Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշել Առաջարկող Բանաձեւը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 29ի երեկոյեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը միաձայնութեամբ (36-0) վաւերացուցած է թիւ 1597 բանաձեւը։

Բանաձեւը կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն։

Նահանգային խորհրդարանին կողմէ անցեալ տարի վաւերացուած սոյն բանաձեւի հեղինակը խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանն է, որ բանաձեւը կապած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ուրացման քայլը պատժելու կարեւորութեան:

Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները դուրս բերել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS CalSTRS) որեւէ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, կամ անոր կողմէ կառավարուող, կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, եւ որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, վերջին քանի մը տարիներուն, այս արշաւին (#DivestTurkey) համար մօտէն կը գործակցէր ՀԵԴի, Հայ ուսանողական միութիւններու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինին հետ։

Այս առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ատրին Նազարեանին՝ նախագիծը ներկայացնելուն համար, ինչպէս նաեւ ծերակուտականներ Էնթընի Փորթանթինոյին եւ Սքաթ Ուիլքին, որոնք գործնականապէս նպաստած էին Ծերակոյտին մէջ բանաձեւի վաւերացման:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը նաեւ մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններու կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ», գրուած է յայտարարութեան մէջ:

asbarez.com

Տպել Տպել