Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յուլիսի 27ին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ Մեթնի կարիքները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել