«Հայրենիք»ի Խմբագրական. 27-ամեայ «Այո՛»-ն

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման 27-ամեակը կը տօնենք ժողովրդավարական հասունացման ճամբով հայոց ազգային պետականութիւնը արմատական բարեկարգման առաջնորդելու եւ սեփական ուժերով հզօրացնելու ինքնավստահութեամբ:

Սեպտեմբեր 21, 1991-ին հանրաքուէի մասնակցելու իրաւունք ունեցող Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան 95,5 առ հարիւրը, շուրջ` 2 միլիոն 57 հազար մարդ, մասնակցեցաւ անկախութեան հանրաքուէին. քուէարկողներուն շուրջ 2 միլիոն 43 հազարը (99,54 տոկոսը) «Այո՛» ըսաւ «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ ժողովրդավարական պետութիւն` Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս» հարցումին: Միայն 0,46 տոկոսը «Ո՛չ» ըսաւ: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, իր կարգին, եթէ առիթը ունենար մասնակցելու հանրաքուէին, հաւանաբար նոյն համեմատութեամբ «Այո՛» պիտի քուէարկէր:
«Այո՛» քուէարկելով կը վերանորոգուի պայքարը շարունակելու ազգային վճռակամութիւնը, որովհետեւ 27 տարուան փորձով նոր սերունդները իրենց հերթին ամրագրեցին, որ անկախութիւնը անփոխարինելի՛ կռուանն է հայ ազգին եւ համակողմանի զարգացումի արժանանալու անբռնաբարելի իրաւունքին նուիրագործման:

1988-ի Արցախեան պահանջատիրութեան շղթայազերծումէն մինչեւ Սեպտեմբեր 21, 1991-ի Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը` հայրենի հայութեան հետ ողջ ժողովուրդը օրհասական տարողութեամբ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կրցաւ արժանաւորապէ՛ս դիմագրաւել: Յանուն Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման` հազարաւորներու արիւն նուիրաբերեց մեր ժողովուրդը, որպէսզի տէր կանգնի իր իրաւունքներուն եւ գերագոյն շահերուն:

«Այո՛»ի ետին կանգնող հայորդին փաստեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումն ու հայրենիքին ամուր կապը իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչներէն մէկն է, որուն իրականացումը տեղի կրնայ ունենալ հայրենիքով, մեր պարագային` այն հողամասով, ուր ազգը ապրած է դարերու ընթացքին` ստեղծելով տնտեսութիւն եւ մշակոյթ: Այդ հող-հայրենիքը եղած է ինքնութեան կռուան: Հետեւաբար ազգային անկախութիւնը հայրենիքով պայմանաւոր է:

Անկախութիւնը էական է եւ մասնիկն է ազգային գաղափարախօսութեան, որ անբաժանելի ամբողջութիւն մըն է։

Վճռական ճակատամարտերով չկերտուեցաւ վերանկախացումը, այլ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան եւ վերականգնման հանրաքուէով: Հետեւաբար, տեղին է անգամ մը եւս կրկնել, որ Մայիս 28-եան անկախութիւնը հայորդիի մարտունակ ոգիին կը պարտինք, իսկ Սեպտեմբեր 21-ի անկախութիւնը՝ անոր գիտակից յանձնառութեան եւ կամքին:

Հայաստանի ու հայութեան ապագայի պայծառ օրը նուաճելու պայքարին անփոխարինելի երաշխի՛քն է Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման այս օրը։

hairenikweekly.com

20.09.2018

Տպել Տպել