ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, աշխատանքային այցելութեամբ Հալէպ ժամանած ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Հալէպի «Շաամ» պանդոկէն ներս հանդիպում ունեցաւ Հալէպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախարարին կ՛ընկերակցէին ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան Փրօֆ. Արշակ Փօլատեանն ու ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը:

Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աւետիս Խոշաֆեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Շուշանեան, ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան:

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն դիտել տուաւ, որ սուրիական տագնապի սկիզբէն՝ 2011-էն ի վեր, Հայաստանէն Հալէպ այս մակարդակով պետական պաշտօնական պատուիրակութիւն չէր ժամանած, սա առաջինն է, ուստի ան ողջունեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարին ներկայութիւնը:

Նախարարը խօսք առնելով նախ ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ յայտնեց որ մեծ ոգեւորութեամբ եւ յուզումնախառն ապրումներով ժամանած է Հալէպ: Հայրապետեան նախ յիշեցուց, որ «Աշխարհի հնագոյն ազգերէն մէկը իր երրորդ պետականութեան 27-ամեակը կը յիշատակէ եւ սա կրկնակի խորհրդանշական է, որովհետեւ այս տօնը ձեզի հետ Սփիւռքի Մայր գաղութին մէջ կը տօնենք: Սա կրկնակի հպարտութիւն է»:


«Բաւական տխուր էի այս քանի մը ժամուան ընթացքին, որովհետեւ առաջին անգամն է որ Հալէպ կ՛այցելէի, սակայն հիացած եմ հալէպահայութեան դիմադրողական ոգիով, վճռականութեամբ ու վստահ եմ որ այս գաղութը պիտի վերականգնի շնորհիւ այս ոգիին ու կամքին: Մենք իսկապէս կը գնահատենք այս կամքը, հայ համայնքը մեզի համար շատ կարեւոր համայնք է, ցաւօք ան նօսրացած է պատերազմին պատճառով, որուն ի տես մենք մեր կարելին պիտի ընենք նեցուկ կանգնելու համայնքին եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, որպէսզի անոնք յաղթահարեն դժուարութիւնները: Հայաստանի յեղափոխութիւնը լաւ հող ստեղծեց մեզի համար, որպէսզի մենք հոգատարութիւն ցուցաբերենք նաեւՍփիւռքին», յայտնեց նախարարը՝ շեշտելով որ ՀՀ ներկայ կառավարութեան ռազմավարութիւնն է վարել ե՛ւ հայաստանակեդրոն ե՛ւ սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւն, որպէսզի համահայկական մեր ներուժը լաւագոյն ձեւով կարելի ըլլայ օգտագործել՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման:

Ապա նախարարը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն՝ Թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակներուն, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն, հայրենադարձութեան, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն, Սփիւռքի Նախարարութեան ծրագիրներուն առնչութեամբ եւ եզրափակելով ըսաւ, որ յեղափոխութեան նպատակը միայն իշխանափոխութիւն չէր, այլ ողջ համակարգի, աշխատելաոճի փոփոխութիւն, ոստում մը դէպի ժողովրդավարութիւն, ուր շեշտուած պիտի ըլլայ ժողովուրդին մասնակցութիւնը, ժողովուրդին իշխանութիւնը, իսկ կառավարութիւնը մշտապէս համարատու պիտի ըլլայ ժողովուրդին:

kantsasar.com
22/09/2018

Տպել Տպել