ՀՅԴ-ի 122-ամեակի Համաժողովրդային Եւ Արժանավայել Տօնախմբութիւն.

Մինասեան. «Դաշնակցութեան Ընդդիմադիր Կեցուածքը
Ինքնանպատակ Չէ, Այլ Կը Միտի Պահպանել Եւ Ամրապնդել
Պետականութիւնը, Հետապնդել Հայութեան Շահերը»

Մխիթարեան. «Դաշնակցութիւնը Լիբանանի Մէջ Իր Բոլոր
Ճիգերը Ի Գործ Կը Դնէ Զօրակցելու Երկրին Գերիշխանութեան
Եւ Հողային Ամբողջականութեան»

ARF122-Beirut

Երէկ ուխտի վերանորոգման օրն էր: Երէկ աւելի քան մէկ դար պատմութիւն ունեցող կուսակցութեան հաշուետուութեան պահն էր: Երէկ հաւաքական կամքով պայքարը շարունակելու վճռականութեան արտայայտութեան առիթն էր: Երէկ ՀՅԴ-ի 122-ամեակի համաժողովրդային տօնակատարութիւնն էր:

Երէկ բոլորը եկած էին զօրակցելու եւ իրենց վստահութիւնը փոխանցելու հայութեան իրաւունքներուն պաշտպան կուսակցութեան: Պատանիները, երիտասարդները, ուսանողները, տարեցները, բանուորները, ուսուցիչները, արուեստագէտները, արհեստաւորները, տնօրէնները, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, քաղաքապետները, հոգեւոր առաջնորդներն ու քաղաքական եւ պետական գործիչները միատեղուած էին եւ բոլորը միացնողը անգամ մը եւս ինչպէս միշտ Դաշնակցութիւնն էր:
Բոլորը եկած էին միասնաբար շարունակելու արեան ճամբով կերտուած պատմութեան դժուար, բայց պանծալի եւ յուսատու էջերը:

Երէկ` ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր ՀՅԴ Մանիֆեստը:

ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հանդիսութեան, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Դաշնակցութեան նահատակներուն յիշատակը: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբէն խումբ մը տղաք` խմբավարութեամբ Գօգօ Ալլոզեանի: Խումբի դաշնակահարն էր Յասմիկ Գասպարեան, իսկ տուտուկահարը` Յակոբ Գելուկեան: «Գուսան» երգեց «Կարկուտ տեղաց», «Խնուսից գալով», «Գելէ լաօ» եւ «Առաքել Մուշեղ» երգերը: Երրորդ երգին ասմունքով ընկերակցեցաւ Նազարէթ Գէորգեան:

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, որ նշեց, թէ Դաշնակցութեան ամբողջական նպատակը` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ը տակաւին չէ իրականացած, եւ այս գծով Դաշնակցութիւնն ու համայն հայութիւնը մեծ աշխատանք ունին կատարելիք: Մինասեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր նպատակին իրականացման համար պատրաստ է կռուի դաշտին զոհեր մատուցելու, պահանջատէր ըլլալու, պայքարելու եւ մերժելու պարտուողական դիրքորոշումներն ու վիճակները: Ան աւելցուց, որ միայն պայքարող ազգը կրնայ եւ իրաւունք ունի գոյատեւելու եւ առաջ երթալու:

Խօսելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին` Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ այսօր ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւն է, բայց այս կեցուածքը ինքնանպատակ չէ, իշխանութիւն դառնալու համար չէ, այլ` կը միտի պահպանել ու ամրապնդել պետականութիւնը եւ հետապնդել հայութեան շահերը: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կան քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ ժողովրդավարական խնդիրներ, եւ այս իրադրութեան մէջ դժբախտաբար չկայ իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւն: Մինասեան հաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ նախագահը փոփոխութիւններ կատարելու կամքը եւ վճռակամութիւնը պէտք է ունենայ:

Մինասեան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները մերժելի են եւ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց ստորագրութիւնը պէտք է յետս կոչեն այդ արձանագրութիւններէն, որովհետեւ այս քայլը ամօթալի է եւ ազգային առումով անընդունելի: Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի ստորագրութեամբ:

Իր խօսքի աւարտին, Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»-ը երազ չէ, այլ` իրականանալի նպատակ մը, որուն մէջ հայութեան բոլոր հատուածները ունին իրենց պարտականութիւնները:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով ելոյթ ունեցաւ «Կարապալա» խումբը, որ երգեց «Պատանիներու պար»-ը, «Զինուորի երգ»-ը, «Կարմիր կակաչները»:

Օրուան երկրորդ պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան հարցերն ու սկզբունքային մօտեցումներուն վրայ հիմնուած առաջադրանքներն ու աշխատանքները: Մխիթարեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ իր բոլոր ճիգերը ի գործ կը դնէ զօրակցելու Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան, ազատութեան, պաշտպանութեան եւ հողային ամբողջականութեան: Երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութեան անդրադառնալէ ետք, Մխիթարեան հաստատեց, որ ներկայիս երիտասարդութիւնը պատրաստելու եւ անոր աշխատանքի ծիրը ընդարձակելու անհրաժեշտութեան առջեւ է կուսակցութիւնը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, որ ներկայացուց «Շիրակի պար»-ը: Պարախումբի պարուսոյցն է Յովիկ Խաչիկեան: Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը` խմբավարութեամբ Պօղոս Քենտիրճեանի: Խումբը նուագեց «Քայլ առ առաջ»ը, «Գարահիսար»-ը, «Սասուն»-ը, «Հայաստան աշխարհ»-ը, «Մենք պէտք է կռուենք»-ը: Դաշնակցութեան 122-ամեակի արժանավայել հանդիսութիւնը փակուեցաւ շեփորախումբին կատարողութեամբ «Արիւնոտ դրօշ»-ով:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել