«Հորիզոն»ի Խմբագրական. Ազգային գաղափարախօսութիւնը հիմք՝ անկախ պետականութեան յարատեւման

Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կը թեւակոխէ իր 27-րդ տարին։ Չափակշռելով վերանկախացումէն ետք փորձութիւններու ուղին, կու գանք այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարի արդիւնքը՝ այսօրուան դրութեամբ կարելի է նկատել նորանկախ պետութեան կազմաւորման նախափորձութեան ճանապարհի առաջին քայլերը։

Անցող ժամանակահատուածին, հարցական կը մնայ, թէ գաղափարախօսականօրէն որքանով ազգային մտածողութեան վրայ դարբնուած հարացոյցի վերածեցինք անկախութիւնը, որովհետեւ, ի վերջոյ, Ազգային Գաղափարախօսութիւնը՝ տուեալ ազգի ու ժողովուրդի գոյատեւելիութեան փիլիսոփայութիւնն է։

Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք խոր թիւրըմբռնումով կը փորձեն համոզիչ դարձնել այն միտքն ու նախատիպը, որ Ազգային գաղափարախօսութիւնը անհամատեղելի է ժողովրդավարութեան հետ: Ազգային գաղափարախօսութեան էութաբանութիւնը իր մէջ կը պարփակէ ազգի գոյապահպանման ու զարգացման, ազատ ու անկախ պետականութեան, ինքնուրոյն մշակոյթի և կրօնի, եւ վերջապէս աշխարհաքաղաքականօրէն ամբողջական ու միաւորուած սահմաններով հայրենիքի բաղադրիչները:

Ազգի եւ ժողովուրդի ազատ, անվտանգ ու բնականոն զարգացումն ու յառաջխաղացքը կը կերտուին մշակոյթի, պատմական յիշողութեան, հայրենասիրութեան եւ ընտանիքի արժեհամակարգերուն վրայ։

Վերոնշեալ արժեհամակարգերը առողջ հիմերու վրայ կառուցելու համար՝ անհրաժեշտ է համայն քաղաքացիներուն կողմէ ազգին ծառայելու սկզբունքի ընկալումը։ Ազգային գաղափարախօսութեան հենասիւներն են հայրենասիրութիւնն ու հայրենատիրութինը, որը ի յայտ եկաւ 2016-ի քառօրեայ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն։

Ազգային գաղափարախօսութեան հոգեկերտուածքին ուղղակի սպառնալիքներ են աւանդապաշտ ու բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած ընտանիքի քանդումն ու քայքայումը, այն աւանդական ընտանիքին՝ որ երկրի առողջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմաւորման գլխաւոր բաղադրիչն է:

Ազգային գաղափարախօսութեան ապառնացող բացասական ներգործօն ազդակներ են՝ հայութեան Քրիստոնէական հաւատամքի խարխափումը, քաղաքացիական գիտակցութեան տկարացումը, փտախտի ու կաշառակերութեան տարածումը եւ վերջապէս՝ արտագաղթի աճը։

Այս ընդհանուր պարունակին մէջ նաեւ, Հայրենիքի և Սփիւռքի միասնականութեան եւ պետական բաղադրատարծքէն ներս Սփիւռքահայութեան հետեւողական համարկման ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ յստակ ազգային պետական հիմնադրոյթներ ստեղծուին եւ այս բնագաւառէն ներս՝ հայրենադարձութեան գործնական ուղիներ մշակուին։

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հայեցակարգի դարբնաքարի հիմնասիւնն ու երաշխիքն է Ազգային գաղափարախօսութիւնը։ Ազգային անվտանգութեան անթերի իրագործման ուղենիշները կը հանդիսանան՝ ժողովրդավարական արժէքներու ամրագրումը, մարդ անհատի իրաւունքի ապահովումը, դատական անկախ համակարգի անկաշկանդ գործունէութիւնը, բանակային եւ այլ զինուած ուժերու մարտունակութիւնն ու լիարժէք պատրաստուածութիւնը, եւ երկրի անվտանգութեան կառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը,

Եւ վերջապէ՛ս, Ազգային իրատես գաղափարախօսութեան կիզակեդրոնը կը կազմէ հայրենիքի միւս հատուածի՝ ազգի բննօրան Հայկական բարձրաւանդակի կորուսեալ բեկորներուն ու տարածքներու վերատիրացման յարատեւ տեսլականը։

Ա՛յս է օրուան հրամայականը։

horizonweekly.ca

20/09/2018

Տպել Տպել