«Հայրենիք»ի Խմբագրական. 90-ամեայ Համազգայինի տեսլականը

«Իմաստութիւնը ո՛չ թէ տարիքի, այլ կրթութեան եւ ուսման հետեւանք է»
Անթոն Չեխով (1860-1904, ռուս գրագէտ)

Շարունակ կը մոռնանք եւ լուսանցքի տակ կ՛առնենք, թէ Մայիս 28 միայն Հայաստանի առաջին անկախութեան օրը չէ, այլ նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան օրն է: Յաւելեալ շփոթ ալ չստեղծենք: Տասը տարուան տարբերութիւն կայ երկու տարեդարձներուն միջեւ:

Այս տարի կը նշենք Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի հերոսամարտերու եւ Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակը, որ թէեւ կարճ տեւողութիւն ունեցաւ, սակայն ձգեց ոսկի եւ անմոռանալի փայլք մը հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Տասը տարի ետք, երբ Հայաստանը արդէն Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, Համազգայինը հիմնուեցաւ, բնականաբար հայրենի հողէն հեռու՝ Գահիրէի մէջ:

Այդ թուականները կը զուգադիպին հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից վերիվայրումներուն: Հայոց ցեղասպանութիւն, ապա քանի մը տարի ետք անկախութիւն եւ 1921-էն սկսեալ Խորհրդային Միութեան հալածանքները պատճառ դարձած էին, որ «մնացորդաց»ը՝ վերապրողները ցիր ու ցան, բնակութիւն հաստատէին զանազան ցամաքամասերու եւ երկիրներու մէջ:

Վիճակը ահազանգային էր։ Հայ բանաստեղծին մրոտած «կարմիր լուրեր»ը կը շարունակուէին ճերմակ ջարդով, որ շատ աւելի վտանգաւոր եւ մահացու էր: Ջարդ մը, որուն անմիջական պատճառը նոյնինքն հայորդին էր, որ սկսած էր տեղի տալ ու սայթաքիլ կեանքին եւ ճակատագրին դիմաց:

Հոս է, որ քանի մը մտաւորականներ, Մայիս 28, 1928-ին, բուրգերու քաղաքի հովանիին տակ՝ Գահիրէի մէջ, Համազգային Հրատարակչական ու Մշակութային Ընկերակցութիւնը հիմնելու լուսաւոր գաղափարը ունեցան։ Յետագային որոշ փոփոխութիւններ կրելով, ան վերանուանուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն: Անոնց համար, միտք բանին պարզ ու մեկին էր. «Համազգայինի նպատակն է նոր սերունդին ընդհանուր կրթութեան կողքին ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, փորձելով պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները հայրենիքէն դուրս ապրող ժողովուրդի մնացորդացին մօտ»:

Մտահոգուած էին այդ ինը մտաւորականները, որոնց կարգին էին յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանը, մանկավարժ ու գրական քննադատ Նիկոլ Աղբալեանը, գրագէտ ու մանկավարժ Լեւոն Շանթը եւ բեմադրիչ ու արուեստի քննադատ Գասպար Իփէկեանը:

Իրավիճակը ահազանգային էր: Տաժանակիր գործ կար կատարելիք: Հայորդիին ապրելաձեւը փոխուած էր: Պէտք էր շտապ գործի լծուիլ եւ խթանել հայ ազգայինները, որոնք կրնային նպաստել հայ գաղթօճախներու կառուցման, միացման եւ յարատեւման:

Այսօր, իննսուն տարի ետք, արագ անդրադարձ մը կատարելով, կարելի է նախանձիլ, թէ իբրեւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն, այս միութիւնը կը գործէ աշխարհի չորս ցամաքամասերուն մէջ, կրթական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ:

Եւ դեռ ալ կատարելիք գործ ունի, տարբեր աշխարհ մը ստեղծելու հայորդիին համար՝ մշակոյթի եւ արուեստի աշխարհ մը, զոր ֆրանսացի գրագէտ Անտրէ Մօրուա (1885-1967) կը նկարագրէ պարզ նախադասութեամբ մը.- «Արուեստը ստեղծելու ճիգ մըն է, իրականէն աւելի մարդկային աշխարհ մը»:

Այս է տեսլականը Շանթերու, Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու կերտած 90-ամեայ Համազգայինին:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել