Հալէպի նահանգապետը հանդիպում ունեցաւ նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ

Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Սուրիա ժամանած ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին հայկական կողմէն ներկայ էին նաեւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Փրոֆ. Արշակ Փօլատեանն ու ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը: Իսկ սուրիական կողմէն ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը եւ Հալէպի նահանգապետարանի գործադիր գրասենեակի պատասխանատու Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեանը:

Հալէպի նահանգապետը բարի գալուստ մաղթելով նախարար Հայրապետեանին եւ հիւրերուն նախ շեշտեց, որ սուրիացի եւ հայ ժողովուրդին բարեկամական յայրաբերութիւնները դարերու խորք ունին, ապա շնորհաւորեց Հայաստանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը անկախութեան տօնին առիթով՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի պետութեան ու ժողովուրդին սուրիական պատերազմին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ պետութեան նեցուկ կանգնելնուն համար:

Նահանգապետը շեշտեց, որ Սուրիան աւելի ուժեղ պիտի դառնայ յետ-պատերազմեան շրջանին՝ շնորհիւ իր ժողովուրդին դիմադրողականութեան եւ սուրիական բանակին զօրավիգ կանգնելուն՝ ղեկավարութեամբ Սուրիոյ խոհեմ եւ արի նախագահին՝ Պաշշար ալ Ասատին:

Իր կարգին նախարար Մխիթարեան իր եւ Հայաստանի կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան թեւ ու թիկունք դառնալուն համար, որուն շնորհիւ նաեւ հայութիւնը սուրիական ընկերութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը դարձաւ ու իր ներդրումը բերաւ Սուրիոյ այլազան ոլորտներու զարգացման:

kantsasar.com

Տպել Տպել