«Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւնները Իրենք Կ՛որոշեն Լիբանանահայութեան Թեկնածուները» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

HagopPakradounianՀայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սապաթ» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին Լիբանան այցելութեան, 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումներուն:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան կատարած այցելութեան` Յ. Բագրատունի նշեց, որ հակառակ անոր որ այդ այցելութիւնը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ուղղուած հրաւէրին ընդառաջելու յատուկ այցելութիւն մըն էր, սակայն երկու երկիրներուն միջեւ մտերմութեան յարաբերութիւնները համակեցին այդ այցելութիւնը եւ զայն դուրս բերին իր պաշտօնական պարունակէն:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ գործակցութեան համաձայնագիրները (շուրջ 30) բազմացնելու առումով բաւական յաջող այցելութիւն մը եղած էր այս այցելութիւնը: Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ այդ այցելութիւնը դրական եղած է նաեւ լիբանանահայութեան համար, ինչպէս նաեւ եղած է առիթ մը, որպէսզի Հայաստանի նախագահը մօտէն ծանօթանայ լիբանանահայութեան իրավիճակին, այցելէ անոր կառոյցները եւ հանդիպի լիբանանահայ ուսանողութեան հետ:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ նախագահ Սարգսեանի Լիբանան այցելութիւնը կատարուած է շրջանին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն հանգստութիւն մը պատճառած է` նկատի ունենալով, որ Հայաստան առաջին պետութիւնն է, որ քրիստոնէութիւնը ճանչցած է իբրեւ պետական կրօն, եւ անոր նախագահը կը նախագահէ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ երկրի մը: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ հայերը ֆրանսացիներուն պէս չեն` ֆրանսական քաղաքացիութիւն ունեցող, բայց Լիբանանի մէջ ապրող, «այլ` մենք այս երկրին լիիրաւ քաղաքացիներն ենք», աւելցուց ան:

Սուրիոյ մէջ հայութեան գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ հայութեան գոյութիւնը պատմական է եւ անիկա կ՛երթայ մինչեւ ԺԱ. դար, այսինքն` Հայոց ցեղասպանութենէն դարեր առաջ: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ եւ հայութեան միջեւ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդուեցան Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայութեան արիւնը շաղախուեցաւ Սուրիոյ հողին:

Սուրիոյ հայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայութեան ճակատագիրը ուղղակի առնչուած է Սուրիոյ ճակատագիրին: «Երկրի մը դիմագրաւած հարցերն ու տագնապները ուղղակիօրէն կ՛ազդեն նաեւ անոր քաղաքացիներուն վրայ: Սուրիահայութիւնը կը զօրակցի իր պետութեան ու անոր միասնականութեան եւ կը մերժէ Սուրիոյ մասնատումն ու բաժանումը, անշուշտ մերժելով նաեւ բռնարարքները` ըլլան անոնք երկրին իշխանութիւններուն թէ զինեալ ընդդիմութեան կողմէ, մաղթելով, որ Սուրիոյ տագնապը խաղաղ միջոցներով եւ երկխօսութեամբ կարելի ըլլայ լուծել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը ողբերգական է, «սակայն հակառակ այդ կացութեան, հայկական հաստատութիւնները կը շարունակեն գործել: Դժբախտաբար Սուրիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ հայկական եկեղեցիներ եւս ռմբակոծուեցան, յատկապէս Տէր Զօրի, Համայի, Հոմսի եւ Հալէպի մէջ, պարզապէս որովհետեւ անոնք հայկական եկեղեցիներ էին», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ իրականութիւնը լաւ ըմբռնելու համար պէտք է վերադառնալ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կատարած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ յստակ կերպով կը շեշտուի, թէ իրենց հարցը հայկական պետութեան հետ չէ, այլ` հայկական սփիւռքին, յատկապէս լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան` նկատի ունենալով, որ անոնց ապրած երկիրները Թուրքիոյ անմիջական մօտակայքը գտնուող երկիրներ են:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ սուրիահայութիւնը կը զօրակցի Սուրիոյ ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ հայութիւնը ոչ ոքի դէմ զէնք պիտի բարձրացնէ: «Մենք կը պաշտպանենք մեր հաստատութիւնները, արժանապատուութիւնն ու մեր զաւակները եւ ոչ ոքի դէմ փամփուշտ պիտի արձակենք: Մենք կը մերժենք զինեալ խմբաւորումներ կազմաւորել, սակայն մեր կառոյցները կը պաշտպանենք: Մեր իրաւունքն է պաշտպանել մեր ինչքերը եւ կասեցնել աւազակութիւնն ու սպանութիւնը», ըսաւ ան:

Ակնարկելով Սուրիայէն գաղթող հայութեան` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հալէպահայերէն ոմանք լքած են քաղաքը եւ ժամանակաւոր կերպով ուղղուած Լիբանան ու Հայաստան, այնպէս ինչպէս պատահած է լիբանանեան պատերազմին ընթացքին, երբ շատ մը լիբանանահայեր ուղղուեցան Սուրիա` ապահովական ապակայունութեան պատճառով:

Սուրիահայ գաղթականներուն թիւին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ առումով մեծ թիւեր չեն արձանագրուած` աւելցնելով, որ պայմանները զուտ ապահովական, ուսումնական եւ կենցաղային են: «Մեզի համար նախընտրելի է, որ սուրիահայերը Լիբանան եւ Հայաստան ուղղուին եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներ կամ Եւրոպա, որովհետեւ մենք նախանձախնդիր ենք Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան պահպանումին», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները անելի չմատնուին: Ան աւելցուց, որ ժողովրդավարական կարգերուն պարագային քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ գժտութիւնը թերեւս բնական երեւոյթ է, սակայն Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ կացութեան եւ պայմաններուն պարագային անիկա մերժելի է:

«Այն պատրուակը, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդարանին մէջ իրենց աշխատանքները պոյքոթի ենթարկած են` կառավարութիւնը հրաժարականի մղելու նպատակով, անիրապաշտ մօտեցում մը կը նկատուի, որովհետեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառավարութեան կազմութեան առաջին իսկ օրէն ճիգ չխնայեցին անոր պարտադրելու, որ հրաժարի: Այդ արշաւները շղթայազերծուեցան հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութենէն շատ առաջ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի իշխանութեան հանգրուանին եւս արձանագրուեցան շարք մը քաղաքական սպանութիւններ, սակայն Սինիորա չհրաժարեցաւ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընդդիմութեան կողմէ բոլոր լիբանանցիներուն շահերուն վերաբերող աշխատանքներուն կասեցումը ընդունելի չէ: Այս ծիրին մէջ ան հարց տուաւ, որ եթէ կառավարութիւնը պետական պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը խորհրդարան փոխանցէ, անոնք պիտի վաւերացնե՞ն զայն, թէ՞ խորհրդարան իրենց ներկայութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկեն:

Երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու երեսփոխաններուն ներկայանալու խորհրդարան եւ աշխատելու ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու ուղղութեամբ: «Ո՛վ որ կը մերժէ 1960-ի իրաւազրկող ընտրական օրէնքին փոփոխութիւնը, ապա ան չի փափաքիր, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարուին», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան շեշտեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ անիկա միակ միջոցն է տեղական եւ շրջանային հարցերը կանխարգիլելու: «Երկխօսութիւնը կասեցնելով բոլոր կողմերը կը տուժեն», ըսաւ ան:

ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը վայելող ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին կամ որեւէ այլ օրէնքի, որ կ՛աշխուժացնէ եւ կը բարելաւէ միջքրիստոնէական գործակցութիւնը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքը իր կարգին կ՛ապահովէ լիբանանեան տարբեր համայնքներուն իսկական ներկայացուցչութիւնը: «Լիբանանի նման երկրի մը մէջ կայուն իշխանութիւն կարելի է ապահովել անոր բնակչութեան 49 առ հարիւրին դէմ գործուած անիրաւութեան վերջ տալով», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը 2005-էն ի վեր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրական եւ քաղաքական դաշնակիցն է եւ հանգիստ է իր այդ դաշինքին մէջ: Սակայն ՀՅԴ գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ նաեւ քաղաքական այլ ուժերու, յատկապէս նկատի ունենալով քրիստոնէական ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, ՍԴՀԿ-ը եւ ՌԱԿ-ը միակ իրաւասուներն են որոշելու խորհրդարանին մէջ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող թեկնածուները:

Երեսփոխան Միշել Մըրի հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իրենց միջեւ ընտրական դաշինքը տակաւին հաստատ է:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել