Հայ Դատը Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ՝ Իսրայէլէն Ատրպէյճան Արտածուող Զէնքերու Հարցով

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ պաշտօնական հետաքննութիւն բանայ Իսրայէլէն Ատրպէյճան կատարուած հաւանական ապօրինի արտածումներուն հարցով, որոնք կրնան կապ ունենալ 2017ի Յուլիսին՝ իսրայէլեան անօդաչու սարքով մը Արցախի վրայ կատարուած յարձակումին հետ։ Արդարեւ, նշեալ յարձակումին ընթացքին կրնան գործածուած ըլլալ ամերիկեան արտադրութեամբ գործիքներ։

Նախարարութեան յղուած նամակին մէջ, Հայ Դատը կը յիշեցնէ, թէ Իսրայէլի իշխանութիւնները արդէն իսկ կը հետաքննեն նշեալ սարքով Արցախի դիրքերէն մէկուն վրայ յարձակած իսրայէլեան «Aeronautics Defense Systems» ընկերութիւնը, որուն ներկայացուցիչները կրնան պաշտօնապէս ամբաստանուիլ։ Իսրայէլ արդէն իսկ ընկերութենէն խլած է արտածումներու արտօնագիրը։

Յիշեցնենք, որ այս անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեամբ զբաղող նշեալ իսրայէլեան ընկերութեան պաշտօնեաները, իրենց արտադրութեանց փորձարկման ժամանակ՝ Ատրպէյճանի պահանջով, յարձակած էին հայկական դիրքերու վրայ, առանց մարդկային զոհեր պատճառելու: Հակառակ անոր որ սարքը չէր կրցած թիրախը հարուածել, անոր պատճառով վիրաւորուած էին երկու հայ զինուորներ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախարարութենէն պահանջած է յստակացնել, եթէ ամերիկեան զէնքերու արտածումներուն մասին օրէնքներու խախտումներ արձանագրուած են իսրայէլեան ընկերութեան կամ Ատրպէյճանի կողմէ, միաժամանակ շեշտելով, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Պաքուի յարձակողապաշտ քայլերը խոտոր կը համեմատին ամերիկեան շահերուն, յատկապէս՝ շրջանին կայունութիւնը ապահովելու գծով։

Նաեւ, նամակին մէջ կը նշուի, որ ամերիկեան ռազմական արդի արհեստագիտութիւնը կրնայ նման քայլերով Ատրպէյճանէն սպրդիլ դէպի այնպիսի երկիրներ, որոնք վտանգ կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու շահերուն։

asbarez.com

Տպել Տպել