Հայ Դատը Ատրպէյճանի Մօտ Նոր Դեսպանի Դիրքերուն Յստակացումը Կը Պահանջէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարեկամներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտօնատարներ կոչ կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներուն, որ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ըրլ Լիցընպըրկըրի նշանակումը վաւերացնելէ առաջ՝ յստակացնեն անոր դիրքորոշումները Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի առնչուող հարցերուն կապակցութեամբ։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ Ատրպէյճանի մօտ դեսպան նշանակած էր Լիցընպըրկըրը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երկար տարիներու դիւանագէտ մըն է եւ ցարդ աշխատած է Աֆղանիստանի, Սերպիոյ եւ Ղրղզստանի մէջ, իսկ ներկայիս կը զբաղեցնէ նախարարութեան ռազմաքաղաքական հարցերով գրասենեակի աւագ խորհրդականի պաշտօնը:

Յիշեցնենք, որ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Ատրպէյճանի մօտ դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայզայի նշանակումը երկու առիթներով կասեցուած էր՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ անոր բացայայտ կողմնորոշումներուն պատճառով։ Ան աւելի ուշ զարտուղի միջոցներով դեսպան նշանակուեցաւ, ինչին իբրեւ հետեւանք՝ միայն մէկ տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս նպատակով տեղեկատուական կայքէջ մը պատրաստած է եւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իր ծերակուտականներուն դիմելով՝ պահանջէ, որ անոնք, իրենց կարգին, պարզաբանումներ պահանջեն դեսպանի նոր թեկնածուի դիրքորշումներուն մասին։

Այս արշաւին գործնականապէս մասնակցելու համար, այցելել www.anca.org/azerbaijan կայքէջը։

asbarez.com

Տպել Տպել