Երիտասարդական Ջահերթ` Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակին

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 26 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 35 տարիներ առաջ իրենց կեանքը հայութեան եւ Հայ դատին մատաղ ըրած Արային, Սիմոնին, Սագոյին, Սեդրակին եւ Վաչէին:

Հասնելով գերեզմանատուն, ներկաները մոմերով ու ծաղիկներով ուղղուեցան հինգ հերոսներուն դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

ԼԵՄ-ի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք միութեան խօսքը արտասանեց Նանոր Պալապանեան, որ հաստատեց, թէ 35 տարիներ առաջ գերագոյն զոհաբերութեամբ պսակուած, իր ոճով եզակի այս անձնուէր գործողութեամբ Հայ դատը համայն աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձաւ, երբ Լիզպոնի 5 մարտիկները դէպի իմացեալ մահ քալեցին անտրտունջ, ազգին համար փաստելով, որ հայը տէրն է իր իրաւունքներուն, հայը պայքարող է եւ յանձնուիլ չի գիտեր, այլ ամուր կառչած է իր նպատակներուն եւ ոչինչ կը խնայէ իր արդարացի իրաւունքներուն տիրանալու համար:

«Լիզպոնի հինգ տղաքը քաջ գիտէին, թէ կ՛ուղղուէին դէպի մահ: Գիտէին անկասկած, որ ալ վերադարձ չկար, կար ողջակիզում, որուն ընդմէջէն անոնք կը տեսնէին բազմաչարչար հայ ազգին իղձերը, ազատութեան կարօտ հայրենիքը եւ հայոց սրբազան դատը: Անոնք քաջ էին եւ խրոխտ, բայց գերազանցապէս համեստ», ըսաւ Ն. Պալապանեան` շեշտելով, որ տղաքը անտեսեցին կեանքի ամէն տեսակի հաճոյք եւ հաստատ քայլերով ուղղուեցան հոն, ուր թէեւ վերջ պիտի գտնէր իրենց կեանքը, սակայն պիտի ծագէր նոր արշալոյս մը, սկիզբ պիտի առնէր նոր փուլ մը, պիտի բացուէր պայքարի նոր էջ մը:

Նանոր Պալապանեան ապա անդրադարձաւ մերօրեայ իրականութեան` հարց տալով, որ այսօր երիտասարդութիւնը արժանի՞ է հինգ հերոսներուն յաջորդը կոչուելու: Ըստ անոր, մենք ծնած ենք հայ եւ մեր պարտքն է հետապնդել Հայ դատը, ունինք հաւաքական պարտականութիւն` ապրելու եւ գործելու հայօրէ՛ն, բայց եւ այնպէս այսօր մեր մէջ սկսած են բոյն դնել անտարբերութիւնն ու յուսահատութիւնը, կամ լաւագոյն պարագային մերօրեայ կեանքի մակերեսային համակերպութեան պարտաւորութիւնները:

«Զգուշ պէտք է ըլլանք, մենք մեզ պարտական պէտք է զգանք շարունակելու Լիզպոնի հինգին սկսած սուրբ գործը. անոնց առաքինի, վեհ եւ համեստութեամբ համակուած խիզախ գործողութիւնը մեզի օրինակ թող դառնայ: Ըլլանք նուիրուած եւ աննկուն կամքի տէր երիտասարդներ, ըլլանք անոնց պէս գործնապաշտ եւ հեռու աժան խօսքի մշակոյթէ, սկզբունքներու տէր եւ վեհանձն անհատներ: Ծառայենք մեր ազգին, պաշտպանենք մեր դատը` հեռանալով ամէն տեսակի սայթաքումէ: Լաւ գիտնանք, թէ թուրքը չէ դադրած մեր թշնամին ըլլալէ, եւ այսօր մեզ կը փորձէ հարուածել տարբեր ձեւերով: Քաջ գիտնանք, թէ թուլութիւնն ու տկարութիւնը մեզ կը տանին դէպի ձուլում, եւ այդպիսով աննպատակ մսխած կ՛ըլլանք Լիզպոնի հինգ տղոց սուրբ կտակն ու շեղած անոնց գծած նպատակային ուղիէն», եզրափակեց ան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել