Ստեփանակերտը բանակցային սեղան վերադարձնելու Երեւանի կողմէ վերահնչած առաջադրանքը ո՛չ միայն քաղաքական եւ տեղեկատուական, այլ նաեւ պետական մակարդակի վրայ սուր հնչեղութիւն գտած է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հաստատումը այս հարցի արծարծման առիթով, թէ բանակցային ձեւաչափը հակամարտող կողմերուն որոշելիքն է, խորքին մէջ գնդակը նետել է Ազրպէյճանի դաշտ` պարզ գիտակցելով հայկական կողմի դիրքորոշումին մասին:
Իր ընդհանրութեան մէջ եւ յատկապէս հարցի վերջնական լուծումի հեռանկարով, ըստ էութեան հիմնական նոր մօտեցում չէ առաջադրանքը: Նախապէս ալ ամէն անգամ, երբ ընդհանուր համաձայնութեան հնարաւորութիւններու մասին խօսուած է թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային ատեաններէ, Երեւանը ներկայացնողները վերահաստատած են, որ առանց արցախահայութեան կամարտայայտութիւնը նկատի ունենալու բացառուած է որեւէ համաձայնագիր ստորագրել արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուցման առումով:
Թէ՛ վարչապետի ընտրութեան յատկացուած խորհրդարանական նիստին, թէ՛ մայիսեան յաղթանակներու առիթով Ստեփանակերտի մէջ կատարուած յայտարարութեան, թէ՛ կառավարութեան ծրագիրին եւ թէ՛ անոր ներկայացման առիթով վարչապետի ուղերձին մէջ արցախեան հակամարտութեան լուծման պատկերացումներուն, մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն մէջ կայ փոխլրացում. Ստեփանակերտի վերադարձի անհրաժեշտութիւնը քանի մը առիթով վերընդգծուած է:
Երանգային տարբերութիւնը հաւանաբար նախկին եւ ներկայ մօտեցումներուն միջեւ հետեւեալն է. նախկինի պարագային խօսուած է հիմնական համաձայնութեան գոյառման համար արցախահայութեան կամքը նկատի ունենալու մասին, մինչ այստեղ նախքան համաձայնութիւնը, Ստեփանակերտը բանակցային ներկայ ձեւաչափին մէջ ներառելու առաջադրանքը կը յայտարարուի: Առաջինը աւելի հեռանկարային է, մինչ ներկայինը` անմիջական:
Այդ կրնայ նշանակել, որ պահանջը որոշ անյետաձգելիութիւն ունի, ի տարբերութիւն նախկին մօտեցումին, որ կը վերաբերէր խաղաղութեան համաձայնագիրին:
Վարչապետի առաջադրանքը կը մօտենայ, եթէ ոչ կը նոյնանայ 94-95-ի հրադադարի համաձայնագիրի ստորագրութեան եւ հաստատման բանակցային ձեւաչափին. համաձայնագիրը ստորագրուած էր ինչպէս Երեւանի ու Պաքուի, այնպէս նաեւ Ստեփանակերտի կողմէ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով:
Որոշ փուլի հայկական կողմը արցախահայութեան մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն կը բացատրէր այն իրողութեամբ, որ միջնախագահական հանդիպումի առ ի նախապատրաստութիւն երբ համանախագահները մագոգային դիւանագիտութիւն իրականացնելով կը կտրէին Երեւան-Ստեփանակերտ-Պաքու կամ Պաքու-Երեւան-Ստեփանակերտ ճանապարհը, կանգառային բանակցութիւններ կ՛ունենային նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ, հետեւաբար Արցախը իր մասնակցութիւնը բերած կ՛ըլլար բանակցային գործընթացի իւրաքանչիւր փուլին:
Հիմա երանգային փոփոխութիւն կը բերէ վարչապետը` միջազգայնօրէն ընկալելի նոր հիմնաւորում ձեւակերպելով: Երբ կը խօսի Պաքուի կեղծ փաստարկին մասին` Ստեփանակերտի ներառման պարագային պէտք է մասնակից դառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի այսպէս կոչուած ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները: Ազրպէյճանական տրամաբանութեամբ փորձ կը կատարուի խաղի կանոններու ճշդումի` այն տեսակէտը նուիրականացնելով, որ Ազրպէյճանի «մաս կազմած» Լեռնային Ղարաբաղի բաղադրիչ երկու ազգաբնակչութիւններու ներկայացուցիչները իրաւահաւասարութեան կարգով պէտք է մասնակցին բանակցութիւններուն:
Այժմ Երեւանի հակափաստարկը իրաւական հայեցակէտով աւելի ընկալելի ենթահող ունի: Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բնակիչ ազրպէյճանցիները կը շարունակեն կրել ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն, կը մասնակցին Ազրպէյճանի պետական-հասարակական ընտրութիւններուն եւ իրենց նախագահը կը լիազօրեն բանակցելու իրենց երբեմնի բնակավայրի կարգավիճակի ճշդման միտուած բանակցութիւններուն: Իրենք պարզապէս ներկայացուած են արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին:
Եւս մէկ յաւելում. Երեւանի այս հակափաստարկը կարելի է ընկալել նաեւ փաստարկի հասկացողութեամբ շրջելով կարգը` հետեւեալ ձեւով: Տրուած ըլլալով, որ վերը նշուած բացատրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքը արդէն իսկ բանակցութիւններուն ներկայացուած է իր նախագահով, ուրեմն Ստեփանակերտը պէտք է անյապաղ միանայ բանակցային սեղանին:
«Ա.»
aztagdaily.com







