Թարխանեան Քոնկրեսի Նախնական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց

ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ, «Էյ.Փի.».- Յունիս 13ին հաղորդուած նախնական տուեալներով՝ Նեւատայի քոնկրեսական երրորդ ընտրատարածքին մէջ Ներկայացուցիչներու տան անդամակցութեան ընտրապայքարին մասնակցող եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող Տենի Թարխանեանը (Հ.) յաղթանակ ապահոված է նահանգային նախնական ընտրութիւններուն, իսկ Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութեանց ընթացքին պիտի մրցի դեմոկրատ իր մրցակիցին՝ Սիւզի Լիի դէմ։

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած, սակայն, անսալով նախագահ Տանըլտ Թրամփի կոչին՝ իր որոշումը փոխած եւ նախագահին աջակցութիւնը ապահոված Թարխանեան, իրեն դէմ ունէր 8 հանրապետական մրցակիցներ։

Յիշեցնենք, որ 2016ին, նոյն այս ընտրատարածքին մէջ Թարխանեան նախնական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած էր՝ դառնալով Հանրապետական կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուն, սակայն Նոյեմբերի ընտրութիւններուն, քուէներու մօտաւորապէս 1 տոկոսի տարբերութեամբ տեղի տուած էր դեմոկրատ թեկնածուին դիմաց:

Յաջողակ գործարար եւ պասքեթպոլի հանրայայտ մարզիչ Ճերի Թարխանեանի զաւակը՝ Տենին, կը պաշտպանէ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր:

asbarez.com

Տպել Տպել