Հայ Դատը Կը Ջանայ Ընկերային Ապահովութեան Տուրքի Կրկնակի Գանձումը Կանխարգիլել

ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առեւտրական կրկնակի հարկերու առաջքը առնող Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան նոր համաձայնագիր մը գոյացնելու աշխատանքին զուգահեռ, ներկայիս աշխատանք կը տանի նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ այլ համաձայանութիւն մը գոյացնել՝ ընկերային ապահովութեան տուրքի կրկնակի գանձումը կանխարգիլելու նպատակով, ինչ որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ յատկապէս ամերիկահայ այն քաղաքացիներուն համար, որոնք կը գործեն կամ հանգստեան կոչուած են երկու երկիրներուն մէջ։

Այս նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան 16 Յուլիս թուակիր նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու ընկերային ապահովութեան վարչութեան յանձնակատարի պաշտօնակատար Նենսի Պերիհիլին՝ շեշտելով, որ նման քայլ մը պիտի յստակացնէ ամերիկացի եւ հայ աշխատաւորներու ծրագիրները, նոյն ժամանակ նպաստելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն։

Միացեալ Նահանգները ներկայիս նման համաձայնագիր կնքած է առաւել քան 20 երկիրներու հետ։

asbarez.com

Տպել Տպել