Համազգայինի 90-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Հայաստանի Մէջ

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը 9 սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին, հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` ներկայութեամբ պետական նախարարներու, նախարարներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:

Թատրոնի նախասրահին մէջ ցուցադրուած էին Համազգայինի հրատարակչական, գրական, մանկավարժական եւ տարբեր բնոյթի գործունէութիւնը մարմնաւորող նմուշներ:

Այս առիթով խօսք առին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ համերգային-թատերական ինքնատիպ ներկայացում` մասնակցութեամբ Գ. Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնին, Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնին, Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնին, Հայաստանի պարարուեստի պետական «Բարեկամութիւն» համոյթին, «Պրոֆ Արտ» պարային համոյթին, Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբին, «Միայն աղջիկներ» վոքալ խումբին, «Էմմանուէլ Յովհաննիսեան եւ ընկերներ» տուտուկահարներու խումբին, «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթին: Ցուցադրուելիք գծանկարային ժապաւէնը պատրաստած էր «ՄաշՌում» սթիւտիոն, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին հեղինակն ու բեմադրիչն էր Վարդան Մկրտչեան:

Հանդիսութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային:

aztagdaily.com

Տպել Տպել