Արցախի ազատագրութեան իրաւական վէմը՝ Անկախութեան հանրաքուէն

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 10ին, Արցախի հայութեան հետ, մեր ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերէն կը տօնէ 21րդ տարեդարձը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէին։

Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ Դեկտեմբեր 1991ի այս օրը, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին։

Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը դեռ չէր լուծարուած՝ առնուազն պաշտօնապէս ու իրաւականօրէն։ Իսկ ատենին տակաւին գորող Խորհրդային սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով, համաժողովրդական քուէարկութեամբ կատարուած հանրաքուէն իրաւական միակ երաշխիքն էր հաւաքական կամքի ազատ արտայայտութեան։

Արցախի հայութիւնը, ընտրելով ազատագրական իր պայքարով՝ գերագոյն զոհաբերութեամբ նուաճուած ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքը ամրագրելու իրաւական ուղին, օտարերկրեայ դիտորդներու ներկայութեան իրագործեց, ժողովրդավարական չափանիշներով, աննախընթաց հանրաքուէ մը։
Երկու ամիս առաջ, 1991ի Սեպտեմբեր 2ին, Լ.Ղ.Ի.Մ.ի Մարզային Խորհուրդը եւ Շահումեանի Շրջանային Խորհուրդը, համատեղ նիստ գումարելով, Արցախը հռչակած էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ մօտ 5000 քառակուսի քիլոմեթր ազատագրուած տարածքի վրայ։

Դեկտեմբեր 10ի Անկախութեան հանրաքուէն կոչուած էր իրաւական վէմը դառնալու Լ.Ղ.Հ. պետականութեան կայացումին։

Յունուար 1989ի Խորհրդային վերջին մարդահամարով ճշդուած Լ.Ղ.Ի.Մ.ի 132 հազար մարդ բնակչութեան շուրջ 20 տոկոսը կազմող ազերիները, հետեւելով Պաքուի իշխանութեանց հրահանգին, մերժեց մասնակցիլ Հանրաքուէին։

Անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքով՝ Արցախը 1992ի Յունուար 6ին Լ.Ղ. Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն:

Գերագոյն զոհաբերութեան գնով Արցախն ու ողջ հայութիւնը նուաճեցին դէպի Անկախութեան հանրաքուէ տանող ուղին։

1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան պահանջատիրութիւնը, հակառակ առաջին իսկ քայլերէն իրաւական ուղիով յառաջանալու իր նախանձախնդրութեան եւ հաստատակամութեան, շարունակ հարուածի եւ ծանրագոյն բռնաճնշումի տակ առնուեցաւ ատրպէյճանական իշխանութեանց կողմէ։ Արցախի հայութեան խաղաղ բողոքի հաւաքներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց անօրինակ վայրագութիւններով։ Մայր Հայաստանին վերամիանալու Արցախի քաղաքական պահանջներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց Արդարութեան եւ Իրաւունքի շարժումը արեան մէջ խեղդելու բարբարոսութեամբ՝ Սումկայթի ջարդը գործադրելով։

Բայց որքան խոր վէրքեր բացաւ թշնամիին հարուածը, այնքա՛ն համատարած բնոյթ ստացան մեր ժողովուրդին ընդվզումն ու ցասումը, իսկ հերոսական Արցախը՝ զէն ի ձեռին ինքնապաշտպանութեան օրհասական կռիւ մղելով հանդերձ, միշտ կառչած մնաց պահանջատիրական իր պայքարը խորհրդային գործող Օրէնքներուն եւ միջազգային Իրաւունքին սահմանած շրջագիծին մէջ պահելու ռազմավարութեան։
Արցախի հայութեան բարձրացուցած զէնքը ոչ մէկ պարագայի անդին անցաւ ինքնապաշտպանութեան օրինական եւ իրաւական սահմանէն։ Արցախեան պահանջատիրութիւնը հետեւողականօրէն պահպանեց Օրէնքի եւ Իրաւունքի հունով յառաջանալու իր ողջմտութիւնը։ Ծանրագոյն կորուստներու ճնշման տակ պարզապէս թափ առաւ եւ ներքնապէս կազմակերպուեցաւ արցախահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամրապնդող ազգային¬ազատագրական պայքարը։ Ատրպէյճանի գործադրած հակահայ կոտորածները ոչ միայն կռանեցին արցախահայութեան պայքարունակութիւնը, այլեւ ընդհանուր դատապարտանքի ալիք բարձրացուցին աշխարհով մէկ՝ ի նպաստ Արցախի հայութեան արդարագոյն դատին։

Արցախի Անկախութեան հանրաքուէին քաղաքական ենթահողը պատրաստուեցաւ աւելի քան երկու տարի շարունակուած ատրպէյճանական ու խոր-հըրդային ճնշումներու եւ հալածանքներու ճամբով։ 1990ի Ապրիլ 3ին ընդունուած էր Խ.Ս.Հ.Մ. այն օրէնքը, որուն համաձայն՝ այսպէս կոչուած «ինքնավար միաւորներ» ունեցող «միութենական հանրապետութիւն» մը, Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու իրաւունք ունենալու համար, պարտաւոր էր հանրաքուէ կազմակերպել իր կազմին մէջ գտնուող «միաւորներ»էն իւրաքանչիւրին մէջ՝ առանձին¬առանձին:

Այդ օրէնքին վրայ հիմնուելով եւ տեսնելով, որ առանց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի հայութեան կամքն ու ձայնը նկատի ունենալու՝ Ատրպէյճան դուրս կու գար Խորհըրդային Միութեան կազմէն, Արցախը որոշեց տէր կանգնիլ Օրէնքով ճշդուած իր իրաւունքին եւ 1991ի Սեպտեմբեր 2ին հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Իսկ Ատրպէյճան 1991ի Հոկտեմբերին դուրս եկաւ Խ.Ս.Հ.Մ. կազմէն: Ատրպէյճանի այդ քայլին պատասխանելով էր, ահա, որ 1991ի Դեկտեմբեր 10ին‘ Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան Միջազգային Օրը, Արցախի մէջ կայացաւ Անկախութեան հանրաքուէն։

Եւ այդպէ՛ս Արցախի հայութիւնը միաձայնութեամբ վճռեց իր վրայէն մէկանգամընդմիշտ թօթափել ատրպէյճանական լուծը։

Անկախութեան հանրաքուէին հետեւեցաւ մօտ 40 հոգինոց օտարերկրեայ պատգամաւորական ու դիտորդական խումբ մը, որուն մաս կը կազմէին Խ.Ս.Հ.Մ. Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Միութենական Հանրապետութիւններու լիազօր ներկայացուցիչներ, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Հանրաքուէին արձանագրած ժողովրդական մասնակցութեան աշխուժութիւնը խորապէս տպաւորեց դիտորդները: Հանրաքուէին օրը Լ.Ղ.Հ. ողջ տարածքը, յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական կողմի հրթիռա-հրետակոծութեան՝ խլելով 10 զոհ: Սակայն այդ բոլորը չկրցան խոչընդոտել Արցախի հայութեան ազատ կամքին միասնական արտայայտութիւնը։ Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունէին 132.328 ընտրողներ, որոնց 108.736ը մասնակցեցան (այսինքն՝ ընտրական իրաւունք ունեցողներու 82,2 տոկոսը): Հանրաքուէին չմասնակցեցան Լ.Ղ.Հ. տարածքին վրայ բնակող ու ընտրական իրաւունք ունեցող ատրպէյճանցիները՝ 22.747 հոգի։

Հանրաքուէի դրուած հարցը մէկ ու միակ էր.- «Համաձա՞յն էք արդեօք, որ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լինի այլ պետութիւնների եւ հանրութիւնների հետ իր յարաբերութիւնները ինքնուրոյն որոշող անկախ պետութիւն»: Հանրաքուէի մասնակիցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը, շուրջ 99,7 տոկոսը (108.615 մասնակից) հարցադրումին յստակ ու կտրուկ «Այո՛» պատասխանեց. 24 մասնակից պատասխանեց՝ «Ո՛չ», իսկ 95 քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուեցան։

10 Դեկտեմբեր 1991ի Հանրաքուէին տրուած միահամուռ այդ «Այո՛»ն հանդիսացաւ օրինական եւ իրաւական գերագոյն արտայայտութիւնը Արցախի հայութեան ինքնավստահութեան եւ վճռականութեան, որոնք մինչեւ մեր օրերը թափ կու տան Արցախի իրողական ազատագրումը միջազգային իրաւական ճանաչումով պսակելու համազգային պահանջատիրութեան մեր պայքարին։

Այսօր Արցախը ունի շուրջ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, որ ամրագրուած է Լ.Ղ.Հ. մայր օրէնքով՝ Սահմանադրութեամբ:

Արցախի հայութիւնը իր Սահմանադրութիւնը եւս ընդունեց Դեկտեմբեր 10ին, 2006 թուականին, իրաւական ու ժողովրդավարական միջազգային պայմաններուն լրիւ համապատասխանող Հանրաքուէով։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել