20 Յուլիս 1897. Ֆետայիներու յաղթական կռիւը Սապահան լիճի մօտ

Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման հերոսական դրուագներու շարքին իր յատուկ տեղն ու խորհուրդը ունի Սապահան լիճի մօտ դաշնակցական ֆետայիներուն մղած յաղթական կռիւը Յուլիս 20ի այս օրը, 114 տարի առաջ։

Ընդհանրապէս 1897 թուականի Յուլիս ամիսը եղաւ վերապրումի եւ վերաշխուժացման, նորովի ինքնակազմակերպման եւ հերոսական խոյանքի փուլ մը՝ Հայկական Յեղափոխութեան երկարաշունչ տարեգրութեան մէջ։

Համիտեան արիւնախում բռնատիրութեան եւ անոր կամակատար քրտական ասպատակութեանց տրուած հատու եւ զսպիչ հակահարուածին՝ անզուգական Խանասորի Արշաւանքին յաղթական ամիսն է Յուլիս 1897ը։

Անշուշտ չենք կրնար մոռնալ Յուլիս 25ի պանծալի թուականը եւ այդ օրը անպայման կը յիշենք արեամբ ներկուած Խանասորայ դաշտին վրայ մեր սերունդներուն կտակուած մեծակշիռ հերոսութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը պահէ ներշնչման աղբիւրի իր վարար նշանակութիւնը։

Այսօրուան՝ Սապահան (նաեւ՝ Սպահան) լիճին մերձակայքը մղուած ֆետայիներու յաղթական կռիւը եւս որոշակի իմաստով կապուած է Խանասորի արշաւանքին հետ։

Վանայ ծովուն արեւելքին գտնուող Սապահանի լճակը 1897ի Յուլիս 20ին յանկարծ ոգեղէն իմաստ զգեցաւ, որովհետեւ պարսկական սահմանէն դէպի Վան յառաջացող ֆետայիներու մեծաթիւ խումբը, իր փոխադրած մեծաքանակ զէնքերով ու զինամթերքով, ստիպուեցաւ դիմագրաւել օրհասական վտանգը եւ յաղթական դուրս գալ անհաւասար ուժերով մղուած ճակատագրական կռիւէն։

Հայկական Յեղափոխութեան պատմութիւնը կը յուշէ, որ այդ տարիներուն շարունակ սահմանը կտրող եւ Երկիր մտնող, պարսիկ, ռուս թէ թուրք սահմանապահ զօրքերու կրակին տակ ինկող՝ երբեմն կոտորուող, բայց յաճախ յաղթական անցք կատարող ֆետայական խումբերէն տարբեր էր Վազգէնի եւ Գուրգէնի ղեկավարած այդ մեծաթիւ խումբը, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ, իբրեւ կրակի իր առաջին մկրտութիւնը ստացող անկեղծ զինուոր, ապագայ մեծանուն հերոսը հայոց՝ Անդրանիկը։

Վազգէն (Տիգրան Տէրոյեան) եւ Գուրգէն (Բաղդասար Մալեան) արդէն փորձուած ֆետայիներ էին եւ պատահականօրէն չէր, որ անոնց յանձնուած էր ղեկավարութիւնը դղպի Վան ուղղուող մեծաթիւ խումբին։ Վազգէնը վանեցի էր, իսկ Գուրգէնը Քրիստափորի ծննդավայր Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղաւանէն էր։ Վազգէն եւ Գուրգէն գործօն մասնակիցներն էին 1896ի Յունիսին Վանայ Մեծ Դէպքին, երբ հայ յեղափոխական երեք կուսակցութեանց Վասպուրական Աշխարհի մարտական ուժերը միացեալ ճակատ կազմեցին եւ հերոսաբար մղեցին շրջանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւները՝ Վանն ու Շատախը արեան մէջ խեղդելու Համիտեան յորձանքին դէմ։ Ծանօթ պատմութիւն է դառն ու ողբերգական վախճանը Վանայ առաջին այդ ինքնապաշտպանութեան. Վանի մէջ գործող եւրոպական տէրութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ յատկապէս Անգլիոյ հիւպատոսին նենգամիտ ու դաւադիր միջնորդութեանց ու ճնշումին տակ, հայ յեղափոխականները ընդառաջեցին Վանի հայութեան փափաքին եւ յորդորներուն՝ իրենց զէնքերով ու կռուող ուժերով հեռանալու Վանէն եւ անցնելու Պարսկաստան. դաշնակցական Պետոյի, հնչակեան Մարտիկի եւ արմենական Աւետիսեանի միացեալ ղեկավարութեան տակ կռուած շուրջ հազար հայորդի այդպէ՛ս հեռացաւ Վանէն, բայց ճամբու ընթացքին քրտական Մազրիկ ցեղախումբի ղեկավար եւ Համիտեան զօրքի հրամանատար Շարաֆ պէյի կանոնաւոր եւ անկանոն զինեալներուն կողմէ կրնկակոխ հետապնդուեցաւ, պաշարուեցաւ, կենաց¬մահու կռիւներ մղեց. հետեւանքը եղաւ աւելի քան երեք հարիւր հայ մարտիկի նահատակութիւնը՝ երեք մեծանուն հայդուկապետներու կողքին…

Դաշնակցական գործիչներ Վազգէնն ու Գուրգէնը 1896ի Յունիսին պահուեցան իրենց տեղերը՝ առաջին Վանի, իսկ երկրորդը՝ Շատախի մէջ, որպէսզի ամբողջովին անպաշտպան չմնայ Վասպուրականի հայութիւնը։ Նահատակուած իրենց ընկերներուն, յատկապէս անզուգական Պետոյի, ինչպէս եւ հնչակեան թէ արմենական իրենց զինակիցներուն նահատակութեան վրէժը լուծելու վճռականութիւնը ամբողջ տարի մը բոցավառեց անոնց ողջ էութիւնը, մինչեւ որ Յունիս 1897ի վերջերուն իրենց կարգին կանչուեցան Սալմաստ, ուր Դաշնակցութիւնը պիտի գումարէր խորհրդակցական ընդլայնուած ժողով մը՝ վճռահատելու համար Նիկոլ Դումանի առաջարկած պատժական մեծ գործողութեան ճակատագիրը։ Ահա՛ այդ խորհրդաժողովին էր, որ Խանասորի Արշաւանքի ծրագրին գործադրութիւնը հաստատուեցաւ, արշաւախումբը կազմուեցաւ, բայց միաժամանակ որոշուեցաւ Սալմաստ կեդրոնացած մարտիկներու եւ զէնք-զինամթերքի կարեւոր մէկ մասը անմիջապէս եւ առանձին ճանապարհով ղրկել Վան, որպէսզի Խանասորի Արշաւանքին մեծ հաւանականութեամբ հետեւելիք Համիտեան կատաղութեան դէմ յանդիման կարելի ըլլայ թարմ ուժերով պաշտպանել հայութիւնը։

Բնականաբար Վազգէնի եւ Գուրգէնի վստահուեցաւ ղեկավարութիւնը այդ առաքելութեան։ Խումբը հետիոտն ճամբայ ինկաւ Յուլիսի կէսերուն եւ միայն Յուլիս 24ին մուտք գործեց Վան։ Ցերեկները խուսափեցաւ ուղեւորութենէ, պատսպարուեցաւ հայրենի բնութեան անառիկ ծոցը կամ հայաշատ գիւղերու մէջ, որպէսզի գիշերով կարենայ ճամբան շարունակել եւ իրեն վստահուած ծանր, այլեւ թանկագին բեռը ապահով Վան հասցնել։

Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 1 Հոկտեմբեր 1897ի համարով որոշակի մանրամասնութեամբ թղթակցութիւն մը հրատարակուած է Սապահան լճակի հերոսական կռուին մասին։ Թղթակցութեան հեղինակը, որ նոյնինքն Վազգէնն է (որ երկար ժամանակ «Դրօշակ»ին աշխատակցեցաւ կանոնաւորապէս), կը պատմէ, որ՝ «Երեք գիշերուան տաժանելի ճամբորդութենէ ետքը հասած էինք Բերկրի, Սպահան լճի մօտ (Վանայ Ծովակի արեւելեան կողմը)։ լոյսը բացուած էր եւ մենք չյաջողեցանք գիշերով մեր դիրքը բարձրանալ, որովհետեւ Ապաղայի մէկ¬երկու գիւղերէն հաց ճարելու համար զուր տեղը 2¬3 ժամ կորսնցուցած էինք։ Արշալոյսին հովիւ մը հեռուէն նկատեց մեզ, այնքան հեռուէն, որ անհնար եղաւ զինք բռնել կամ սպաննել։ Անմիջապէս ֆետայիներու երեւալը ամէն կողմ տարածեց եւ պինդ առաջ՝ մօտիկ վրանները։

«Մենք սկսանք պատրաստուիլ՝ վերցնելով մեզ հետ բաւականաչափ սառի կտորներ – որովհետեւ ջուր չկար – բարձրացանք սարի գագաթը ու դիրքեր շինեցինք։ Մեր շտապով պատրաստուիլը զուր եղաւ. քիւրտերը չհամարձակեցան շուտով դուրս գալ ֆետայիներու դէմ։ Սպասելէն համբերութիւննիս հատաւ. Յուլիսի վերջին օրերու շոգը մեր վրայ չէր ազդեր, բայց մեր սրտերը կը տրոփէր գեղեցիկ մօսիններու որոտը լսելու եւ թշնամու ուժը չափելու։
«Իսկապէս ֆետայիներուս հոգեկան վիճակը ծանր էր. օր ու գիշեր, անլուր նեղութիւններ կրելէ ետքը, լուռ ու մունջ ներս (Վան – Ն.) մտնել, գործ մը չկատարած, մինչդեռ մեր ընկերները ճիշդ նոյն պահուն մէկ ուրիշ կէտի (Խանասորայ դաշտին կþակնարկէ – Ն.) զարմանալի քաջագործութիւններով ամբողջ աշխարհի հիացումը կը վայելէին, սարսափ ազդելով թուրք կառավարութեան եւ վայրենի քիւրտերուն»։

Ընթերցողը կրնայ դիմել «Դրօշակ»ի թղթակցութեան եւ յաւելեալ մանրամասնութեամբ ծանօթանալ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ եւ յեղափոխական ինչպիսի՛ մարտունակութեամբ ֆետայիները կրցան, Յուլիս 20ի ամբողջ օրը, հերոսական ու յաղթական կռիւ մղել քիւրտ ասպատակողներու եւ թուրք զապթիէներու գերակշիռ ուժի յաջորդական յարձակումներուն դէմ։ Երեկոյեան, մութը կոխելուն, թշնամին արդէն զոհեր տալով փախուստի դիմած էր, իսկ ֆետայիները առանց կորուստի շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Վան, ուր Այգեստան մտան Յուլիս 24ին, զարմանքի մատնելով թրքական իշխանութիւնն ու եւրոպացի հիւպատոսները, բայց անսահման ոգեւորութիւն ներշնչելով ամբողջ Վասպուրականի հայութեան։

Այս առումով յիշարժան օր է Յուլիս 20ի այս օրը, որ 1897ին յաղթանակով պսակեց հայ յեղափոխականները կռիւը թրքական անարգ լուծին եւ քրտական կարճատես խաւարամտութեան դէմ։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել