26 Սեպտեմբեր 1918. Արամ Մանուկեանի հրամանագրով՝ անձնական զէնքերը առգրաւուեցան նորաստեղծ Հայաստանի տարածքին

1918ի այս օրը՝ 26 Սեպտեմբերին, նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին եւ յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի հրամանագրով գործադրութեան յանձնուեցաւ քաղաքացիներու մօտ գտնուող սեփական զէնքերու եւ զինամթերքի պետականացման՝ առգրաւման կառավարական որոշումը։

Անձնական զէնքերու հաւաքման խնդիրը Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութեան ամէնէն ցաւոտ ու փշոտ հարցերէն մէկն էր։ Մայիսեան յաղթական հերոսամարտներէն ետք, թրքական նահանջող զօրքերէն գրաւուած զէնքն ու զինամթերքը մեծ մասամբ մնացած էր սովորական քաղաքացիներու ձեռքը, ինչ որ շուտով սուր բնոյթ տուաւ մեր երկրի տարածքին ներքին կարգն ու կանոնը եւ հանրային ապահովութիւնը հաստատելու լուրջ դժուարութեան։

Ինչպէս Սիմոն Վրացեան կը վկայէ իր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» կոթողական գործին մէջ, նորանկախ Հայաստանը սովահար գաղթականութեան երկիր մըն էր։ Աւելի քան 450 հազար գաղթականութիւն խցկուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, 40 հազարը՝ նոյնինքն Երեւանի մէջ։ Սովն ու համաճարակ հիւանդութիւնները օրական կը խլէին հարիւրաւոր զոհեր։ Իսկ աւելի ահաւորը, Վրացեանի բառերով՝ «Սովի ու համաճարակի հետ, երկրում խախտուած էր եւ ապահովութիւնը։

Դասալիք զինուորներ, ապրուստի միջոց չունեցող գաղթականներ ու տեղացիներ, խմբերով եւ անհատ-անհատ, յարձակւում էին ճամբորդների վրայ, թալանում տները, խանգարում հանրային անդորրութիւնը։ Հասարակական չարիք էր դարձել, այսպէս կոչուած, «մաուզերիզմ»ը – մաուզերով զինուած մարդիկ շահատակութիւններ էին անում նոյնիսկ մայրաքաղաքի փողոցներում, եւ խաղաղ բնակչութիւնը տառապում էր նրանց ձեռքին»։

Ծայր աստիճան վտանգաւոր ու օրհասական այդ պայմանները յաղթահարելու առումով եւս՝ Արամ Մանուկեանի վիճակուեցաւ ճգնաժամէն ելք գտնելու եւ կացութիւնը շրջելու պատմական մեծ առաքելութիւնը։
Փաստօրէն Արամ հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրը ոչ միայն Մայիսեան յաղթանակներու նուաճման մէջ իր ունեցած ղեկավար դերակատարութեան համար, այլեւ՝ հայոց ազգային պետականութեան հիմերը ամրապնդելու գործին մէջ իր ունեցած բախտորոշ ներդրումին առումով։ Միայն Արամի քաղաքական կամքը, կազմակերպական տաղանդը եւ բարոյական հեղինակութիւնը ունեցող ղեկավար գործիչներ կրնային եւ փաստօրէն ի վիճակի եղան մեր ժողովուրդն ու նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դորս բերել… «անձեւ քաոս»էն։

Ծանօթ է, որ 30 Մայիս 1918ին, Թիֆլիսի մէջ, ինքզինք «հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն» յայտարարած Հայոց Ազգային Խորհուրդը միայն 2 Յուլիսին յաջողեցաւ կեանքի կոչել Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութիւնը՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ։ Կառավարութեան կազմութիւնը ուշացաւ, որովհետեւ հայ քաղաքական բոլոր հոսանքներու մասնակցութեամբ համախմբական կառավարութիւն կազմելու ճիգերը երկար ժամանակ խլեցին ու պահանջեցին դժուարին բանակցութիւններ, որոնք լրիւ չարդիւնաւորուեցան ալ։ Նաեւ՝ բացի ներքին գործոց ու պարենաւորման նախարար նշանակուած Արամէն, նորակազմ կառավարութեան վարչապետն ու միւս նախարարները, ինչպէս եւ Հայոց Ազգային Խորհուրդը շարունակեցին մնալ ու գործել Թիֆլիսէն։ Եւ հարկ եղաւ սպասել մինչեւ Յուլիս 17, որպէսզի նորանկախ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը վերջապէս որոշէ Թիֆլիսէն բաժնուիլ ու ժամանէ Երեւան։

Իսկ Երեւանի մէջ եւ Հանրապետութեան տարածքին, մեր ժողովուրդին ու հռչակուած պետութեան կառավարման ղեկին ամբողջ պատասխանատուութիւնը, շուրջ երկամսեայ այդ շրջանին, գործնապէս ծանրացաւ տարեսկիզբին «Դիկտատոր» հռչակուած, անկախութեան նուաճման հերոսամարտները ղեկավարած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան փաստացի հիմնադիրը հանդիսացած անզուգական Արամի ուսերուն։ Իսկ կառավարում բառով այդ օրերուն պէտք էր հասկնալ գաղթականներու պատսպարումն ու պարենաւորումը, սովի եւ համաճարակի յաղթահարումը, մեր երկրէն եւ ժողովուրդի կեանքէն ներս պետական կարգ ու կանոնի հաստատումն ու պահպանումը։ Այդ պատճառով ալ, վարչապետ Քաջազնունիի կառավարութեան մէջ, Արամին յանձնուեցան ներքին գործոց եւ պարենաւորման նախարարութիւնները։

Արամ գործի մարդ էր եւ իրեն վստահուած զոյգ նախարարութեանց առաջնահերթ խնդիրն ու առաքելութիւնը դարձուց գաղթական, սովահար եւ համաճարակէ բռնուած մեր ժողովուրդին անմիջական փրկութիւնը։ Այդ պատճառով ալ, երբ հայ քաղաքական բոլոր հոսանքներու ներկայացուցիչներով Օգոստոս 1ին կազմուած Հանրապետութեան օրէնսդիր ժողովին՝ Հայաստանի Խորհուրդի երկրորդ՝ 3 Օգոստոսի նիստին, վարչապետ Քաջազնունի ներկայացուց իր կառավարութեան ծրագիրը առ ի Օրէնսդիրի հաստատում, «ներքին գործերի սահմաններում» առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ հետեւեալ գործնական քայլերուն՝

«1.¬ Հաստատել երկրում տարրական իրաւակարգ, կեանքի ու գոյքի ապահովութիւն։

«2.¬ Բանալ հաղորդակցութեան ճանապարհները՝ անարգել երթեւեկութեան համար։

«3.¬ Վերականգնել պոստ¬հեռագրական նորմալ հաղորդակցութիւն թէ՛ երկրի մէջ եւ թէ հարեւան պետութիւնների հետ։

«4.¬ Եռանդուն միջոցների դիմել կարելւոյն չափ մեղմացնելու պարենաւորման տագնապը։

«5.¬ Տնօրինել գաղթականների եւ փախստականների վիճակը, մասամբ վերադարձնել իրենց տեղերը, մասամբ տեղաւորել նոր վայրերում։

«6.¬ Նախապատրաստել Հայաստանի Սահմանադիր Ժողովի հաւաքումը կարելւոյն չափ շուտ»։

Թէեւ օրին այս առաջադրանքները «շատ համեստ ու անբովանդակ» նկատուեցան Հայաստանի Խորհուրդին մէջ ներկայացուած եւ դաշնակցական մեծամասնութեան ընդդիմադիր ձախակողմեան հոսանքներու բանբերներուն կողմէ, այսուհանդերձ՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի այդ օրերու իրականութեան ամէնէն քաջածանօթ գործիչին՝ Արամի պնդումով, նորակազմ կառավարութիւնը իր առաջնահերթ խնդիրը դարձուց տարրական այդ քայլերուն յաջող իրագործումը։

Եւ հարկ եղաւ պետական բոլոր ուժերու լարումով հսկայական ճիգեր թափել, որպէսզի ի վերջոյ կարելի ըլլայ կասեցնել, այդ ալ ոչ ամբողջապէս, սովին ու համաճարակին պատճառած մարդկային ծանր կորուստները։ Ինչպէս որ դարձեալ Վրացեան կը մատնանշէ, «վեց ամսուան ընթացքում, սովից ու հիւանդութիւններից, Հայաստանում մեռաւ մօտ 180.000 մարդ»։ Սովահար եւ համաճարակի դէմ անպաշտպան մեր ժողովուրդի տարրական փրկութեան համար ձեռնարկուած այդ պայքարին արդիւնաւէտ կազմակերպման ուղղութեամբ, Հայաստանի Խորհուրդն ու կառավարութիւնը 8 Օգոստոսին որոշեցին պետութեան սուղ միջոցներէն 6 միլիոն րուպլի յատկացնել։ Իսկ Օգոստոս 21ին «ամբողջ Հայաստանը յայտարարուեց քոլերայի կողմից վտանգուած» շրջան։ Այդ քայլերը, սակայն, լիարժէք արդիւնաւորում չէին կրնար ունենալ, առանց երկրէն ներս ընդհանուր կարգուկանոնի հաստատման, որուն իրականացման ի խնդիր, Օգոստոս 29ին, Ս. Վրացեանի վկայութեամբ՝ «հրատարակուեց օրէնք մասնաւոր սեփականութիւն կազմող զէնքի եւ զինամթերքի պետականացման մասին»։

Օրէնսդրական այդ որոշումն էր, որ ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեան Սեպտեմբեր 26ին գործադրութեան յանձնեց։ Հակառակ զինեալ տարրերու բուռն ընդդիմութեան, զէնքերու առգրաւման գործողութիւնները կրցան կարգուկանոն հաստատել երկրի տարածքին՝ մեծապէս օգտուելով ժողովրդային խաւերու ցուցաբերած վստահութենէն եւ զօրակցութենէն։

Ամէն կարգի ընդդիմութիւն յաղթահարելու վճռականութեամբ, Արամ նաեւ շրջահայեացութեամբ շարժեցաւ։ Օրէնքին ընդդիմացողներու տարհամոզելու եւ կարգի հրաւիրելու համբերատար աշխատանք տարաւ ամբողջ շաբաթներ, մինչեւ որ 26 Սեպտեմբերին իր կազմած ներքին գործոց ուժերուն հրահանգ տուաւ առգրաւելու եւ պետութեան մօտ հաւաքելու անձնական զէնքն ու զինամթերքը։

Արամի «կարապի երգը» եղաւ զէնք ու զինամթերքի հաւաքման այդ դժուարին գործին յաջողութեամբ պսակումը։ Իր կարգին բծաւոր տիֆէ վարակուած ըլլալով հանդերձ՝ Արամ իր վայելած ժողովրդային վստահութեան մեծ դրամագլուխը ի գործ դրաւ, որպէսզի նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնէ օրէնքի իշխանութեան տակ ապրող երկիր։

Անողոք հիւանդութիւնը, սակայն, խլեց կեանքը նաեւ Արամի, որ մինչեւ վերջին շունչ պայքարեցաւ՝ սեփական ժողովուրդի կողքին ըլլալու, անոր վէրքերը դարմանելու նուիրումով։

Եւ որքա՜ն տեղին ու իրաւացի է հետագայ պատմագիրներու այն գնահատումը, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը կրնար աւելի ապահով հիմերու վրայ դրուիլ, եթէ ճակատագիրը իր դառն խաղը չխաղար եւ Յունուար 1919ի բախտորոշ այդ օրերուն մեր կեանքէն վաղաժամ չհեռացնէր Արամի եւ Ռոստոմի (որ նոյն օրերուն դարձեալ բիծէ վարակուած աչքերը փակեց Թիֆլիսի մէջ) տարողութեամբ ղեկավար գործիչները։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել