Հայ Դատը Նոր Թափով Կը Սկսի Հայաստանը Կրկնակի Հարկումէ Զերծ Պահելու Արշաւին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ, սահմանադրական եւ ժողովրդավար իշխանափոխութեան լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանները դրուատած են զայն եւ փափաք յայտնած են նոր էջ մը բանալու Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեան պատմութեան մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նոր թափով սկսած է յառաջ մղելու Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու եւ երկկողմանի առեւտուրի ու ներդրումներու առջեւ դրուած արհեստական արգելքները վերացնելու արշաւը։

Իր կարգին, Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական աւելի արդիական համաձայնագիր մը գոյացնելու համար բանակցութիւններու նախաձեռնելու՝ 2016ին հաստատուած համաձայնագիրներու նախատիպին հիման վրայ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ Փետրուարին, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ եւ Պրետ Շըրմըն ձեռնարկած էին ստորագրահաւաքի արշաւի մը, որուն նպատակն էր իրենց պաշտօնակիցներէն աջակցութիւն ապահովել՝ Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու եւ ժամանակակից համաձայնագիր մը գոյացնելու ջանքերուն համար: Անոնք ապահոված էին աւելի քան 30 քոնկրեսականներու զօրակցութիւնը: Այս արշաւին ի պատասխան, Միացեալ Նահանգներու գանձապետ Սթիւ Մնուչին ընդունած է, որ առեւտուրի եւ ներդրումներու վրայ դրուած տուրքերուն աւելի արդիական համակարգով մը օժտուած համաձայնագիր մը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ, աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար:

«Քաջալերուած ենք ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչներուն եւ Քոնկրեսէն ղեկավարներու հետ մեր վերջին հանդիպումներու արդիւնքներով ու կը յուսանք, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն հետ մեր խորհրդակցութիւնները շարունակելով՝ հասնինք ոչ միայն տնտեսական, այլեւ քաղաքական եւ զինուորական մարզերու մէջ յարաբերութիւնները սերտացնելու հանգրուանին, որ արդար արտացոլացումը պիտի ըլլայ Ամերիկայի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ երկարամեայ բարեկամական կապերուն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան։

Յիշեցնենք, որ քոնկրեսականները իրենց վերոյիշեալ նամակին մէջ շեշտած էին, թէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրը ներկայիս կը բանի Խորհրդային Միութեան օրերէն մնացած համաձայնագիրի մը պայմաններով, ինչ որ ճշգրտօրէն չ՛արտացոլացներ երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը, եւ խոտոր կը համեմատի արդի առեւտրական պայմաններուն. անոնք ապա կոչ կ՛ընեն վերացնելու երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի զարգացման առջեւ հաստատուած անտեղի խոչընդոտները:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու գծով: Այս մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, այցելել https://anca.org/taxtreaty եւ www.treasury.gov/resource-center/tax-policy/treaties/Documents/Treaty-US%20Model-2016.pdf կայքէջերը:

asbarez.com

Տպել Տպել