Բագրատունի Այցելեց Ապահովական Պատասխանատուներու

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի:

Հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցաւ երկրի ապահովութեան կացութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան տուեալ սպասարկութեանց աշխատանքի բարելաւման կարելիութիւնները:

Ճափոնի Դիւանագէտի Այցելութիւն

Միւս կողմէ, երեսփոխան Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Դամասկոսի մէջ Ճափոնի դեսպանի փոխանորդ Սուիշի Շիմիզուն, որուն հետ քննարկեց Լիբանան ապաստանած սուրիացի հայ տեղահանուածներու հետ կապուած խնդիրներ:

Պաղեստինեան Պատուիրակութիւն

Երեսփոխան Բագրատունիի այցելեցին նաեւ Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատի ներկայացուցիչներ Ալի Ֆէյսալ եւ Մոհամետ Խալիլ, որոնց հետ քննարկեց պաղեստինեւլիբանանեան խնդիրներ:

Բագրատունի անգամ մը եւս շեշտեց պաղեստինեան հարցի իրաւացիութիւնը, պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի անզիջելի իրաւունքը եւ Լիբանանի մէջ զանոնք վերջնականապէս բնակեցնելու կասկածելի ծրագիրներու մերժումը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերջին ժամանակներուն պաղեստինեան տարբեր շրջաններու մէջ իսրայէլեան բռնարարքներու սաստկացման ի տես արաբական եւ միջազգային շրջանակներու սառն վերաբերումին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել