Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Երեսփոխաններ Այցելեցին Յ. Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անդամ երեսփոխաններ Ալեն Սիմոնեան, Լենա Նազարեան եւ Հրաչեայ Յակոբեան, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի խորհրդարանին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովին միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուող փոփոխութիւնները:

Պատուիրակութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ կատարուող փոփոխութեանց մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութեան առնչութեամբ` շեշտելով, որ ընթացող վարքագիծը իր մէջ չի կրնար բովանդակել որեւէ կանխատրամադրութիւն կամ վրիժառական միտում:

Բագրատունի ներկայացուց Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները միշտ կը գերադասեն Հայաստանի եւ հայութեան շահերը եւ հետամուտ կ՛ըլլան ամրապնդելու երկրի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, կը պահպանեն ազատութիւնները եւ ժողովուրդին յոյս ներշնչելով կը հասնին ցանկացուած բարեփոխումներուն, որոնց միշտ զօրավիգ է դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը` մեկնելով իր ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներէն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել