Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի Ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի Արտասանած Խօսքը

HovigMekhitarianԴաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը առիթ է հաւաքական կազմակերպական ինքնարժեւորման:

Սխալ պիտի ըլլար սակայն, եւ հիմնական սխալ, այդ առիթները վերածել ինքնագովասանքի, միայն իրագործուածը նշելու, ատով բաւարարուելու եւ պարտականութիւնը կատարածի հոգեբանութեամբ լուռ կամ բարձրաձայն յայտարարելու, որ մեր կազմակերպութիւնը իր գործը լիարժէք կատարած է եւ կը մնայ պարզապէս շեփորահարել կատարուածը կամ ծափահարել իրագործուածին:

Նոյնքան անյարմար պիտի ըլլար սակայն միայն բացթողումներուն, չյաջողածին ու չկայացուածին նայիլը, զանոնք լոյսին բերելը եւ եզրակացնելը, թէ պայմանները առաջուան նման գործելու կարելիութիւն չեն ստեղծեր հասարակական կազմակերպութիւններուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար քաղաքական կուսակցութիւններուն համար:

Ճի՛շդ է. ներկայ աշխարհակարգը ձեռնտու ենթահող չի վերապահեր գաղափարախօսական շարժումներուն, դար մը առաջ հայրենիքի փրկութեան տենդով հրավառուած կազմակերպութիւններուն համար: Միաժամանակ` ճիշդ է սակայն, որ խորքը պահելով եւ ձեւը փոխելով ժամանակին հետ քայլ պահելով գաղափարական-քաղաքական շարժումները կը շարունակեն իրենց երթը` իրենց հովանոցին տակ բերելով նոր սերունդները, երիտասարդները:

Հաւասարակշռուած մօտեցումը կը պահանջէ ուրեմն, որեւէ յոբելեանի համար, եւ այս պարագային` Դաշնակցութեան օրուան առիթով, լոյսին բերելը թէ՛ իրագործումները եւ թէ՛ բացթողումները, թէ՛ յաջողածը եւ թէ տակաւին կիսատ մնացածը, թէ՛ հեզասահ իրականացուածը եւ թէ դժուարութեան եւ արգելքներուն հանդիպածը:

Կը գիտակցինք, որ նման տեղեկագրում մը շատ աւելի հեռու է յոբելենական հանդիսութեան մը ճշդած բանախօսութեան սահմաններէն: Բայց եւ այնպէս հարցերու ընդհանուր ներկայացման այս փորձը կը բխի ա՛յս մօտեցումէն եւ աւելի կը կեդրոնանայ սկզբունքային մօտեցումներու վրայ հիմնուած առաջադրանքներուն վրայ, ուրուագծելու համար հեռանկարային աշխատանքները:

Կը գիտակցինք նախ մեր կազմակերպական աշխատանքներուն աւելի թափ տալու, աւելի արդիւնաւէտ եւ աւելի արհեստավարժ դարձնելու անհրաժեշտութեան: Ճիշդ է, որ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին կազմակերպական աշխատանքը ամէնէն աչքառու ձեւով թէ՛ մեր հանրութեան եւ թէ՛ լիբանանեան հասարակութեան կ՛երեւայ ընտրական հանգրուաններուն: Բոլորը անխտի՛ր, նոյնիսկ մեր ընտրական հակառակորդները բարձրաձայն կը խօսին Դաշնակցութեան ընտրամեքենայի կազմակերպուած եւ արհեստավարժ գործունէութեան մասին: Այս մէկը անշուշտ միայն գործելու ոճ չէ. ամէնէն արդիական մեքենան անգամ չի կրնար արդիւնք տալ նման պարագաներու` եթէ չկայ ժողովուրդին հաւատքը մեր կուսակցութեան հանդէպ, եթէ չկայ համախմբելու գաղափարախօսական ուժը:

Ներկայ ժամանակները սակայն, իրենց պայմաններով ձեռնտու չեն գաղափարախօսական շարժումներու ծաղկումին ու զարգացման: Փոխուած են դասական մեթոտները. արտաքին միջամտութիւնները, ոչ անպայման ազգային հողի վրայ կատարուող ազդեցութիւնները, մարդկային իրաւունքներուն եւ ազգային գաղափարախօսութիւններու կարգախօսներուն տակ ուրիշ քաղաքականութիւններ կ՛իրականացնեն: Համացանցի ընկերային կայքէջները նման շարժումներ յառաջացնելու կը ծառայեն: Մենք անհրաժեշտութեան առջեւ ենք նոր մեթոտները լիակատար կերպով օգտագործելով առաջ տանիլ գաղափարականը: Գաղափարին ու գաղափարախօսութեան նկատմամբ ստեղծուող համաշխարհային անտարբերութիւնը ազդած է նաեւ մեր շրջանակներուն եւ մեր երիտասարդութեան վրայ: Պահը հասունցած է նոր մեթոտներու որդեգրումով մեր արժէքներուն նկատմամբ կառչածութիւնը պահելու եւ աշխատանքի նոր եղանակներ որդեգրելու:

Հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր ծառայող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեր կազմակերպութիւնը շուրջ 110 տարուան կեանք ունի նաեւ այս երկրին մէջ ու իբրեւ այդպիսին յստակ կեցուածքներ` ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ` շրջապատին հետ առնչուող տարբեր հարցերուն նկատմամբ:

Պատմական թէ քաղաքական փորձառութեամբ, Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական ուժերու մեր ամէնէն հին կազմակերպութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին համահաւասար առաջնահերթութիւն տուած է երկու հիմնական կռուաններու` Լիբանանի եւ Լիբանանի հայութիւն:

Մեր շուրջ պատահող զանազան վերիվայրումները, վայրագութեան թէ բռնութեան աճը, ծայրայեղ հոսանքներու ծաւալումը, շրջանային թէ միջազգային ուժերու անվերջանալի միջամտութիւնները, «Արաբական գարուն»-ի խորագիրով կայացած փոփոխութիւններու անյստակ ապագան, Իսրայէլի թշնամական գոյութիւնն ու Թուրքիոյ նոր օսմանական նկրտումները, արաբական ներքին պառակտումներն ու ուղղահայեաց բեւեռացումը Լիբանանն ու շրջանը կը դնեն անորոշութեան դիմաց, ուր մենք սակայն ընտրած ըլլալով քաղաքական մեր նպատակադրուած ուղին, յստակօրէն հետեւեալ վարքագիծին կը հետեւինք:

Լիբանանեան մակարդակի վրայ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի ու կ՛աշխատի Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան, ազատութեան պաշտպանութեան, եւ հողային ամբողջականութեան ի խնդիր: Լիբանանը է՛ եւ պէ՛տք է մնայ տիպար օրինակը հայրենիքի բաղկացուցիչ տարրերու համերաշխ գոյակցութեան, ազգային միասնականութեան եւ փոխադարձ յարգանքի: Լիբանանը` իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ, առաջնահերթ պարտականութիւնը ունի պաշտպանելու վերեւ յիշուած սկզբունքները եւ դիմադրելու իսրայէլեան թշնամիին` ընձեռած բոլոր միջոցներով:

Մեր շրջապատի վերիվայրումներն ու յատկապէս նախորդ երկար ամիսներուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ցաւալի պատահարները անտարակոյս կերպով իրենց անդրադարձը կ՛ունենան Լիբանանի ներքին, արդէն իսկ պառակտուած կեանքին վրայ: Մենք պարտաւոր ենք մենք մեզ անջատել սուրիական տագնապէն եւ առաւելագոյն չափով ամրապնդել ներքին միասնականութիւնը` նուազագոյն վնասով դուրս գալու հաւանական որեւէ բացասական գործընթացէ:

Աւելի քան 15 տարի ներքին պատերազմէ տառապած լիբանանցին կրնայ միայն մէկ բան ցանկալ իր դրացի Սուրիոյ` վերջ տալ վայրագութեան, վերջ տալ Սուրիոյ աւերումին, արգիլել Սուրիոյ բաժանումը եւ երկխօսութեան ճամբով հասնիլ յարմարագոյն լուծումին:
Լիբանանեան թատերաբեմին վրայ ապահովական խախտումները, սպանութիւններն ու տարբեր շրջաններու մէջ տարբեր առիթներու արձանագրուող զինեալ բախումները, տնտեսական յարաճուն տագնապը, խորհրդարանական աշխատանքներու թէ երկխօսութեան խորհուրդի նիստերու պոյքոթումը, կառավարութեան աշխատանքներու դանդաղեցումը, թէ ցարդ ընտրական արդար օրէնքի մը բացակայութիւնն ու այդ ուղղութեամբ շարունակուող պարանաձգութիւնը մեզ կը դնեն նաեւ տագնապներուն ուղիղ կերպով նայելու հրամայականին առջեւ:
Առ այդ, մեզի համար յստակ են հետեւեալ սկզբունքները:

Լիբանանեան զինեալ ուժերը, թէկուզ երբեմն համայնքային գունաւորումով, կը մնան փրկութեան հիմնական լաստը ընդդէմ Լիբանանը հարուածող եւ որեւէ կողմէ եկող փոթորիկի: Լիբանանցի ժողովուրդը պարտի ամբողջական վստահութիւն յայտնել զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններուն նկատմամբ:

Տնտեսական սաստկացող տագնապն ու բանուոր եւ պաշտօնեայ դասակարգին պահանջները առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն: Ճիշդ է, որ անցեալէն եկած ժառանգը կարելի չէ արագօրէն վերացնել: Նոյնքան եւ աւելի ճշմարիտ է նաեւ ա՛յն, որ կարելի չէ զանազան պատրուակներով շարունակել ժողովուրդը աղքատացնելու ընթացքը: Ամէն մակարդակի վրայ տարածուած փտածութիւնը, պետական աղբիւրները սեփական շահերու ի խնդիր օգտագործումը, կաշառքը, մենաշնորհներու տարածուած ըլլալը, տնտեսական ու առեւտրական քարթելները, տուրքերու անհամեմատ եւ անհաւասարակշիռ բաժանումը, առանձնաշնորհումներն ու համայնքային մասնաբաժինները, որոշումներու ձգձգումը, տեւաբար յաւելեալ շահ ապահովելու ձգտումը երկիրը կը դնէ պայթիւնավտանգ կացութեան դիմաց, որուն դէմ յանդիման մենք կը զօրակցինք ժողովրդային ցասումին` միշտ մնալով ժողովրդավարական արտայայտութեան եւ խաղաղ միջոցներու սահմաններուն մէջ:

Երկրին մէջ քաղաքական թէ հաստատութիւններու աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելու առնչութեամբ եւս մեր կեցուածքը յստակ է: Ներկայ տագնապի այս օրերուն արտօնելի չէ անդամալուծումի ենթարկել երկիրն ու ժողովուրդին առօրեային հետ առնչուող հարցերուն լուծումը: Թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ խորհրդարանին դիմաց ցցուող հսկայական հարցերը արագ լուծումներու կը կարօտին. կառավարութեան հրաժարականի պահանջով խորհրդարանը պոյքոթի ենթարկելը պարզապէս կը վնասէ ժողովուրդի առօրեային հետ առնչուող տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի խնդիրներու լուծման, աւելին` կը նպաստէ անոնց բարդացման:

Անհրաժեշտ է սահմանադրական թուականներու յարգումը խորհրդարանական ընտրութիւններու կապակցաբար` ընտրական նոր, հաւասարակշռուած եւ իրաւ ներկայացուցչութիւնը ապահովող օրէնքի մը հիմամբ: Բոլոր անոնք, որոնք ընտրական օրէնքի քննարկումի յետաձգման կը նպաստեն, ըստ էութեան չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը: Այս ուղղութեամբ մենք կը զօրակցինք իրաւ եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ քաղաքական մասնակցութիւն ապահովող օրէնքի մը, այս իմաստով նաեւ մեզի համար առաջնահերթ է, որ Լիբանանի հայութիւնն ու զայն ներկայացնող կուսակցութիւնները` իրե՛նք ըլլան հայ թեկնածուները ճշդող ուժերը, մերժելով այլ համայնքներու կամ կուսակցութիւններու միջամտութիւնը:

Վերջապէս, ամրօրէն կառչած կը մնանք չափաւորութեան, զգօնութեան եւ երկխօսութեան ընտրանքներուն: Անհրաժեշտ չէ տեւաբար փաստարկել երկխօսութեան կարեւորութիւնը: Իբրեւ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը, մենք վերոյիշեալ սկզբունքները կը նկատենք Լիբանանի գոյութեան իսկ հիմնաքարերու կարեւորագոյնները: Ո՛չ մէկ համայնք կրնայ ջնջել այլ համայնք, ո՛չ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ հաշուեյարդարի ենթարկել այլ ուժ մը: Այսպէս է մեր փորձառութիւնը: Բոլորս ալ հաւասարազօր քաղաքացիներ ենք ու իբրեւ այդպիսին պարտաւոր ենք ազատ ընտրանքով, բայց փոխադարձ հանդուրժողութեամբ եւ յարգանքով միասնաբար ապրիլ:

Մենք հաւատացողն ենք, որ ինչ որ ալ ըլլան լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ հայկական տարբեր կուսակցութիւններու հետ մեր տարակարծութիւնները եւ քաղաքական տարբեր համախմբումներու պատկանելիութեան հարցերուն պատճառները, փաստը ցոյց տուած է, որ այս գաղութը վտանգին դիմաց` մանաւանդ գաղութին սպառնացող զանազան տեսակի վտանգաւոր կացութիւններու առջեւ, գիտէ՛ միաւորուիլ:

Այս համախումբ աշխատանքը եւ համագործակցութիւնը միայն վտանգաւոր պահերու չէ անշուշտ: Թէ՛ միջկուսակցական, եւ թէ միջյարանուանական մակարդակներու վրայ մենք շատ պատճառներ ու առիթներ ունինք համագործակցելու եւ ներկայանալու ամբողջ լիբանանահայութեան անունով: Այդպէս ալ կ՛ընենք ու այդպէս ալ պիտի շարունակենք ընել տակաւին:

Ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ դրսեւորուած մեր համախումբ աշխատանքի կառոյցը եւ գործունէութիւնը, այլ նաեւ Հայաստան հիմնադրամի, Արցախի հզօրացման եւ հայրենական շատ ու շատ խնդիրներու եւ առիթներու համագաղութային համագործակցութիւնը արդէն աւանդական աշխատանքի տարազ ստացած է: Մենք պարտաւոր ենք աւելի զարգացնելու այս վարքագիծը, յատկապէս այս երկրին մէջ մեր թշնամիին ներկայութիւնն ու աշխուժութիւնը նկատի ունենալով:

Ներգաղութային առումով գիտակից ենք, որ դէպքերու ընթացքը միշտ չէ որ ի նպաստ լիբանանահայութեան ներկայացուցած հզօր ու կազմակերպուած վիճակի պահպանման կը նպաստէ: Ապահովական եւ քաղաքական վերիվայրումներուն եւ անորոշութեան դիմաց երիտասարդ խաւի արտագաղթը ընդհանուր մտահոգութիւն է բոլորիս համար: Տնտեսական տագնապը եւ անոր իբրեւ անմիջական հետեւանք` ընկերային խնդիրներու բազմացումը մեզ կը ստիպեն աւելի կազմակերպուած ձեւով տանելու ժողովուրդին զանազան կարիքներուն հասնելու աշխատանքները:

Մանաւանդ որ այս օրերուն տագնապի մէջ յայտնուած սուրիահայ ընտանիքներու հետզհետէ զգալի ներկայութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծել: Ազգային իշխանութիւններու եւ ուսումնական պատասխանատուներու հետ խորհրդակցաբար` բոլոր կարելիութիւնները չեն խնայուիր սուրիահայ ընտանիքներու զաւակները մեր վարժարանները ընդունելու առումով: Զուգահեռ` երեսփոխանական գրասենեակ կը դիմեն բնակարանային, առողջապահական խնդիրներ դիմագրաւող սուրիահայ ընտանիքները, որոնք ժամանակաւոր ապաստան գտած են այստեղ: Այն բոլոր ծառայութիւնները, որոնք մեր կառոյցներն ու գրասենեակները կը կատարեն լիբանանահայ ընտանիքներուն` առանց խտրութեան եւ տարբերութեան, կը կատարեն նաեւ սուրիահայ ընտանիքներուն: Սուրիոյ դէպքերու արագ եւ անկանխատեսելի զարգացման պարագային եւ սուրիահայերու զանգուածային ժամանումի պարագային, Կեդրոնական Կոմիտէն մշակած է նաեւ թէ՛ մասսայական ապաստանի, եւ թէ համապատասխան ծառայութիւններու ամբողջական ծրագիր` իր տրամադրութեան տակ գտնուող շէնքերն ու կառոյցները սուրիահայ ընտանիքներուն տրամադրելու:

Այսօր, Կեդրոնական Կոմիտէի համակարգումով, արդէն գաղութի բոլոր բարեսիրական միութիւնները յատուկ աշխատանք կը տանին սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն զանազան կարիքները հոգալու ուղղութեամբ: Պետական թէ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ եւս առաջին հանգրուանի աշխատանքներ կը տարուին ժամանակաւոր կայք հաստատողներուն համար յատկացումներ ապահովելու նպատակով:

Միջին Արեւելքի գաղութները ռազմավարական նշանակութիւն ունին ինչպէս սփիւռքի, այնպէս նաեւ հայրենիքի համար: Սուրիահայ մեր պատմական գաղութը այդ նշանակութեան կարեւոր հատուածը կը կազմէ եւ մեր աշխատանքը` սուրիահայ համայնքին զօրակցելու, պիտի ըլլայ ուսումնասիրուած եւ հետեւողական: Տագնապը դիմագրաւելու լիբանանեան մեր փորձառութիւնն ու ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու մեր միջոցները տրամադրելի պիտի ըլլան սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

Ազգային կեանքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն ծիրին մէջ կեդրոնական վարժարանի ծրագիրը թեւակոխած է արդէն գործնական հանգրուան: Շինարարութեան պետական արտօնագիրը ապահովուած է, ինչպէս նաեւ վարժարանի ճարտարապետական նախագիծը իր ամբողջութեան մէջ պատրաստ վիճակի մէջ է: Շուտով կը ձեռնարկուի շինարարական աշխատանքներու: Վստահ ենք, որ գաղութի ապագային երաշխիքը նկատուող այս վարժարանի կառուցումը կը ստանայ համագաղութային զօրակցութիւն: Լիբանանահայ գաղութը սփիւռքի հայ կեանքին մարդուժ տրամադրող գաղութն է եւ իր այս անփոխարինելի դերակատարութիւնը առաջին հերթին կը պահպանէ իր վարժարաններու միջոցով:

Այս սկզբունքէն մեկնած` կեդրոնական վարժարանի շինարարութեան զուգահեռ Կեդրոնական Կոմիտէն պիտի շարունակէ աջակցիլ ուսումնական խորհուրդի ձեռնարկած բոլոր աշխատանքներուն` հայ դպրոցի այսօրուան դժուարութիւնները դիմագրաւելու, ծրագիրները այժմէականացնելու եւ մեր դպրոցները ժամանակակից յարմարութիւններով օժտելու բոլոր ճիգերուն արդիւնաւորման համար:

Նոր սերունդի դաստիարակութեան, գաղափարական կազմաւորման եւ ընդհանրապէս մեր շարքերու երիտասարդացման բնական գործընթացը ճիշդ հունով առաջնորդելու հրամայականէն մղուած` վաղը իր դռները կը բանայ երիտասարդական կեդրոնը, Պուրճ Համուտի մէջ, որ կը կոչուի ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան վերջին շրջանի պատմութեան մէջ մարտական գործի խորհրդանիշի վերածուած, կարգապահութեան Դաշնակցութեան հասկացողութեան մարմնաւորում հանդիսացած, ի՛ր գործով, ի՛ր լուռ ու ծանրակշիռ կեցուածքով սերունդներ հմայած` Աբրահամ Աշճեանի անունով:

«Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ Դաշնակցութեան պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողութեան հազարաւոր անդամները Լիբանանի հնոցին մէջ առիթ պիտի ունենան դաստիարակուելու, աշխատելու, կազմաւորուելու եւ դառնալու վաղուան մեր կազմակերպութեան անդամները: Այս կեդրոնը կոչուած պիտի ըլլայ հաւաքելու Դաշնակցութեան մղիչ ուժը, ամենաաշխուժ տարրը, մեր կուսակցութեան նոր աւիշ հասցնող խաւը:

Այն երիտասարդ սերունդը, որ արժանի ժառանգորդը պիտի ըլլայ Լիբանանի ինքնապաշտպանութեան առաջին դիրքերը գրաւողներուն, յեղափոխական աւանդի վերադարձ կատարողներուն, Արցախի խրամատներուն դիրքեր գրաւած փաղանգներուն ու տակաւին շատ ու շատ զոհաբերութիւններու պատրաստ դաշնակցական երիտասարդներուն:

Այսօր եւս ՀՅԴ-ի համակուսակցական որոշումներու լոյսին տակ Կեդրոնական Կոմիտէն ծրագիրներ կը պատրաստէ Արեւմտահայաստանը իբրեւ կուսակցական, երիտասարդական գործադաշտ նկատի ունենալու եւ այդ ուղղութեամբ գործուղումներ կազմակերպելու համար:

Մեր երիտասարդութիւնը պատրաստելու եւ անոր աշխատանքի ծիրը ընդարձակելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք իբրեւ կուսակցութիւն: Մեր թշնամին մղոններով հեռու չէ մեզմէ, այս երկրէն ներս թափանցած է բոլոր մակարդակներու վրայ, եւ մենք չենք կրնար միայն երէկուան միջոցներով պայքարիլ թշնամիին դէմ: Հետեւիլը, տեղեկանալը, բարեսիրական, կրթական եւ բժշկական պիտակներու տակ տարուող աշխատանքներուն նպատակները բացայայտելը եւ մա՛նաւանդ լիբանանեան հանրային կարծիքը արթնցնելը եւ համապատասխան հակազդեցութիւն ստեղծելը առաջին հանգրուանի կազմակերպուելիք աշխատանքներ են, որոնց պէտք է ձեռնարկէ մեր երիտասարդութիւնը:

Այս մէկը զուտ մեր գաղութին վերաբերող խնդիր չէ միայն: Աշխատանքը կը տարուի Անգարա – Պէյրութ մակարդակի վրայ. Առ այդ, մեր ակնկալութիւնն է, որ գործնականապէս սերտանան Պէյրութի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին վերջին այցելութիւնը պէտք է աշխուժացնէ կնքուած բոլոր համաձայնագիրները: Մեր ակնկալութիւնն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընձեռէ բոլոր միջոցները հայրենիքի հետ լիբանանեան բոլոր տեսակի կապերը սերտացնելու, յարաբերութիւնները աշխուժացնելու, այս կապերու զարգացման համար կենսական նշանակութիւն ունեցող օդանաւի անհասկնալի խնդիրները լուծելու:

Այս բոլորը անյետաձգելի գործեր են: Լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը ամբողջ սփիւռքի մէջ` ազգային, կրօնական, քաղաքական եւ մշակութային առումներով պիտի շարունակէ մնալ հիմնական եւ առանցքային:

Յարգելի՛ ներկաներ,

Լիբանանի այսօրուան պայմանները ծանր են թէ՛ ապահովական, թէ՛ տնտեսական-ընկերային եւ թէ՛ քաղաքական իմաստներով: Այդ բոլորին իբրեւ անմիջական հետեւանք ծանր են նաեւ լիբանանահայ գաղութի պայմանները, որոնց վրայ կ՛աւելնայ սուրիահայ ընտանիքներու ապրած դժուարութիւնները: Այս բոլորը մեր դժուարութիւններն են, եւ մենք չենք խուսափիր զանոնք մերը համարելու պատասխանատուութենէն:

Սակայն մե՛րն են նաեւ կամքը, ծառայելու պատրաստակամութիւնը, չյուսահատելու որոշումը եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդին տիրութիւն եւ ծառայութիւն ընելու աւանդութիւնը:

Հարիւրքսաներկուամեայ Դաշնակցութիւնը այլ ճամբայ ցոյց չի տար մեզի, բացի այս բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու ճամբէն:

Մենք պատրա՛ստ ենք շարունակելու ընթանալ Դաշնակցութեան ուղիէն:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել