Ակնարկ. Ներքին Արդարութիւն – Արտաքին Անվտանգութիւն Բանաձեւը

Մեր երկրին մէջ տիրող յետյեղափոխական իրավիճակը բեկումնային պահեր ստեղծելու նախադրեալներ կը պարզէ: Արտաքին առումով եթէ յատկապէս նկատի ունենանք կառավարութեան ծրագիրը, վարչապետի ուղերձն ու տարբեր առիթներով կատարած յայտարարութիւնները, արտաքին գործոց նախարարի պատասխանները արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներուն, հիմնականին մէջ շրջադարձեր չեն նկատուիր. երանգային տարբերութեամբ մը Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի անմիջականութեան մասին առաջադրանքներ կը բարձրաձայնուին:

Մինչ ներքին առումով սկսելու համար հասարակական մակարդակի վրայ ցոյցերով նոր իրավիճակներ ստեղծելու դրսեւորումները կ՛աշխուժանան: Ընդգծելու համար հիմնականները կեդրոնանանք Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն, պահանջներուն, հրաժարականներուն եւ այժմու կացութեան վրայ:

Անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ քաղաքացիներու միջեւ կայացած միջադէպը, անոր հետեւած բռնարարքը տեղի տուին քաղաքացիներու դժգոհութիւններուն. բողոքի գործողութիւններուն զուգահեռ ընթացան բողոքարկողներու եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումներ, բանակցութիւններ. այդ բոլորը աւարտեցան պետական նախարարի, որոշ նախարարներու եւ յատկապէս ուժային կառոյցներու պատասխանատու անձնաւորութիւններու հրաժարականներով:

Բողոքի համախմբումները չդադրեցան սակայն. թէկուզ նօսրացած, այնուամենայնիւ համախմբումի կոչեր ընողները բարձրացուցին պահանջներու առաստաղը եւ բարձրաձայնեցին նախագահի հրաժարականին մասին:

Նախագահը, կշռադատուած պատասխաններով պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հիմնականին մէջ խօսեցաւ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չներկայանալու մասին: Ստեփանակերտի մէջ շարունակուող հաւաքներուն անգամ մը եւս հնչեց նախագահի հրաժարականի եւ այդ պահանջին տուն տուող պատճառներուն մասին հաւաքի կազմակերպիչներուն կողմէ եւ իրենց համար ընդունելի հիմնաւորումներ:

Որքան ալ բացայայտօրէն չկիրարկուէր, այսուհանդերձ հետեւողներուն մտածողութեան մէջ Երեւանի հաւանական գործօնի մասին ենթադրութիւններ կային այս բոլոր գործընթացներուն, խմորումներուն ձեւաւորման մէջ: Կար նաեւ համակողմանի գիտակցական մօտեցում` Երեւանը բացայայտօրէն չներքաշելու այս բոլորին մէջ, Արցախի անկախութիւնը շեշտելու եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ պաշտօնական հակափաստարկի առիթ չտալու:

Հայաստանի Հանրապետութեան թէ՛ նախագահի եւ թէ՛ վարչապետի Ստեփանակերտ կատարած այցելութիւնները կասեցուցին այս ընթացքի անկանխատեսելիութիւնը: Պարզ դարձաւ կարծէք, որ նախագահի հրաժարականը բացառուած է եւ թէ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած բարեփոխումները թէ քատրային հիմնական փոփոխութիւնները այս պահու դրութեամբ պէտք է իրավիճակ փոխելու դրական նախադրեալներ նկատել: Նախագահ Սահակեանի յստակացումով ալ խորքին մէջ կը տկարանային անձի վերարտադրութեան համար սահմանադրութեամբ գերնախագահական դրութիւն հաստատած ըլլալու տեսակէտները: Արցախի պարագային սակայն կարմիր գիծերու ուղղակի-անուղղակի վերյիշեցումը Երեւանի կողմէ ամենայն հաւանականութեամբ հակառակորդի աշխուժացման երեւոյթները նկատի ունին. իսկ այս պարագային թէ՛ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի երկայնքին եւ թէ՛ նախիջեւանեան ճակատի ուղղութիւններով:

Վարչապետին այցելութիւնը ո՛չ միայն Ստեփանակերտ, այլ նաեւ առաջնագծային ռազմաճակատներ եթէ մէկ կողմէ անվերապահ զօրակցութեամբ կը մեկնաբանուին նախագահ Սահակեանին, միւս կողմէ նաեւ ուղերձ են շփման գիծին երկայնքով ստորաբաժանումային կուտակումներ կատարող Պաքուի իշխանութիւններուն: Մինչ, Արցախի ժողովրդավար էութիւնը ընդգծող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւնը քաղաքացիութիւն-իշխանութիւն ցոյց-ընդառաջումներ երեւոյթին այս պայմաններուն մէջ իսկ ուղերձ է միջազգային ընտանիքին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման առաջադրանքին նպաստող:

Կարմիր գիծերը յայտնաբար նկատի կ՛ունենան ներքին արդարութիւն-արտաքին անվտանգութիւն գերակայ ուղղութիւններու հաւասարակշիռ բանաձեւի գործադրելիութիւնը: Վարքագիծ մը, որ կ՛ակնկալուի, որ տիրական ըլլայ ընդհանրապէս յետյեղափոխական իրավիճակին մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել