Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան տարելիցին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ակումբին «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մանօ Քրտոքեան, որ անդրադարձաւ Վիգէն Զաքարեանի անձնազոհութեան, անոր նուիրումի ոգիին, իր անձը հայրենի հողին նուիրելու պատրաստակամութեան` դիտել տալով, որ, թէեւ ան չտեսաւ յաղթանակը, սակայն մասնակից դարձաւ անոր կերտման: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ այսօր Վիգէն Զաքարեան մեզմէ հեռու է, սակայն իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար ան կը հանդիսանայ ներշնչարան, հայօրէն ապրելու եւ պայքարելու պատգամաբեր: Իր խօսքի աւարտին Մանօ Քրտոքեան ԼԵՄ-ականներուն անունով ուխտեց շարունակել Վիգէն Զաքարեանի նման հերոսներու սուրբ գործը, մնալ արթուն պահակը հայկական իրաւունքներուն, հասնիլ որեւէ ձեւով իր հայորդի եղբօր կարիք ունեցող անհատի:

Օրուան բանախօսն էր Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ Վիգէն Զաքարեանը նկատեց գերագոյն զոհաբերութեան եւ նուիրումի օրինակ համայն լիբանանահայութեան եւ ի մասնաւորի դաշնակցական երիտասարդութեան համար` դիտել տալով, որ ան ու իրեն նման նահատակներ, որոնք Դաշնակցութեան ծոցէն ծնունդ առած են, Դաշնակցութեան շունչով դաստիարակուած եւ Դաշնակցութեան ընդմէջէն ծառայած են հաւաքականութեան, նոյնիսկ զոհաբերելով իրենց արիւնը, մեզմէ կը պահանջեն կամք` շարունակելու սրբազան գործը, որուն համար իրենց արիւնը նուիրագործեցին:

Դաշնակցութեան պատմութիւնն ու դերակատարութիւնը ստորագնահատելու փորձերուն անդրադառնալով` Ր. Տեմիրճեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը այսօր շատերուն աչքին փուշն է: Այդ բամբասողները մոռցած են եւ կամ ալ կ՛ուզեն մոռնալ, որ հայ ժողովուրդի վերջին աւելի քան հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ամենավատ պայմաններուն մէջ եղած է հաւաքականութեան փրկարարը: Անոնք կը մոռնան, որ Դաշնակցութեան ճիգերով հայու միտքը ազատագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան լուծէն: Կը մոռնան, որ 1918-ի մայիսեան յաղթանակի առաջնորդն ու հաւաքագրողը Դաշնակցութիւնն էր: Կը մոռնան, որ Խորհրդային Միութեան լուծին տակ, երբ հայրենիքին մէջ Եռագոյնը մերժուած էր, Դաշնակցութիւնը ինքն էր Եռագոյնը բարձր պահողը, մինչեւ որ այսօրուան իշխանութիւններու աթոռներուն վրայ նստող նոյնինքն ղեկավարներն ու անոնց հայրերը հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս ամբողջովին ազատագրուին խորհրդային լուծէն ու վերսկսին բարձր պահել Եռագոյնը:

«Անոնք կը մոռնան, որ հայրենիքէն հեռու Դաշնակցութիւնը հայապահպանման հոլովոյթին մէջ ռահվիրայի դերը վերցուցած էր, եւ տակաւին անապահով պայմաններու մէջ զէնքով պաշտպանած էր հայկական թաղամասերը: Տակաւին շատեր կը մոռնան, որ արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ Դաշնակցութիւնը շունչն ու ոգին էր, միակամութեան ցուցանիշն էր: Անոնք կը մոռնան եւ կամ կ՛ուզեն մոռնալ, որ Դաշնակցութեան ծոցէն ծնած են Քրիստափորը, Ռուբէնը, Արամը, Նժդեհը, Չաւուշը, Լիզպոնի սուրբերը, Մհերը եւ Վիգէնը: Դեռ շարքը երկար է եւ ժամեր կարելի է թուել, մատնանշել…», ըսաւ բանախօսը:

Ապա Րաֆֆի Տեմիրճեան խօսեցաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակին եւ կամաւորական ջոկատներուն «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան մասին, որով ազատագրուեցաւ Շուշին` լուսարձակի տակ առնելով այս արարքին կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը: Անկէ ետք ան խօսեցաւ Վիգէն Զաքարեանին մասին` հաստատելով, որ հայ ժողովուրդի այս պանծալի յաղթանակի էջին վրայ տասնեակ հերոսներու անուններուն կողքին աւելցաւ լիբանանահայ Վիգէն Զաքարեանին անունը, որ 23 տարեկանին մեկնեցաւ հայրենիք եւ հազիւ մէկ ամիս հայրենի հողին վրայ կանգնելէ ետք 8 մայիսին նահատակուեցաւ Շուշիի հարաւարեւմտեան Զարիսլու գիւղի բարձունքներու գրաւման պահուն:

«Վիգէնը կ՛ուզէր տեսնել Արարատը եւ համբուրել հայրենի հողը: Այո՛, ո՛չ միայն տեսաւ Արարատը, այլեւ մասնակից դարձաւ ժամանակակից հայոց պատմութեան մեծագոյն յաղթանակին` Շուշիի ազատագրութեան: Ուզեց համբուրել հայրենի հողը, բայց ո՛չ միայն համբուրեց, այլեւ շաղախուեցաւ այդ հողին հետ, իր արեան կաթիլներով ջրեց եւ սնունդ տուաւ սրբացած հողին, որ իր եւ իր զինակից ընկերներուն շնորհիւ աւելի պիտի ծաղկի, եւ արմատները առաւել եւս պիտի ամրապնդուին հողին:

«Վիգէն Զաքարեանը կեանքը կը սիրէր, փաստօրէն երիտասարդ տարիքին ամէն տեղ էր, պահ մը ակումբին մէջ պատասխանատու գործեր կը վերցնէր, ուրիշ տեղ քարոզչական աշխատանքի վրայ, այլ տեղ սկաուտ եւ մարզիկ, նոյնիսկ պարախումբի մաս կը կազմէր, սակայն ժողովուրդին թիկունք կանգնիլը եւ հողին կանչը աւելի կարեւոր էր: Պէտք չէ մոռնալ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Վիգէն առաջին գիծի վրայ էր` պաշտպանելու մեր թաղերը:

«Վիգէն Զաքարեան կը հաւատար, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը չի կրնար ձեռքերը ծալլած նստիլ, երբ հայրենի հողը կը կանչէ, երբ թշնամին կը փորձէ հարուածել ժողովուրդը: Կը հաւատար ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին, եւ իր անձնուիրութեամբ նպաստեց, որ երազի գլխաւոր օղակներէն մէկը իրագործուի: Կը հաւատար, որ օր մը պիտի միանար հայ ժողովուրդի անմահներու փաղանգին, եւ իր երազը դարձուց իրականութիւն», յայտնեց ան:

Խօսքը ԼԵՄ-ականներուն ուղղելով` օրուան բանախօսը կոչ ուղղեց անոնց ըլլալու Վիգէն Զաքարեանի կտակին ժառանգորդները` շեշտելով, որ մեր սուրբերուն նկատմամբ մեր երախտագիտութիւնն ու յարգանքը կրնանք արտայայտել միայն գործով, կիսատ մնացած գործը ամբողջացնելով: «ԼԵՄ-ականը պէտք է ունենայ գործին, դատին եւ կուսակցութեան նկատմամբ հաւատք եւ վստահութիւն: Պէտք է հաւատայ, որ ինք իր կարողականութիւններուն սահմաններուն մէջ ունի ընելիք եւ իր մասնակցութիւնը կարեւոր է հաւաքական յաջողութեան մէջ: Գործ, որ չափի եւ ժամանակի սահմաններ չունի: Տակաւի՛ն, ԼԵՄ-ականը պէտք չէ հետեւի անհատներուն, այլ` տէրը ըլլայ գաղափարին: Պէտք չէ հետեւի նիւթական շահերուն, այլ` պահապանը ըլլայ արժէքներուն: Պէտք է մերժէ ամէն տեսակի անարդարութիւնները եւ միշտ իրողապէս եւ գործնականապէս թիկունք կանգնի ժողովուրդին: ԼԵՄ-ականը պէտք է հոսանքներուն դիմաց կանգնի եւ ըլլայ խիզախ: Պէտք է մերժէ նոյնիսկ ափ մը հայրենի հող այսպէս ըսած վերադարձնելու մօտեցումները` դէմ կանգնելով բոլոր տեսակի զիջումներուն: Պէտք է ըլլայ հեռատես, ունենայ քաղաքական մտածողութիւն, ռազմական պատրաստուածութիւն եւ աննկուն պայքարի ոգի: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հետեւի դաշնակցականանալու ուղիին` ամէն օր, ամէն վայրկեան: Վիգէններ պատրաստած ԼԵՄ-ը իր հիմնադրութեան օրէն մեր յոյսն է, մեր ներկան եւ ապագան է, եւ առանց երիտասարդութեան Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ իր արժէքը, հմայքը եւ կը վտանգէ իր գոյութիւնը», շեշտեց Րաֆֆի Տեմիրճեան:

Գեղարուեստական բաժինով Հայկ Քէշիշեան նուագեց շուիի վրայ, Զաւարեան պատանեկան միութենէն Արմիկ եւ Հերմիկ Աբրահամեաններ երգեցին նահատակ Վիգէն Զաքարեանին նուիրուած երգ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել