ՀԵԴն Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշելու Պահանջ Ներկայացուց Քալիֆորնիոյ Համալսարանին

Արամ Մանուկեան եւ Արեւ Յովսէփեան

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի ներկայացուցիչներ Արեւ Յովսէփեան եւ Արամ Մանուկեան Երեքշաբթի, Մայիս 22ին ելոյթ ունեցան Քալիֆորնիոյ համալսարանի հոգաբարձութեան Ներդրումներու ենթայանձնախումբին առջեւ եւ մանրամասնօրէն ներկայացուցին ՀԵԴի նախաձեռնութեամբ համալսարանի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ ուսանողներուն իրականացուցած՝ Թուրքիայէն ներդրումները ետ քաշելու նպատակով «#Divest Turkey» արշաւին ծալքերը:

Յովսէփեան եւ Մանուկեան շեշտեցին, թէ 9 մասնաճիւղերու ուսանողական կառավարութիւնները վաւերացուցած են Թուրքիայէն ներդրումները ետ քաշելու բանաձեւեր՝ աւելցնելով, որ այս նպատակով Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը եւս վաւերացուցած է թիւ 1597 բանաձեւը եւ նշելով, որ առնուազն 10 քոնկրեսականներ համաձայն են ներդրումները ետք քաշելու գաղափարին։

Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ նման բռնատիրական կարգերու հետ նման կապեր խզելու կարեւորութիւնը՝ մատնանշելով Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային տարրական իրաւանց ոտնակոխումները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն վիճակը։

Նշենք, որ ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշելու կարեւորութիւնը շեշտուած էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինին մէջ կազմուած Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստներու եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին՝ Փետրուարին կայացուցած նիստին ընթացքին, որուն աւարտին որոշուած էր սոյն հարցին քննարկումը շարունակել Քալիֆորնիոյ համալսարանի հոգաբարձութեան նիստերուն ժամանակ։

Մայիս 22ին սկսած Քալիֆորնիոյ համալսարանի հոգաբարձութեան նորագոյն նիստը պիտի աւարտի Մայիս 24ին։

asbarez.com

Տպել Տպել