ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Հանդիպումներ Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Պասիլի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցչութեան կապուած հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Ապա Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին կապուած դրական մթնոլորտը կը շարունակէ մնալ տիրական` նշելով, որ 48 ժամէն կարելի է աւետել, թէ կառավարութիւնը կազմուած է:

Ան նշեց, որ նախորդ օրերուն խօսուած է հայ համայնքի ներկայացուցչութեան իմաստով կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքի մը մասին` աւելցնելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ հայ համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկ չկայ, այլ կայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւն»:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով ընթացած առաջին խորհրդակցութիւններէն իսկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պահանջած է 30 հոգինոց կառավարութիւն մը, որուն մէջ պէտք է ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու համայնքները, «նոյնիսկ անոնք, որոնք դժբախտաբար մինչեւ օրս կը նկատուին փոքրամասնութիւններ: Մինչդեռ այս երկրին մէջ բոլորս փոքրամասնութիւններ ենք», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` նշելով, որ իրենք կը պաշտպանեն ասորի համայնքի իրաւունքը եւ կը պահանջեն ասորի համայնքին ներկայացուցչութիւնը` առանց այլ համայնքներու իրաւունքները խլելու: «Այս տրամաբանութիւնը առկայ է նաեւ վարչապետ Հարիրիի եւ քաղաքական այլ ուժերու մօտ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ կառավարութիւնը երկու հայ նախարար պիտի ունենա՞յ, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Անշուշտ. այս է համայնքային հաւասարակշռութիւնը, եւ մենք կը գտնուինք համայնքային երկրի մը մէջ, ուր համայնքները կը ներկայացուին իրենց հաւասարակշռութիւններուն համաձայն»:

Պատասխանելով այլ հարցումի մը, որ կ՛ակնարկէր վարչապետ Հարիրիի մտահոգութիւններուն վերաբերող հարցումի մը, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի հանգիստ է` աւելցնելով, որ դրական այս մթնոլորտին մէջ կարելի է 48 ժամ եւս սպասել, այսինքն` մինչեւ կիրակի եւ երկուշաբթի, որպէսզի լիբանանցիներուն փոխանցուի նոր կառավարութեան աւետիսը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ երկու հայ նախարարները առաքելակա՞ն պիտի ըլլան, թէ՞ ոչ, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Սկզբունքով` 14 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ մէկ հայ առաքելական նախարար կ՛ըլլայ, 3 մարոնի, 3 սիւննի եւ 3 շիի: 28 հոգինոց կառավարութեան մէջ այս թիւերը կը կրկնապատկուին, եւ համայնքներու թուային պատկերը կը դառնայ հետեւեալը. 6 մարոնի, 6 շիի, 6 սիւննի, 2 հայ, 4 ուղղափառ, 3 կաթողիկէ եւ 3 տիւրզի: Տրամաբանութիւնը այս կը թելադրէ»:

aztagdaily.com

Տպել Տպել