Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Կեւըն Նիւսըմի Ընտրապայքարին

Կեւըն Նիւսըմ Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն հետ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ դառնալու համար Կեւըն Նիւսըմի ընտրապայքարին: Ան ներկայիս նահանգապետի տեղակալն է, իսկ անցեալին եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը։

Նիւսըմ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայ Դատի այս որոշումին համար՝ յոյժ կարեւոր համարելով ամերիկահայութեան եւ յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին հետ երկար տարիներու ընթացքին իր մշակած յարաբերութիւնները։

Յունիս 5ին կայանալիք նախնական ընտրութիւններուն Նիւսըմի ի նպաստ քուէարկելու կոչ ընելով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ Նիւսըմ իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին իսկակա՛ն բարեկամ մը եղած է հայութեան, լրջութեամբ անսալով հայ համայնքի մտահոգութեանց։ Ան կ՛աւելցնէ, թէ Ապրիլ 24ին, Լոս Անճելըսի մէջ Արդարութեան քայլարշաւի մասնակիցներուն տուած իր ելոյթին ժամանակ, Նիւսըմ իր աջակցութիւնը յայտնած էր նահանգի հանրային մարզի պաշտօնեաներուն ներդրումները Թուրքիայէն քաշելու համար ՀԵԴի եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն սկսած արշաւին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Մայիս 13ին հանդիպում մը ունեցած են Նիւսըմի հետ, որ ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա խթան կը հանդիսանայ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ յարաբերութեանց սերտացման։

Նիւսըմ երկար տարիներով եղած է նուիրեալ հանրային սպասարկու մը եւ նեցուկ կանգնած է ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն: 1997ին, Սան Ֆրանսիսքոյի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ դառնալէ ետք, ան 2003ին ընտրուած էր քաղաքապետ եւ վերընտրուած՝ 2007ին: Իբրեւ քաղաքապետ, ան ամէն տարի հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող հռչակագիրներ եւ մասնակցած ոգեկոչման ձեռնարկներու՝ կոչեր ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու Քոնկրեսին, որ պաշտօնական ճանաչում շնորհեն Ցեղասպանութեան: Ան նաեւ նեցուկ կանգնած էր Սան Ֆրանսիսքոյի պատմական Տէյվիտսըն լերան խաչը գնելու Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութեանց խորհուրդի ջանքերուն, որոնց շնորհիւ խաչը վերածուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի մը:

Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցլել www.gavinnewsom.com կայքը։

asbarez.com

Տպել Տպել