Լիզպոնի Գործողութեան 35-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

«Լիզպոնի Գիտակից Ինքնանահատակութիւնը Արդարութեան Եւ Իրաւունքի Հաստատման Յեղափոխական Ու Քաղաքական Աքթ Է Եւ Վերազարթնող Կոչ` Հայու Ինքնութեան Պահպանման Ու Ամրապնդման» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը լեցուցած հայորդիներուն, յատկապէս երիտասարդներուն հետ հաղորդակցելու, անոնց պատգամներ փոխանցելու եւ իրենց կատարած վեհ գործողութեան անժամանցելիութիւնն ու կարեւորութիւնը շեշտելու «եկած էին» Սիմոնը, Սագոն, Վաչէն, Արան ու Սեդրակը: Անմահ տղոց անձնուրացութիւնը, խիզախութիւնը, հայկական արժէքներն ու Հայ դատը, հաւաքական շահերը ամէն բանէ, նոյնիսկ իրենց կեանքէն վեր դասելու անոնց կոչը կը թեւածէին սրահին մէջ` արտասանուած խօսքերուն, այս առիթով պատրաստուած տեսերիզին եւ հոն տրուած արժեւորումներուն ընդմէջէն: Հոն էին անոնք, նաեւ` իւրաքանչիւր հայու սրտին ու խղճին մէջ` երբեք մակերեսայնութեամբ չտարուելու, ամէն բանի խորքը թափանցելու եւ իրենց անձնազոհութեան տէր ըլլալու բարձրագոռ պատգամով:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներու յիշատակին իբրեւ յարգանք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Անկէ ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Սէրուժեան, որ Լիզպոնի գործողութիւնը նկատեց հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն պանծալի էջերէն մէկը` հաստատելով, որ 35 տարի ետք եւս քաջութեան, աներեր կամքի, անսակարկ պատրաստակամութեան եւ եզակի զոհողութեան գերագոյն ոգիի տէր 5 տղոց յիշատակը վառ կը մնայ պահանջատէր իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի հոգիին մէջ, գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութեամբ: Ըստ անոր, ձեռնարկին նպատակն է ո՛չ միայն խոնարհիլ անոնց պանծալի յիշատակին առջեւ, այլ նաեւ ուխտել` դառնալ արժանի ժառանգորդները անոնց անվախճան երթին: Ն. Սէրուժեան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի գործողութիւնը միջազգային ընտանիքն ու օտար միջավայրը Հայ դատին իրազեկ դարձնելու նպատակով չկատարուեցաւ միայն, այլ նաեւ ներքին պատգամ ուղղելու համար ալ:

«Բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք ներկայիս հաւաքաբար: Մեծ նահանջի մէջ են հայ մշակոյթն ու բարքերը, հայ ապրելու եւ հայութեամբ շնչելու մեր կենցաղը կ՛ապրի ճակատագրական օրեր: Նահանջի մէջ է նաեւ հաւաքական շահերու հետապնդման գործը շարունակելու մեր պատրաստակամութիւնը: Պայքարի միջոցները թէեւ վերջին տասնամեակներուն շատ փոխուած են, սակայն պայքարի դաշտը միեւնոյնն է, մանաւանդ միեւնոյնն է մեր դարաւոր թշնամին, եւ տակաւին չենք նուաճած հայութեան լիիրաւ եւ ամբողջական յաղթանակի այնքան երազուած բարձունքները», ըսաւ ան` ԼԵՄ-ականներուն անունով խոստանալով արթուն պահակ ըլլալ թշնամիին սադրանքներուն դէմ, թիավարել հոսանքն ի վեր, խարազանել յուսահատութիւնը, լարել ուժերը եւ պայքարիլ հաւաքաբար, «որովհետեւ մեր ճամբան լուսաւորողը մեր անվեհեր 5 տղոց արեւաշող դէմքերն են, որոնք մեզի կը պատգամեն սատար հանդիսանալ Հայաստանի եւ հայութեան շահերուն»: Նարօտ Սէրուժեան հաստատեց, որ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը այլընտրանք չունի` բացի իր ուսերէն օտարամոլութիւնը թօթափելէ, յոռի բարքերուն դէմ պայքարելէ, լրջութեամբ ու զգօնութեամբ հայն ու Հայաստանը յուզող հարցերուն հետեւելէ, միասին ըլլալէ ու իրարու օգնելէ, «ինչպէս ըրին Լիզպոնի 5 սուրբերը»:

Ապա երկու բաժինով ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի 5 տղոց կեանքը, անոնց խօսքերը, ինչպէս նաեւ Բենիամին Պչաքճեանի, Վաչէ Բրուտեանի, Երուանդ Փամպուքեանի եւ Յովիկ Պերթիզլեանի կողմէ գործողութեան արժեւորումը ներկայացնող համապարփակ տեսերիզ մը:

Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած ջահերթին ընթացքին ստացած իր տպաւորութիւններուն եւ դիտել տուաւ, թէ մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը, որ կարգապահ ու հաւատարիմ շարքերով ուղղուեցաւ գերեզմանատուն` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու 5 հերոսներու յիշատակին, ֆիզիքապէս ծանօթ չէր տղոց, բայց ներկայ էր ու մասնակից: «Ազգերու պատմութիւնը, ազատագրական պայքարները, գաղափարական նուաճումները, հայրենասիրական պողպատացումները կը կատարուին ներկաներով, գործին հաւատացեալներով ու գործը շարունակելու երդումը պահպանող անհատներով», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով, որ մեր երիտասարդութիւնը, որուն հանդէպ տարաբնոյթ որակումներ կը կատարուէին ու կը կատարուին միշտ, իր ներկայութեամբ 35-րդ անգամ ըլլալով եկաւ փաստելու, որ հետապնդողն է հայութեան հարցերուն, կամաւոր բանակն է, որ հակառակ իր սահմանափակ զէնքերուն, հաւատքն ու կամքը կը վերածէ պայթիւնի` քանդելու ամէն կապանք, խորտակելու ամէն պատնէշ եւ կրնկակոխ քայլերով կ՛ընթանայ առաջ: Ըստ անոր, մարտունակ, հայրենասէր ու գաղափարապաշտ հայ երիտասարդը ատակ է դիմագրաւելու պարագայական ու ժամանակաւոր ազդեցութիւն ունեցող վտանգներն ու մարտահրաւէրները` միշտ պատրաստ նորանոր նուաճումներ արձանագրելու:

Ապա Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ Լիզպոնի անձնուրաց տղոց մասին, որոնք ծնան ու հասակ առին հայահոծ թաղամասերուն մէջ, ապրեցան սփիւռքահայ երիտասարդին տառապանքը, մերժեցին հայուն պարտադրուած կեանքը եւ անզուգական հերոսութեամբ առին ինքնազոհաբերման, ինքնանահատակման գիտակցական որոշումը` իմացեալ մահով մահը կոխկռտելու ու բացառիկ գաղափարական լիցքով, համոզումով ու մարտունակութեամբ արտայայտելու մահ կամ ազատութիւն դիւցազնութիւնը: «Անոնք` Լիզպոնի անձնուրացները, առանձնացած ծնունդը չէին մեր ժողովուրդին, ո՛չ ալ Լիզպոնի ինքնանահատակութիւնը` առանձնացած գործողութիւն: Տղաքն ու գործողութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի աւանդներու ժառանգներն էին ու անխուսափելի շարունակութիւնը եւ արտայայտութիւնը առանց արդար հատուցումի թշնամիին դէմ զէնքը վար չդնելու առողջ վարքագիծին», շեշտեց ան` լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ անցեալի նահատակները, Լիզպոնի նահատակները եւ այսօր ճակատի պաշտպան ու նահատակութիւնը յանձն առած երիտասարդները կը միանան մէկ ու միակ գաղափարի շուրջ` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի:

Լիզպոնի ինքնանահատակման գործողութեան էութիւնն ու թելադրականութիւնը մեկնաբանելով` Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ թէեւ տարածուած է ըսել, թէ Լիզպոնը մաս կը կազմէ հակաթուրք պայքարի վերջին ժամանակներու ընդհանուր շղթային, սակայն, ըստ էութեան, անիկա Հայ դատի ընդհանուր պայքարի շրջագիծին մէջ յաւելեալ ուժականութիւն տուող յատուկ առանձնայատկութեամբ գործողութիւն է, յեղափոխական աւանդներուն վերադառնալու եւ մեր դատը զուտ քաղաքական, խնդրարկուի դաշտէն դէպի ուժական պայքար փոխադրող լաւագոյն արտայայտութիւնն է:

«Լիզպոնի գիտակից ինքնանահատակման գործողութիւնը արդարութեան եւ իրաւունքի հաստատման յեղափոխական ու քաղաքական աքթ է` յիշեցնելու թշնամիին եւ անոր կողքին կանգնող բոլոր պետութիւններուն եւ ուժերուն, որ առանց հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերադարձին եւ արդարութեան վերականգնումին, կարելի չէ իրագործել ընդհանրական արդարութիւն, եւ կեղծ են արդարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, հաւասարութիւն ու այլ գեղեցիկ, սակայն, ըստ էութեան, մեծապետական եւ ուժեղ պետութիւններու կողմէ շահագործուող յղացքները, որոնք ծառայած են ու դժբախտաբար կը շարունակեն ծառայել պետութեանց ռազմական, քաղաքական, տնտեսական ու առեւտրական առաւելութիւններու ձեռքբերման միայն: Լիզպոնը, զայն կանխող կամ յաջորդող աքթերը տրամաբանականօրէն պիտի չառաջնորդէին գրաւեալ հողերու ազատագրման եւ իրաւունքներու ձեռքբերման: Անոնք ճնշումի միջոցներ էին, արդարութեան հաւատացող ժողովուրդի մը, որ յուսախաբութենէն ծնած ցասումով, արդարութեան բարկութեամբ ամբողջ աշխարհին կը ծանուցէր, թէ ո՛չ ցեղասպանը, ոչ ալ ամենազօր ուժը կրցած են խորտակել հայու պահանջատիրութիւնն ու անոր աննկուն կամքը:

«Պատգամ էր Լիզպոնը հայութեան համար: Այն հայութեան, որ սկսած էր խրուիլ ապասերման, մեղկացման տիղմին մէջ: Այն հայութեան, որ անհատակեդրոն իր կողմնորոշումները գերադաս կը նկատէր համահայկական ազգային պահանջատիրական գաղափարաբանութենէն: Այն հայութեան, որ տակաւին կը հաւատար, թէ մեր թշնամի պետութեան հետ կարելի է խելօք բարեկամութիւն հաստատել, մոռնալ անցեալը, փակել Ցեղասպանութեան էջը եւ սկսիլ նոր «քաղաքակիրթ» յարաբերութիւններու: Այն հայութեան, որ կը կարծէր, թէ փճացած է երիտասարդութիւնը, քանդուած է մարտունակութիւնը, մոռցուած են արժէքները եւ հայութիւնը ճակատագրուած է ապրելու անհայրենիք ու գրաւուած հողերը Արցախի թէ արեւմտեան Հայաստանի յաւիտենական սեփականութիւնը դարձած են զաւթիչներուն», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Բանախօսը յայտնեց, որ հայկականութեամբ կազմաւորուած հինգ հերոսները քաջ կը գիտակցէին, որ աստիճանաբար ուծացող հայութիւնն ու անոր երիտասարդութիւնը Հայ դատի պահանջատիրական ընդհանրական պայքարին մէջ չեն կրնար ամուր մնալ նահանջելով, հեռանալով հայութենէն, մոռնալով ընտանեկան եւ ազգային արժէքները, օտարանալով, այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ նկատեցին իրենց գործողութեամբ զգաստութեան կոչ ուղղելու, պահանջելու կառչիլ մնայուն արժէքին, խորքայինին եւ հիմնականին:

Լիզպոնի անձնուրացներուն խիզախութիւնը, կեանքի ամէն վայելքէ հրաժարելու անոնց որոշումը լուսարձակի տակ առնելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ անոնց ընտրած վեհագոյնը յատուկ է իրենց նմաններուն, հզօրներուն, որուն արժանի եղան իրենք, «իսկ մենք` մեզպէսները, շարունակեցինք մեր կեանքը, որովհետեւ բոլորիս չի մատուցուիր նահատակութեան դափնեպսակը, կամ անկեղծօրէն այդ խիզախութիւնը չենք ամբարած»: Ան ըսաւ, թէ Սեդրակը մեռաւ, որպէսզի ուրիշներ տեսնեն մայր հողը, ազատ Արցախը, ուխտաւորութեան երթան Արեւմտեան Հայաստան, եռագոյնը բարձրացնեն Արարատի գագաթին, ապա խօսելով Սիմոնին մասին` բանախօսը յայտնեց, որ ան գիտէ, թէ բարիին ու չարին միջեւ բարին կը յաղթէ, արդարին ու վատին միջեւ արդարը կը յաղթէ ու գիտէ, թէ իր ընկերները թէկուզ եւ ժամանակաւոր ու անցողակի տատանումէ ետք միշտ կը մնան լաւ գործի մարտիկներ, մինչ Արան, որ միշտ աճապարանքի մէջ էր, կը ձգտէր ժամանակը մօտեցնել, կրցաւ իր նուիրումով մօտեցնել ժամանակը, անկախացան Հայաստանն ու Արցախը: Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ հայոց փրկութիւնը միայն զէնքով տեսնող Վաչէին վար թողած զէնքը գետին չմնաց, ու անոր սերնդակից Վիգէնն ու Մհերը կարճ ժամանակ ետք Արցախի մէջ զէնք վերցնելով նահատակուեցան: Սագոն կը հաւատար, որ հայրենիքը չի տրուիր, ան չկրցաւ ալ առնել, բայց գալիք սերունդներուն փոխանցեց հայրենիք ունենալու արժէքը, հրամայականը:

Նորօրեայ պայմաններն ու մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ առնելով` բանախօսը շեշտեց, որ Լիզպոնի 35-ամեակին, հոս, Երեւան, Ստեփանակերտ թէ սփիւռքեան այլ գաղութներու մէջ պարտինք բարձր պահել դրօշը, քաղցրութեամբ, հպարտութեամբ, յաճախ ինքնամոռացութեամբ շարունակել կրել համահայկական պահանջատիրութեան բեռը:

Լիզպոնի գործողութեան վերաբերող որեւէ հարցականի արձագանգելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Երէկ եւ այսօր, անցեալին ու ներկայիս, աչքերուն մէջ երեւցող հարցադրումներուն պատասխանը Սիմոնի, Վաչէի, Արայի, Սեդրակի եւ Սագոյի բռունցքներուն, իրարու միացած բռունցքներու պայթումին մէջ է: Ոչ մէկ կասկած, ոչ մէկ երկրորդ մտածում, ոչ մէկ անհիմն մանրամասնութիւն, ոչ մէկ նենգափոխում, ոչ մէկ բամբասանք, ոչ մէկ չկայացած հերոսութիւն, ոչ մէկ աւելորդաբանութիւն կրնան նուազագոյն փոշին դնել անոնց խիզախութեան, անձնուրացութեան եւ ինքնանահատակման վրայ»:

Աւարտին իր խօսքը բոլորին, յատկապէս երիտասարդութեան ուղղելով ան կոչ ուղղեց բարձր պահելու հայութեան պատիւը բարձր պահող զէնքը` հաւատարմութեան, հայկականութեան, հայրենիքի պաշտպանութեան, հայոց լեզուի ու մշակոյթի պահպանումին: «Բարձր պահեցէք զէնքը ընկերասիրութեան, զէնքը` աշխատանքի, զէնքը` խոնարհութեան, զէնքը` իրերօգնութեան, զէնքը` դաւաճանութեան դէմ, զէնքը` հայութիւնը պառակտող եւ օտարացնող հովերուն դէմ: Ու պահեցէք զէնքը սուրբ, զէնքը` արդարութիւն պարտադրող, զէնքը` ազատագրումին, զէնքը` թշնամիին դէմ: Բոլոր անոնք, որոնք հանգիստ հող կը մտնեն դուք էք անոնց յոյսը, սիրելի՛ երիտասարդներ», իր խօսքը աւարտեց Յակոբ Բագրատունի:

Ձեռնարկին ընթացքին Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին» բանաստեղծութիւնը, իսկ Արմիկ ու Հերմիկ Աբրահամեաններ երգեցին Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգեր` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հայկ Քէշիշեանի:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգին երգեցողութեամբ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել