Խմբագրական. Համազգայինի 90-ամեակը` Հանրապետութեան 100-ամեակի Հետքերով

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը ամէնէն ագուցուած աղերսներով կը կապուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին: Համազգայինը ինքը ամէն բանէ առաջ շարունակութիւնն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, պարզ այն պատճառով, որ երկրին մէջ պետութիւն կերտած, պետական մշակոյթ, կրթութիւն, համալսարան ստեղծած մարդիկ հիմնադրելով Համազգայինը, փաստօրէն շարունակեցին պետութեան գործունէութիւնը այս անգամ հայրենիքի սահմաններէն դուրս:

Ասիկա կարեւորագոյն հանգամանքն է Համազգայինի նուիրեալներուն: Անոնք պետական-հասարակական մտածողութեան ամէնէն ներդաշնակ մարմնացումը հանդիսանալով իրողապէս յաջողեցան երկու ուղղութիւնները գործի վերածել: Եւ պատահական չէ, որ Համազգայինի հիմնադրութիւնը 1928-ի մայիս 28-ին էր: Տեսլականը` հանրապետութեան վերակերտումն էր` երկարաժամկէտ դրուածքով. միջոցը` մշակոյթի, լեզուի, արուեստի, կրթութեան պահպանումն ու զարգացումը պետութիւն վերակերտելու առաջադրանքով:

Նուրբ գիծեր կան այս բոլոր խորհուրդներուն մէջ: Հայրենիքի նորահաստատ վարչակարգին կողմէ հալածուած, արտաքսուած, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները յաջողեցան հիմնական զանազանութիւն դնել իշխանութիւններու դէմ ընթացող գաղափարական պայքարին եւ հայրենիքի նկատմամբ անմնացորդ ծառայելու ուխտի պահպանման, վերանորոգման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցման միջեւ:

Իննսունամեայ գործունէութեան վրայ նետուած ակնարկը կը վերահաստատէ այս համոզումը, որ ամբողջ թատրոնը, արուեստը, մշակոյթը, կրթութիւնը հիմնական նպատակ ունեցած են ի վերջոյ հայրենիքի վերանկախացումը, ազատութեան տենչի վառ պահպանումը, մայիս 28-ով խորհրդանշուած բոլոր տեսլականներու վառ պահումը:

Պետութեան բաղկացուցիչի կարեւորագոյն ոլորտին վրայ կանգ առնելով հանրապետութեան սերունդը Համազգայինի նաւը այդ ուղղութեամբ տարաւ` իրեն հետ տանելով նաեւ իրերայաջորդ այն սերունդները, որոնք թրծուեցան հանրապետութեան սերունդին շունչով, ոգիով եւ որոնք անսակարկ ուխտեցին ծառայել այդ սերունդի օրինակով:

Շատ խորունկ պէտք է մտածել այն մասին, թէ ինչո՞ւ համազգայնական հիմնադիր սերունդի ամէնէն կարկառուն դէմքերը հիմնականին մէջ ինքնակամ դարձան մշակոյթի հասարակական գործիչներ, ուսուցիչներ, կրթութեան գործը կազմակերպողներ:

Պայծառատեսիլ այդ սերունդն էր, որուն շնորհիւ հիմնականին մէջ սփիւռքը հայեցի կրթութիւն ստանալէ ետք հունաւորեց հայ քաղաքական մտածողութիւնը. զինուած հայ մշակութային գիտելիքներով, արուեստով եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան փիլիսոփայութեամբ, հայ սերունդները հանրապետութեան կերտիչներու փոխանցածներուն ազդեցութեամբ արարեցին, ստեղծագործեցին եւ պետականութեան վերականգնման համար գաղափարական ենթահող ձեւաւորեցին:

Գիտելիքահենք այս միութիւնը իրաւամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքեան բաժանմունքին վերածուեցաւ, որ գիտակցեցաւ կրթութեան եւ մշակոյթի գերակայութեամբ եւ պայմանականութեամբ սատարել եւ ամուր ենթահող պատրաստել քաղաքական աշխատանքներուն: Առանց մշակոյթի ու գիտութեան, գաղափարականն ու քաղաքականը այնքան թերի, այնքան նաեւ խոցելի կրնային մնալ, որ միտքերու արտադրման եւ հայեցակարգերու, ծրագիրներու մշակման համար մեծ բացթողումներու կամ ժամանակի մաշումին չդիմացող երեւոյթներու կրնային տեղի տալ:

90-ամեակին առիթով ամբողջ գիտաժողով մը կ՛արժէ յատկացնել հանրապետութեան վտարանդի սերունդին Համազգայինի ճամբով կազմակերպ, մտաւոր սփիւռքի ձեւաւորման անփոխարինելի աշխատանքին:

Այս խնդիրներու ընդգծումը, արժեւորումն ու մանաւանդ այժմէականացումը թելադրական կրնան ըլլալ նաեւ այսօրուան հիմնահարցերուն արծարծման ընթացքին. գիտակցելու մանաւանդ կրթամշակութային ամբողջ արժեհամակարգի մը պահպանման ու զարգացման ի խնդիր հանրապետութեան սերունդին նախաձեռնած ապագայատեսիլ եւ հայրենակեդրոն անփոխարինելի աշխատանքին ռազմավարական կարեւորութեան: Արժէքներ, որոնք ազգային են եւ որոնք ազգայինը իր հիմնական բաղադրիչներով միջազգայնացնելու միտումներ կը դրսեւորեն:

Հանրապետութեան սերունդէն անոնք, որոնք Համազգայինի հիմնադիր սերունդ դարձան, շարունակեցին պետութեան մշակութային քաղաքականութիւնը սփիւռքի մէջ, նոր գործառոյթներու ճշդումով: Նոյն նպատակը ունենալով: Սփիւռքի հայեացքները սեւեռած պահելով հարիւր տարի առաջ անկախ դարձած եւ երկուքուկէս տարի ետք խորհրդայնացած հայրենիքին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել