«Հայրենիք»ի խմբագրական. Ցնցոտիացումէն դուրս գալու պահը

Լուսանկար՝ Տարօն Թիթիզեան (EVN Report)

Ամերիկացի հանրածանօթ վիպագիր Ալիս Ուոքըր կարճ ու տպաւորիչ նախադասութեամբ մը կը նկարագրէ շահագործողին մտայնութիւնը.- «Իշխող ղեկավարութիւնը բաւական ժամանակ տրամադրած պէտք է ըլլայ՝ մեր վրայ ծիծաղելու համար» («Those in power must spend a lot of their time laughing at us») :

«Տը Քալըր Փրրփըլ» վէպի հեղինակ Ուոքըրի տուած օրինակը ցայտուն է, սակայն ո՛չ նոյնքան, որքան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ապրիլմէկեան մէկ կատակը:

Այո՛, Հայաստանի իշխող ղեկավարութիւնը դեռ ամիս մը առաջ նմանօրինակ կացութիւն մը ստեղծած ու մեծ ծիծաղ յառաջացուցած էր, երբ լրագրող մը Ազգային ժողովի նիստին պատգամաւորներուն հարցադրած էր, թէ ո՞րն է ամէնէն աւելի սրամիտ Ապրիլմէկեան կատակը: Ազգային ժողովի անգամներէն մէկը քմծիծաղով մը անվարան կատակած էր.- «Նիկոլ Փաշինեան պիտի ընտրուի Հայաստանի վարչապետ»:…Եւ իր շուրջիններն ալ, հասկնալով երազային եւ աներեւակայելի եղելութիւնը, իրենց կարգին ծիծաղած էին:

… Ամիս մը ետք ահաւասիկ, նոյնինքն ծիծաղողները ո՛չ միայն կատարուած իրողութեան մը առջեւ գտնուեցան, այլ նոյնիսկ իրենք որոշեցին իրենց «փակ» գրասենեակներէն դուրս գալով, պատուհանը բանալով՝ դիտել դուրսը եւ ընդառաջել այդ դուրսիններուն կամքին: Ի վերջոյ հասկցած էին, թէ զանգը հնչած էր օլիկարխիայի ստեղծած փտածութենէն, անարդարութենէն եւ ցնցոտիացումէն դուրս գալու:

Ճամբան դեռ շատ երկար է, այսուամենայնիւ կարելի է անհնարը հնարաւոր դարձնել: Եւ դեռ աւելի՛ն. այլ տարբերակ գոյութիւն չունի: Ժամանակը եկած է խոյս տալու եւ մէկդի դնելու անձնական, խմբային, խմբակային, սեղմ կուսակցական շահերը պետական, հանրային շահէն վեր դասելու գործելաձեւը:

Եւ այդ տարբերակի քաղաքական հիմքերը դրուած ու ծրագրուած են համակարգային փոփոխութիւններ նախանշող նոր սահմանադրութեամբ, որուն արդիւնքն է ստեղծուած համազգային պոռթկումն ու համախմբումը:

Այսպէս, ցնցոտիացումէն դուրս գալով, ժամանակն է նոր սկիզբ դնելու, նոր արիւն եւ աւիշ ներարկելու, կատարելու համար արմատական փոփոխութիւններ, ստեղծելու համար զանազան հնարաւորութիւններ եւ կառոյցներ:

Տեղին է նշել.- «Այո՛, յաճախ հնարաւոր է զանգուածային հետաքրքրութիւն առաջացնել նման ամբոխավարական գործելակերպով, բայց աննաւ ու անղեկ նաւարկումները յետոյ փորձանք են դառնում ուղեւորների համար» («Դրօշակ»-ի խմբագրական, Օգոստոս 2016)…: Սակայն, այս անգամ տարբեր է նաւարկումը, որ պիտի ըլլայ հաւաքաբար, միասնականութեամբ, թէ՛ ամբոխին եւ թէ՛ նաւավարին ամբողջական գործակցութեամբ:

Մինչ այդ, Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ պատահածը պատմական է: Արդ, առանց կաթիլ մը արեան, առանց զէնքի գործածութեան, կարծրատիպերը ջարդուած են եւ Մայիս 28-ի հարիւրամեակի սեմին, անկախութեան սերունդի թարմ, նոր եւ արդար սիրտեր կը բաբախեն:

hairenikweekly.com

04/05/2018

Տպել Տպել