Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Թրամփ-Փաշինեան Հանդիպում Գումարելու Կոչ Կ՛ընէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Յուլիս 23ին կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ, Տէյվիտ Վալատաօ, Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ, ստորագրահաւաքի մը սկսած են, որպէսզի իրենց պաշտօնակիցները աջակցին իրենց հեղինակած նամակին, որ կը քաջալերէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունենալու յառաջիկայ Սեպտեմբերին ՄԱԿի 73րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով Ամերիկա այցելող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս արշաւը՝ իր կարգին կոչ ընելով հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներուն, որ իրենց ստորագրութիւնը դնեն սոյն նամակին վրայ, նպաստելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը ջատագովող Հայ Դատի ջանքերուն, որոնք փոխադարձաբար նպաստաւոր պիտի ըլլան երկու երկիրներուն համար։

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատը ներկայիս յառաջ կը մղէ հետեւեալ նախաձեռնութիւնները.

Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան դասաւանումներու համար 140 միլիոն տոլարի յատկացում մը՝ Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցաւ.

1. Կրկնակի հարկումէ խուսափելու նպատակով առեւտրական նոր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւն՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ.

2. Ընկերային ապահովութեան տուրքերու կրկնակի գանձումին առաջքը առնող համաձայնագիրի մը կնքում երկու երկիրներուն միջեւ.

3. Լոս Անճելըս-Երեւան ուղղակի թռիչքներու համակարգ ստեղծելու կարելիութեանց քննարկում.

4. Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը զարգացնելու նպատակով հաստատուած Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդի գործունէութեան խթանում։

asbarez.com

Տպել Տպել