Ակնարկ. Նոր Սահմանադրութեամբ Կառավարութեան Նիստերը Քաղաքական Բովանդակութիւն Ունին

Կուտակային կենսաթոշակի օրէնքի հետ կապուած կառավարական քննարկումներու առիթով ստեղծուած մթնոլորտը եւ սուր մեկնաբանութիւնները կը շարունակուին։ Այս նոր համակարգի պարտադիր բաղադրիչը, օրէնքը ընդհանրապէս, որոշ թուականէ ետք ծնածներու հետ կապուած համեմատութիւնները եւ այլ մանրամասնութիւններ սերտօրէն կապուած են այս դրութեան ունենալիք առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն հետ։ Խնդիրը իր ընդհանուրին մէջ մէկ կողմէ քաղաքացիներուն ստանալիք հետագայ թոշակներու գումարներու բարձրացումին առաջադրանքն է, միւս կողմէ ներկայ պահին քաղաքացիները առաւել եւս տնտեսական նեղ կացութեան չմատնելու մտահոգութիւնն է։

Այս երկուութեան միջին լուծումը կամ հանգրուանային հանգուցալուծումը պարտադիր բաղադրիչի վերացումը կրնար ըլլալ, որ նաեւ ըստ էութեան քաղաքացիի ընտրութեան, մարդու իրաւունքի եւ ժողովրդավարական հասկացողութիւններուն հետ աւելի առնչութիւն ունէր։

Տնտեսութեան զարգացման հարցերու նախարարի առարկութիւնները եւ աւելի ուշ ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարարի հրաժարականը, որքան ալ որ դուռ բացին թէժ մեկնաբանութիւններու, այնուամենայնիւ քաղաքական առումով նոր մշակոյթի ձեւաւորման նպաստեցին եւ դեռ կը նպաստեն անպայման։

Պարզ է տրամաբանութիւնը։ Եթէ կառավարութեան նիստին օրակարգով նախատեսուած քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ, այդ մէկը կը նշանակէ որ պիտի նախորդէ քննարկում։ Իսկ քննարկում կը նշանակէ բազմակարծութիւն, տարբեր տեսակէտներու պաշտպանութեան համար հիմնաւորումներ։ Բնականաբար նախընտրելի է, որ յետ քննարկումներու կառավարութիւնը յանգի ընդհանուր յայտարարի։ Բայց քուէարկութեան առկայութիւնը կ՛ենթադրէ նոյնիսկ ընդհանուր յայտարարի բացակայութեան պարագային, ազատ կամարտայայտութիւն ոչ միայն տեսակէտով այլ նաեւ քուէով։

Արտակարգ կամ հակաընթացակարգային ոչինչ արձանագրուեցաւ ուրեմն կուտակային կենսաթոշակի հետ կապուած կառավարութեան նիստի քննարկումներուն, այնտեղ ներկայացուած առարկութիւններուն կամ նոր օրէնքի սահմանադրականութիւնը ճշդելու նախանձախնդրութեամբ բարձրացուած հարցերուն մէջ։

Ի տարբերութիւն օրէնսդիր ժողովին, գործադիր մարմնի ժողովները աւելի միաձայն համանուագով կ՛ընթանային. Ծրագրի հետ կապուած ելոյթներ, աշխատանքային զեկուցումներ, յանձնարարականներ եւ անոնց կատարողականութեան մասին լսումներ, հարցումներ, որոշումներ։

Քննարկումի եւ ինչու չէ ներկառավարական բանավէճի որեւէ երեւոյթ կ՛ընկալուէր իբրեւ քաղաքական տագնապի դրսեւորում եւ կառավարութեան վարքագիծէ շեղում։

Հիմա, քննարկումները կը ստանան նաեւ կառուցողական նշանակութիւն եւ իբրեւ այդպիսին նաեւ քաղաքական առանցք։ Այստեղ պէտք չէ մտահան ընել, որ նոր սահմանադրութեամբ կառավարութիւնը ըստ էութեան տնտեսական գործառոյթներ իրականացնելու զուգահեռ եւ գուցէ յաճախ շատ աւելի քաղաքական հաստատութեան դեր ունի եւ իբրեւ գործադիր իշխանութիւն պատասխանատու է երկրի բազմաոլորտ գործունէութեան իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։ Հետեւաբար նախարարները ոչ միայն իրենց ոլորտին կապուած խնդիրներուն քննարկումի իրաւունք ու պարտաւորութիւն ունին, այլ ընդհանրապէս համակառավարական գործունէութեան։ Եւ ինչպէս որ գերնախագահականէն գերվարչապետականի անցումը, այնպէս նաեւ ուժային գերնախարարական կամ ընթացիկ ոլորտներու նախարարութիւններու միջեւ տարբերութիւնները պէտք է վերանան. յատկապէս որեւէ հարցի քննարկման բոլորին մասնակցութեան իրաւունքը գործնապէս կիրարկելու երեւոյթներով։

Ժողովրդավարական կանոններու մաս կը կազմէ նաեւ ոեւէ նախարարի կառավարութենէն դուրս գալը։ Եթէ պետական գործիչը չի յաջողիր իր անձնական եւ կառավարական որոշումները համատեղել իր իրաւունքն է հրաժարական տալը։ Այստեղ եւս արտակարգ որեւէ երեւոյթ չկայ եւ երեւոյթը յարիր է ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող երկիրներուն։

Միաձայն համանուագները ընդհանրապէս միանձնեայ համակարգերուն կամ ոչ ժողովրդավարական կարգերուն համապատասխան են։ Կեդրոնական դէմքով կառավարուող բազմաձայն կառավարութիւններու քննարկումները կը հարստանան բազմակարծութեամբ եւ որոշումներ կայացնելէ ետք կ՛աշխատին իբրեւ մէկ ամբողջական հաւաքականութիւն։

Հրաժարականի երեւոյթին հետ կապուած մէկ դիտարկում կարելի է արձանագրել։ Ճիշդ է, որ իր ստանձնած ոլորտին հետ կապուած էր նախարարի հրաժարականի որոշումը։ Նախարարը նախապէս դէմ եղած էր կուտակային կենսաթոշակի ապահովման օրինագիծին եւ որոշած էր հաւատարիմ մնալ իր սկզբունքներուն։ Սկզբունքայնութեան հետ կապուած որոշում է եւ ժողովրդավարական կանոններու ընդառաջ առնուած քայլ։

Սակայն եթէ ընդունինք, կառավարութեան իբրեւ մէկ ու միասնական խումբ գործելու մեկնակէտը, ապա անմիջապէս կը նկատենք, որ կուտակայինի հետ կապուած քննարկումներուն ընթացքին չէ միայն, որ նախապէս յայտարարուածներէն շրջադարձներ կը կատարուին տարբեր հանգամանքներու պատճառով։

Ասկէ նաեւ կը նկատենք, որ ընկերային հարցերու հետ կապուած որոշումները, քննարկումները շատ աւելի սուր զգայնութիւն եւ նկատառումներ ունին քան օրինակ երկրի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու հետ կապուած հարցերը։

Քաղաքագիտական մակարդակի վրայ ընկալելի է խորհրդարանական եւ կառավարական միեւնոյն խմբակցութեան ներկայացուցիչին կողմէ հնչած յայտարարութիւններուն, տեսակէտներուն միջեւ կատարուած շրջադարձերը։ Այնուամենայնիւ նոյնքան ընկալելի է նաեւ պաշտօնէ հրաժարական տալը այդ անհատական եւ կառավարական տեսակէտներու անհամատեղելիութեան պատճառով։

Կարեւորը այն է, որ խորհրդարանին առընթեր, նոր սահմանադրութեամբ քաղաքական բովանդակութիւն ստացած կառավարութիւնը իր քննարկումներուն կ՛ապահովէ բազմակարծութիւն եւ դուրս կու գայ միաձայնութեամբ համահարթեցում յառաջացնելու իրավիճակէն։

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել