27 Սեպտեմբեր 1919. Դաշնակցութիւնը իր 9րդ Ընդհանուր Ժողովը գումարեց նորանկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ

1890ին Թիֆլիսի մէջ իր հիմնադրութենէն 29 տարի ետք միայն՝ Դաշնակցութիւնը բախտը ունեցաւ անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան հովանիին տակ գումարելու իր Ընդհանուր Ժողովը։

Սեպտեմբեր 27ի այս օրը, 92 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ կոչուած էր դառնալու պատմական ժողով մը։

Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովներու շարքին իններորդը եղաւ պատմական՝ առաջին հերթին Հայաստանի անկախութեան պայմաններուն մէջ գումարուած ըլլալու իր հանգամանքին բերումով։ Մանաւանդ որ հազիւ երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցաւ մեր պետական անկախութիւնը, որուն կորուստին հետ տարագիր դարձած Դաշնակցութիւնը ստիպուեցաւ սպասել յաւելեալ 70 տարի, որպէսզի կարենար 1999ի տարեվերջին ու 2000ի տարեսկիզբին գումարել դարձեալ հայրենի հողի վրայ եւ վերանկախացեալ հայոց պետականութեան պայմաններուն մէջ – իր հերթական՝ 28րդ Ընդհանուր Ժողովը։

Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը պատմական եղաւ նաեւ իր գումարման Պահուն քաղաքական ու ռազմավարական եզակի նշանակութեամբ՝ միջազգային թէ ազգային ճակատներու վրայ։

1919ի Սեպտեմբերը յոյսերու եւ լաւատեսութեան աստեղային պահ էր հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ։ Առաջին Աշխարհամարտը ի վերջոյ աւարտած էր եւ ամբողջ Եւրոպայի հետ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորման իր փուլին մէջ կը գտնուէր։

Թէեւ Հայաստանն ու հայութիւնը ծանրագոյն կորուստներ կրած էին աշխարհամարտի ընթացքին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան հետեւանքով, բայց կրցած էին յարութիւն առնել Մեծ Գողգոթայէն եւ ոչ միայն նուաճել անկախութիւնը հայրենիքի փոքր, բայց աստիճանաբար ընդարձակուող մասին վրայ, այլեւ հաստատուն հիմերով ամրապնդել հայոց ազգային պետականութիւնը։

Մայիս 1919ին, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ կառավարութիւնը, Ալ. Խատիսեանի վարչապետութեամբ, խորհրդարանին ներկայացուած իր քաղաքական ուղեգիծին մէջ, արտայայտելով Պահու ընդհանուր խանդավառութիւնը եւ իշխանութեան ղեկը ստանձնած Դաշնակցութեան մէջ տիրող տրամադրութիւնները, արդէն հռչակած էր Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստանի ուղղութեամբ գործելու իր անդառնալի յանձնառութիւնն ու ամբողջական պատրաստակամութիւնը։
Ահա նմա՛ն մթնոլորտի մէջ, 27 Սեպտեմբեր 1919ին կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ Հոկտեմբեր ամսու աւարտը։
Ժողովը պատմական եղաւ, նոյնպէս, կազմակերպական¬ներկայացուցչական իր բաղադրութեամբ։ Ինչպէս որ Հրաչ Տասնապետեան կþընդգծէ իր «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհանուր Ժողով» աշխատութեան մէջ, ժողովը ունեցաւ «ամենալայն ներկայացուցչական պատկեր ու յստակօրէն համազգային բնոյթ»։
Ժողովին իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան՝
– Հայաստանի ու Արեւելեան Բիւրոները եւ «բոլոր այն մարմինները, որոնք իրաւապէս գոյութիւն ունէին Ութերորդ Ընդհանուր Ժողովի օրերուն (1914)».

– Նաեւ այն մարմինները, «որոնք կազմուած էին հնգամեակի ընթացքին (Բասէն, Բագրեւանդ, Հարք¬Ապահունիք), ինչպէս նաեւ անոնք՝ որ կը բխէին Հայաստանի նոր իրականութենէն (Խորհրդարանական Ֆրակցիա, Երեւանի Ներկայացուցչական Խորհուրդ եւայլն)։

Ժողովի նախապատրաստութեան շրջանին, Մարտ 1919էն սկսեալ, Հ.Յ.Դ. զոյգ Բիւրոները «արեւմտահայ մարմիններուն տուած էին յատուկ դիւրութիւններ՝ իրենց կազմերը ամբողջացնելու»։

Այդպէս, Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովին մասնակցեցան վճռական ձայնով 61 եւ խորհրդակցական ձայնով 19 պատգամաւորներ։

Աւելի՛ն. գումարուած ըլլալով ազգային ու աշխարհաքաղաքական բախտորոշ վերիվայրումներու խորապատկերով՝ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը եկաւ սպառիչ արժեւորումը կատարելու հայ ժողովուրդին հնգամեայ մաքառումին՝ 1915ի մահուան անդունդը թաւալգլոր անկումէն մինչեւ 1918ի հրաշափառ յարութիւնը, որուն պսակումը եղան Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան կերտումը։

Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ, նոյնպէս, ոչ միայն հայ ազգային¬ազատագրական շարժման աւելի քան երեսնամեայ պայքարին յաղթանակով պսակումը ամրագրելու իմաստով, այլեւ՝ հայ քաղաքական մտքի ակամայ, այլ բռնի երկփեղկումին վերջ տալու առումով։ Ընդհանուր Ժողովը Դաշնակցութեան Ծրագրէն ջնջեց Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի համար 1907ի 4րդ Ընդհանուր ժողովին առաջադրած լայն ինքնավարութեան քաղաքական առաջադրանքները եւ, փոխարէնը, որոշեց ծրագրային նպատակ ունենալ «Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստան»ի իրագործումը։

Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովը պատմական եղաւ վերջապէս ու մանաւանդ թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան պատասխանատուները պատժելու իր որոշումով, որ ամրագրուեցաւ «Նեմեսիս գործողութեան» առջեւ ծրագրումի եւ կազմակերպումի կանաչ լոյս բանալով։

Իր այդ զոյգ որոշումներով՝ 27 Սեպտեմբերի այս օրը, 92 տարի առաջ, Երեւանի մէջ բացուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը հունաւորեց Դաշնակցութեան հետագայ ուղին։

– Դաշնակցութիւնը զինուորագրուեցաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրագործման աննահանջ պայքարին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը դարձնելով կիզակէտը իր ազգային¬քաղաքական վարքագծին։

– Իսկ «Նեմեսիս գործողութեան» իրականացումով՝ Դաշնակցութիւնը ամբողջապէս լծուեցաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան երկարաշունչ պայքարին, զայն դարձնելով հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն ազգային ինքնաճանաչումի եւ ինքնահաստատման ներշնչման աղբիւրը, հայապահպանման եւ հայակերտման կենարար ակունքը։

Վերջապէս, Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը դաշնակցական սերունդներուն վրայ պարտք դրաւ մշակումը ժողովրդավարական եւ ընկերվարական այն Ծրագրին ու գործունէութեան, որոնք ընկերային արդարութեան եւ ազատագրումի ուղին պիտի հարթեն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին առջեւ, մեր երկրի ու ժողովուրդի առանձնայատուկ պայմաններէն մեկնելով։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել