Հ.Յ.Դ. 125

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Հանդիպումներ Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Պասիլի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցչութեան կապուած հարցեր: Հանդիպումէն ետք Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:…