ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Դրոշմաթուղթի Հրապարակում Եւ Պատմութեան Նուիրուած Գիտաժողով` Երեւանի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն եօթներորդ օրը յատկացուեցաւ պետական արտօնութեամբ յատուկ դրոշմաթուղթի հրապարակման եւ միութեան հիմնադրութեան, կազմաւորման եւ տարածման նուիրուած գիտաժողովին, որոնք տեղի ունեցան սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:30:

100-ամեակի Դրոշմաթուղթը

100-ամեակի դրոշմաթուղթի հրապարակման ներկայ գտնուեցան սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեան

փոխնախարար Արմէն Արզումանեան, «Հայփոստ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հայկ Աւագեան, դրոշմաթուղթի հաւաքորդներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, հիւրեր եւ աշխարհի չորս ծագերէն Երեւան եկած ՀՄԸՄ-ականներ:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի արենուշներէն Անահիտ Անդրէասեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, խօսք առաւ «Հայփոստ»-ի ներկայացուցիչ Մարգարիտա Յակոբեան եւ նշեց, որ այսօր շրջանառութեան կը դրուի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յատուկ դրոշմաթուղթը, որ ունի 330 դրամի անուանական արժէք: Դրոշմաթուղթը տպուած է ֆրանսական «Քարթոր» տպագրատան մէջ` 40 հազար տպաքանակով: Դրոշմաթուղթին հեղինակն է «Հայփոստ»-ի ձեւագէտ Վահէ Մուրատեան: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի խորհրդանշանը եւ հատուած մը միութեան համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներէն` տեղադրուած սկաուտի տեսքով պատկերի մը մէջ:

Դրոշմաթուղթի հրապարակման համար հայրենի պատասխանատուներն ու ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը ստորագրեցին եւ կնքեցին նոր հրապարակուած դրոշմաթուղթերէն հինգական օրինակներ, որոնք փոխանակեցին իրարու հետ:

100-Ամեակի Գիտաժողովը

Դրոշմաթուղթի հրապարակման յաջորդեց 100-ամեակի գիտաժողովը, որուն սկիզբը երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Ռոլանտ Շառոյեան անակնկալ մը հրամցուց ներկաներուն, երբ Հայաստանի մարմնակրթական մշակոյթի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի գիտական խորհուրդին կողմէ պատուաւոր փրոֆեսէօրի վկայականով պատուեց հիմնարկի հեռակայ կարգով դասախօսներէն տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանը:


Գիտաժողովի բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան: Ան ըսաւ, թէ գիտաժողովը հիանալի առիթ է ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը ներկայացնելու, ուսումնասիրելու, հրապարակային քննարկման արժանացնելու եւ ըստ այնմ արժեւորելու միութեան դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կերտման մէջ:

Տէր Գրիգորեան շեշտեց նաեւ, որ ՀՄԸՄ իր ստեղծման օրէն սկսեալ իրականացուցած է ազգապահպանման ծրագիրներ` սերունդները դաստիարակելով հայրենասիրական եւ մարդասիրական արժէքներով: «Ես կը վստահեցնեմ, որ սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստակամ է տեւաբար աջակցելու ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներուն, ինչ որ կը յանգեցնէ որակական նոր մակարդակի համագործակցութեան: Մենք այսօր սկիզբ կը դնենք Հայաստան-սփիւռք կապերու նոր տեսակի` գործելով նոր Հայաստանի մէջ», եզրափակեց ան:

Գիտաժողովին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց տոքթ. Իշխան Եղիայեան: Ան ըսաւ, թէ 100-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ին մասին գիտաժողով կազմակերպելը օգտակար եւ կարեւոր է, որովհետեւ միութիւնը ունի հարուստ գրականութիւն, աշխարհի չորս կողմը սփռուած ահագին արխիւներ եւ նիւթեր, որոնց հետազօտումը պիտի հարստացնէ մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան էջերը:

Եղիայեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը սոսկական շարժում մը չէ միայն, այլեւ ան մարզական, ընկերային, մշակութային եւ տակաւին բազմաթիւ այլ նախարարութիւններու գործը կատարողն է տասնամեակներէ ի վեր: Հետեւաբար, առանց չափազանցութեան, անիկա «հայակերտման եւ հայապահպանման մեր նախարարութիւնն է»:

Իր խօսքին աւարտին, տոքթ. Իշխան Եղիայեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան` իր տրամադրած բոլոր դիւրութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ գիտաժողովին յաջողութեան նպաստած բոլոր պատասխանատուներուն:

Ապա, գիտաժողովը իր աշխատանքներուն անցնելով, չորս նիստերով լսեց չորս զեկուցումներ, որոնց շուրջ տեղի ունեցաւ քննարկում եւ արժեւորում: Նիստերը վարեցին չորս զրուցավարներ, որոնք ընդհանուր ներածականներով ներկայացուցին իւրաքանչիւր նիւթը եւ զեկուցաբերը: Նիստերը ընթացան հետեւեալ կարգով.-

Ա. նիստ- զեկուցաբեր` Հայկ Դեմոյեան, նիւթ` «ՀՄԸՄ-ի կազմաւորումը, առաջին քայլերը եւ գործունէութիւնը», զրուցավար` Գէորգ Յակոբճեան (Վիեննա):

Բ. նիստ- զեկուցաբեր` Յարութ Չեքիճեան, նիւթ` «ՀՄԸՄ-ի մայր հայրենիք վերադարձը եւ գործունէութիւնը (1918-1921)», զրուցավար` Սեւան Նազարեան (Փարիզ):

Գ. նիստ- զեկուցաբեր` Տիգրան Ճինպաշեան, նիւթ` «ՀՄԸՄ-ը իբրեւ սփիւռքի հայապահպանութեան ջահակիր եւ համահայկական կառոյցի տէր կազմակերպութիւն», զրուցավար` Յակոբ Գազանճեան (Նիկոսիա):

Դ. նիստ- զեկուցաբեր` Գեղամ Մանուկեան, նիւթ` «ՀՄԸՄ-ի վերընձիւղումը հայրենիքի մէջ եւ գործունէութիւնը մինչեւ մեր օրերը», զրուցավար` Վիգէն Աւագեան (Պէյրութ):

Նիստերու աւարտին, գիտաժողովին հիւրաբար մասնակցող տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը եղաւ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրումի մեր կամքը մարմնաւորող այն կենսունակ միութիւնը, որ հազարաւորներու կամքերը դարբնեց եւ միտքերը կոփեց: ՀՄԸՄ-ը եղաւ հայ մարդու վերանորոգ եռանդին, ինքնագիտակցութեան, ապագային նկատմամբ լաւատեսութեան լաւագոյն արտայայտիչը:

Քրիսեան յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ 100-ամեակին եւ նշեց, որ հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի տեսլականը` հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու մարդկային ազնիւ սկզբունքներու եւ ազգային համահայկական իտէալներու շուրջ, միշտ կը մնայ այժմէական եւ թելադրական:

Յայտնենք, որ գիտաժողովին նիստերը ուղղակիօրէն սփռուեցան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանէն եւ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջերէն:

100-ամեակի Մնացեալ Ձեռնարկները

ՀՄԸՄ-ի պատմութեան նուիրուած գիտաժողովի աշխատանքներով 100-ամեակի տօնակատարութիւնները հասան իրենց աւարտին: Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Օփերայի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպած է Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու ելոյթ: Վաղը, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ տեղի կ’ունենայ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու փակում, երբ Հայաստանի ու ՀՄԸՄ-ի դրօշները հանդիսաւոր կերպով վար կ’առնուին եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշը կը յանձնուի Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանին, իսկ Հայաստանի դրօշը` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի թանգարանին:

Կիրակի, երեկոյեան, տօնակատարութիւնները իրենց աւարտին կը հասնին յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով, որուն կը մասնակցին 100-ամեակին առիթով Հայաստան եկած 2000 ՀՄԸՄ-ականներ` վարչական պատասխանատուներ, համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակիցներ, ծնողներ, հիւրեր, բարեկամներ եւ բարերարներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել