Մամլոյ 141-րդ Լսարան. Կիրօ Մանոյեան Ներկայացուց Հայաստանի Եւ Հայ Դատի Վիճակը` Քաղաքական Վերջին Իրադարձութիւններուն Լոյսին Տակ

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երեքշաբթի, 10 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 141-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի մասին», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:


Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Եւրոպական խորհուրդին, Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարին ներկայացուած առաջարկներուն` Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան Համապարփակ համաձայնագիրի բանակցութիւններուն առնչութեամբ:

Կիրօ Մանոյեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի մասին, յատկապէս խօսելով այդ բանաձեւերով արտայայտուած եւ դրսեւորուած քաղաքական վիճակին մասին: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի (նաեւ Թուրքիոյ) վերջին ամիսներու ներքին քաղաքական կեանքը Արեւմուտքի եւ յատկապէս Եւրոպայի ուշադրութեան կեդրոնը եղած է եւ ստեղծած մթնոլորտ մը, որ մէկ կողմէ դիւրացուցած է Հայ դատի աշխատանքները, միւս կողմէ սակայն այլ վտանգ մը յառաջացուցած է: Թուրքիոյ պարագային Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիացի գաղթականներու հարցը մէկ կողմէ իբրեւ ճնշող, միւս կողմէ զսպող ազդակն է, իսկ Ազրպէյճանի պարագային եւրոպացի կարգ մը պատգամաւորներու, երկիրներու ներկայացուցիչներու կաշառակերութեան, փտածութեան բացայայտումներու հարցն է, որ նեղացուցած է Եւրոպան: Այս բոլորը համեմատելի են Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին հետ: Ճիշդ է, որ Հայաստանի հետ Եւրոպայի կնքած համաձայնագիրին սկզբնաւորութիւնը, կազմութիւնը եւ ամբողջ գործընթացը եղած է նախկին իշխանութեան օրերուն, սակայն Հայաստանի մէջ եղած խաղաղ իշխանափոխութիւնը եկաւ արագացնելու Եւրոպայի այն կարծիքը, որ համաձայնագիրին կնքումը անհրաժեշտութիւն է: Այս ամբողջ մթնոլորտը, թէ՛ Հայաստանի համար, թէ՛ յատկապէս Եւրոպայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն համար կարելիութիւն կու տայ աւելի աշխուժ աշխատանք կատարելու: Այս իմաստով որոշ փոփոխութիւն մը նկատելի է նաեւ Արցախի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին մէջ (թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ), երբ նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթըն այցելեց:


Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգավիճակին ազդեցութեան` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ: Ան խօսեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի երկու հանդիպումներուն մասին` մատնանշելով իշխանափոխութենէն առաջ եւ ետք տեղի ունեցած յայտարարութիւններու եւ Ռուսիոյ քաղաքական դէմքերու կեցուածքներու տարբերութիւնները: Ան անդրադարձաւ Ռուսիոյ կարգ մը մտավախութիւններուն (թաւշեայ յեղափոխութեան ազդեցութիւնը ներքին ընդդիմութեան վրայ) եւ Հայաստանի նոր իշխանութիւններու հաւասարակշռուած կեցուածքներուն: Իսկ շրջանի պարագային, որքան Արեւմուտքին մօտենալու կարելիութիւնները կը մեծնան Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն պատճառով, ատիկա մարտահրաւէր է, որ այնպէս մը չընկալուի, որ Հայաստանը Ռուսիոյ համար վտանգ է:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու ազդեցութեան` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վրայ, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ անոնց հետագայ ազդեցութեան` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն իմաստով:

Լսարանի աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ Հայաստանի քաղաքական կեանքի, Հայ դատի եւ շրջանային զարգացումներուն մասին ուղղելու հարցումներ, որոնց պատասխանեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել