Դաշնակցութեան դէմ ստաբանութեան զինուորագրեալները

Սեդօ Պոյաճեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ ստաբանութեան արշաւի զինուորագրեալները երբեք չեն պակսած հայ կեանքէն ներս։ Ի վերջոյ ասոնք զինուորագրեալներ են, թէ ի՞նչ հաշիւներով, որո՞ւ հաշւոյն կամ ինչպիսի՞ ծառայութեան մէջ այնքան ալ կարեւոր չէ այս պահուն։ Կարեւորը նման ծառայողներու գոյութեան փաստն է։

Օրուան աւարտին, իր հակադաշնակցական մոլուցքին յագուրդ տալէ եւ իր հովանաւորին պատգամը կատարելէ ետք, ստաբանողը կը մնայ իր սուտին հետ, յերիւրածինը իր յերիւրանքին հետ, զրպարտիչը իր զրպարտութեան հետ։ Ու հակառակ ասոր, այս տեսակին պատկանողները կը շարունակեն չսորվիլ, կը յամառին մնալ նոյնը, յաջորդ օրը վերադառնալու համար իրենց փանջունիական նոյն առաքելութեան։

Այս տեսակը յատուկ մշակոյթի եւ իւրայատուկ աւանդութեան մը արտադրանքն է։ Այսինքն, պոլշեւիկեան հակադաշնակցական մշակոյթի եւ կոմսոմոլեան Դաշնակցութեան մասին տեւաբար ստաբանելու աւանդութեան շառաւիղը պահպանողներն ասոնք։ Իրենց տէրերը կրնան փոխուած ըլլալ հիմա, սակայն իրենց կոմսոմոլեան մշակոյթն ու աւանդութիւնը կը մնան անփոփոխ։

Առնենք օրինակը «դիւանագէտ, քաղաքագէտ» Արա Պապյանի։ Մարդը ամբողջութեամբ իւրացուցած է Դաշնակցութեան մասին ստաբանելու պոլշեւիկեան մտայնութիւնը եւ հոգեբանութիւնը։ Մեծ հաւանականութեամբ իր այս յատկութիւնը կը պարտի կոմսոմոլեան դաստիարակութեան։

Արա Պապյան հակադաշնակցականութեան տիպար զինուորագրեալն է։ Ան հերթականօրէն կը խօսի ու կը գրէ Դաշնակցութեան հասցէին։ Իր խօսածին եւ գրածին մէջ կը փնտռես իր դիւանագիտական փորձառութեան ազդեցութիւնը եւ իր քաղաքական մասնագիտութեան հասունութիւնը։ Սակայն ի զուր։

Վատաբանելէ ետք Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, մինչեւ իսկ անարգելէ ետք Լիզպոնի մեր հինգ նահատակ ընկերներու յիշատակը, այժմ Արա Պապյան կը թուի կլանուած ըլլալ Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքներով եւ կազմակերպական կեանքով։

Մայիս 17ին, «Փաստ»ի մէջ լոյս տեսած Արմինէ Գրիգորեանի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին, Արա Պապյան յանձնապաստան վերլուծումներով կը յաւակնի գուշակութիւններ կատարել Դաշնակցութեան ապագային ու վարկանիշին մասին, ինչպէս նաեւ իր չքնաղ խորհուրդները տալ մեր կուսակցութեան գաղափարաբանութեան եւ կազմակերպական կառոյցին մասին։

Արա Պապյան կը թուի խիստ մտահոգուած ըլլալ Դաշնակցութեան ներկայով եւ ապագայով։ (Ի դէպ, այս մտահոգութիւնը վերջերս նորաձեւութիւն դարձած է գրեթէ բոլոր հակադաշնակցական զինուորագրեալներուն մօտ։ Բոլորն ալ սրտցաւ կը թուին, ծածկելու համար իրենց կեղծաւորութիւնը։)

Դաշնակցութեան քաղաքական, կառավարական, Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան գործունէութեան մասին շինծու տեղեկութիւններ եւ իմաստակ հաստատումներ կատարելէ ետք, Արա Պապյան ամենայն հեղինակութեամբ հետեւեալ վճիռը կ՚արձակէ.- «ՀՅԴ-ն դաւաճանել է սեփական սոցիալական եւ ազգային գաղափարախօսութեանը»։

Պէտք է անմիջապէս հաստատել, որ Արա Պապյան հանրածանօթ է Դաշնակցութեան մասին իր չգիտցածով։ Իսկ այն ինչ որ ինք կը կարծէ թէ գիտէ, մէկ նախադասութիւն իսկ չի կրնար կազմել։

Առաջին, շնորհիւ իր դիւանագէտի կարողութեանց, ան կը գտնէ, որ Դաշնակցութիւնը «հեռացել է» իր ազգային գաղափարախօսութենէն։ Փոխանակ այս ըսելու, եթէ Արա Պապյան ըսէր թէ փիղը կը թռչի, աւելի հաւատալի պիտի ըլլար։ Դաշնակցութեան ամբողջ էութիւնը եւ գոյութեան իմաստը կը կայանայ իր ազգային գաղափարախօսութեան մէջ։ Դաշնակցութեան ռազմավարութեան ներշնչման աղբիւրն է իր ազգային գաղափարախօսութիւնը, որու հիմնաքարերն են բովանդակ հայութեան շահերու պաշտպանութիւնը, հայրենիքի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, հայրենական սահմաններու պահպանումն ու մինչեւ իսկ ընդարձակումը, եւ Սփիւռքի հայկականութեան ամրապնդումը։ Ազգային գաղափարախօսութենէ հեռացող կամ աւելի ճիշդը՝ միշտ հեռու եւ անհաղորդ մնացող մը եթէ կայ, այն ալ Դաշնակցութեան դէմ օրն ի բուն ստաբանողն է։

Երկրորդ, հակառակ իր քաղաքագէտի հմտութեան, Արա Պապյան տակաւին չէ կրցած ըմբռնել Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի տարերային շարժումի տեւողութեան։ Փոխանակ իր եւ իր նմաններու նման երկիրը քաոսի վերածելու կոչերուն միանալու, Դաշնակցութիւնը եւ մի քանի այլ շրջանակներ ճիգ չխնայեցին, որպէսզի մեր ժողովուրդը չվնասուի, հայրենիքը չվտանգուի, եղբայրասպան կռիւ տեղի չունենայ։ Աւելին, Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութիւնը վերցուց միջամտելու ու ճնշում բանեցնելու օրուան իշխանաւորներուն վրայ, որպէսզի ընթացք տրուի մեր ժողովուրդի պահանջներուն։

Երրորդ, գաղափարախօսական մասնագէտի թեւեր առած, քաղքենիական եւ դրամատիրական ակունքներէ ջուր խմող Արա Պապյան կը գիւտէ այն մասին, թէ Դաշնակցութիւնը իր ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ծախու հանելով կը գործակցի «խոշոր բուրժուազիայի» ներկայացուցիչ կուսակցութեան հետ։ Հայաստանի մէջ ապրող, գործող եւ քաղաքականութեամբ զբաղող այս մարդը կրնա՞յ այնքան մը անգէտ ըլլալ, որ չկարենայ զանազանել կոալիցիոն կառավարութեան մաս կազմելը գաղափարական եւ ծրագրային զինակցութենէ։ Կրնա՞յ այս տիպի մարդ մը անտեղեակ ըլլալ Դաշնակցութեան առաջադրած եւ կոալիցիոն կառավարութեան կողմէ ընդունուած այն սոցիալական ու տնտեսական ծրագիրներէն, որոնք կը բխին Դաշնակցութեան ընկերվարական աշխարհահայեացքէն։ Ըստ երեւոյթին կրնայ եւ կարող է նման իմաստակութիւններուն եթէ Արա Պապյան է։

Վերջապէս, Արա Պապյան, իբրեւ իմաստուն մարդը Հայաստանի, խորհուրդ կու տայ որ Դաշնակցութիւնը անմիջապէս ընդհանուր ժողով գումարէ եւ փոխէ իր ղեկավարութիւնը, որպէսզի յոյս ունենայ իր վարկանիշը բարձրացնելու մեր ժողովուրդի աչքին։

Դաշնակցութիւնը հայութեան մեծ ովկիանոսն է, որու տարողութեան եւ ուժգնութեան մասին Արա Պապյան ու իր նմանները դոյզն իսկ կարողութիւնը ունենան ըմբռնելու։ Առանց ըմբռնելու կարողութեան խորհուրդ տալը մեծամտութիւն է, իսկ ըմբռնած ըլլալու յաւակնոտութիւն ցուցաբերելը, մեղմ ըսած, սոփեստութիւն է։ Արա Պապյան լաւագոյն թեկնածուն է երկու պարագաներուն ալ։

Դաշնակցութիւնը ընդունակ է շինիչ ու կառոցուղական քննադատութիւններու, ու տեւաբար ականջալուր է եւ անսացող իր ժողուրդի եւ շարքերու պահանջներուն։ Սակայն տարբեր հարց է հակադաշնակցական մոլուցքը։ Հետեւաբար, Դաշնակցութեան համար միեւնոյնն է որեւէ հակադաշնակցական արշաւ, կարեւոր չէ թէ ի՞նչ աղբիւրէ, ինչպիսի՞ գունաւորումէ եւ ո՞ր մէկ տեսակի զինուորագրեալէ կու գայ։ Վերջաւորութեան, ինչպէս միշտ, Դաշնակցութիւնը կ՚ըսէ իր ըսելիքը, կը բացատրէ իր ընելիքը, կը դիմէ իր աշխատանքին ու կը շարունակէ իր անսակարկ ծառայութիւնը ի սպաս Հայաստանի եւ հայութեան։

Մայիս 18, 2018
Լոս Անճելըս

Տպել Տպել