար որդեգրուած քայլերը, ինչպէս նաեւ գովաբանեց սպաներու եւ զինուորներու ջանքերն ու բանակին, ապահովական մարմիններուն եւ այս հոլովոյթին առնչակից պետական վարչութիւններու միջեւ համակարգումը:

Զօր. Աուն ցուցմունքներ տուաւ բանակին` քաղաքացիներուն իրենց կարծիքը ազատութեան եւ հանգիստ մթնոլորտի մէջ յայտնելը ապահովելու համար` շեշտելով. «Բանակը պէտք է խստօրէն վարուի ապահովութիւն խախտելու կամ այս հոլովոյթը խանգարելու որեւէ փորձի հետ, որ կողմէն ալ որ ատիկա ըլլայ»:

Նոյն նպատակով Եարզէ այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել